
Կիրակի Նոյեմբեր 6-ին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Նիւ Ճըրզիի Մասնաճիւղը` կազմակերպեց դասախօսական ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, եկեղեցւոյ արարողութեան աւարտին:
Օրուան դասախօսն էր հանրածանօթ գրագէտ, քաղաքագէտ եւ փիլիսոփայ տոքթ. Մարկ Նշանեան էր Զապէլ Եսայեանի “Ժողովուրդի մը Հոգեվարքը“ գիրքին մասին:
Տոքթ. Նշանեան վերլուծեց այս գրութիւնը, որ Հայկ Թորոյեանի ականատեսութիւնն է հոգեվարք գաղթականներուն իր ճամբորդութեան ընթացքին դէպի Իրաք: Ըստ կատարուած հետազօտութեան այս գիրքը միայն գրի առած է Զապէլ Եսայեան կամ իր արձանագրութիւններն են Հայկ Թորոյեանի պատմածին:
Ներկայ էին այս ձեռնարկին գաղութի տարբեր շրջաններէն մշակութասէր եւ գրասէր յիսուն անձնաւորութիւններ, որոնք մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան դասախօսին: Դասախօսութեան աւարտին ներկաները քննարկեցին եւ խօսեցան նիւթին մասին միաժամանակ վայելելով ճոխ պատրաստուած հիւրասիրութիւնը: Յաջող եւ հոգեպարար դասախօսական ձեռնարկ մըն էր որ գոհունակութիւն տուաւ ներկաներուն: