
Տիպար հայորդի մըն էր տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը։ Հեղինակաւոր եւ հռչակ սփռած բժիշկ, նաեւ մեծ յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած ազգային գործիչ մըն էր ան։
Մասնագիտական հեղինակութեան եւ ընկերային բեղուն գործունէութեան զուգահեռ՝ տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան ընտանեկան տիպար եւ նուիրեալ հայր մըն էր եւ իր կեանքի կողակից՝ Շողակ Յովհաննէսեանի հետ ներկայութիւն էր ամերիկահայ շրջանակներէն ներս։
Ռաֆֆի Յովհաննէսեան անդրանիկ որդին էր Առաքել եւ Տիրուհի Յովհաննէսեան ամոլին, որ բախտաւորուած էր վեց զաւակով։ Ան ծնած էր Երուսաղէմի մէջ, ուր իր ընտանիքը ապաստանած էր 1915 ցեղասպանութենէն խոյս տալով։ Փոքր տարիքին ընտանեօք հաստատուած էին Հալէպ, ուր սկսած ուսումը յաջորդած տարիներուն շարունակած էր Պէյրութի մէջ։ Աւարտած էր տեղւոյն Ամերիկեան համալսարանը եւ ապա մասնագիտական ուսումը կատարելագործելու նպատակով ժամանած՝ Միացեալ Նահանգներ, ուր Ինտիանայի մէջ աշխատած էր երկար տասնամեակներ։ Ներքին հիւանդութիւններու ընդհանուր մասնագէտ դարձած էր եւ մասնագիտացած աղիքներու բնագաւառէն ներս։ Իր բժշկական գործունէութեան օրերուն, իւրայատուկ է մարդասիրական մղումով կատարած աշխատանքը Ափրիկէի մէջ։
Հայ-ամերիկեան առողջապահութեան արհեստավարժներու կազմակերպութեան սիւներէն էր տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը։
Ինտիանայի մէջ աշխատած տարիներուն, ան կը մասնակցէր Շիքակոյի շրջանի համայնքային կեանքին։
Տոքթ. Ռաֆֆի եւ Շողակ Յովհաննէսեան ամոլը բախտաւորուած էր երեք զաւակներով (մէկ մանչ եւ երկու աղջիկ) եւ բազմաթիւ թոռնիկներ։
Վարչական պաշտօններ ստանձնած էր նաեւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն ներս։
Տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, տարիներէ ի վեր կը տառապէր քաղցկեղէ։ Հակառակ բժշկական խնամքին եւ իր ընտանիքի ջերմ հոգածութեան, վերջին շրջանին լրջօրէն վատթարացած էր իր առողջական վիճակը։
81 տարեկան հասակին ան կնքեց իր մահկանացուն խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը, սիրելիները եւ սփիւռքեան բազում շրջանակներ։
Հայ մամուլին հանդէպ խոր հաւատք եւ նուիրում կը ցուցաբերէր տոքթ․ Յովհաննէսեանը եւ միշտ ալ նեցուկ կը կանգնէր «Հայրենիք»-ին։
Տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի մահուան գոյժին առթիւ, «Հայրենիք»-ի ընտանիքն ու խմբագրութիւնը խորազգած վշտակցութիւնները կը փոխանցէ իր այրիին՝ Շողակ Յովհաննէսեանին, զաւակներուն, թոռներուն եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն։