
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
1 Յունիս 2021
Հրաժարեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր ըրածին-խօսածին հետ «քալող»-ները կրկին ու կրկին անգամ հաւաստիք կու տան, որ Ատրպէյճանի հետ ստորագրուելիք նոր համաձայնութիւնը «ամբողջովին համապատասխան է Հայաստանի շահերուն»:
Թէեւ ոչ պաշտօնական, բայց արդէն բացայայտ տեղեկութիւն կայ, որ բանակցութեան դրուած նախագիծին հիմամբ, Ատրպէյճան Հայաստանի տարածքին մէջ պիտի ունենայ քանի մը «կղզեակ», որոնք խորհրդային տարիներուն, Արցախի նման, նուէր տրուած էին իրեն: (Լեզուները չեն չորնար, երբ կ’ըսեն, թէ անոնք ազերիական հող էին, հոն ազերիներ բնակած են. իսկ մենք գիտենք, որ Պաքուն եւ Սումկայիթը հայկական քաղաքներ չէին, հայեր հոն արշաւած էին եւ ազերիները զանոնք ջարդելով ու գաղթի հանելով՝ սխալներ սրբագրեցին…)
Հարցը հիմա այն չէ, թէ նման կարգադրութիւն արդեօք ո՞ր Հայաստանի շահերուն համապատասխան է (մի՛ հաւատաք, երբ չար լեզուները կ’ըսեն, որ Փաշինեան արդէն Հայաստանը կը նկատէ Ատրպէյճանի մէկ մասնիկը, ուրեմն, տեղ մը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շահերը կը նոյնանան): Հարցը հոն է, որ եթէ ԳՐԱՒՈՐ համաձայնութեան մէջ նման վճռորոշ հաստատում պիտի չըլլայ, ո՞վ կրնայ վստահեցնել, որ ԲԵՐԱՆԱՑԻ համաձայնութիւն չկայ արդէն (իսկ եթէ գրաւորին մէջ ալ ըլլայ, մեզի կը մնայ… վարժուիլ): Արցախէն խլուած տարածքներ ԲԵՐԱՆԱՑԻ համաձայնութեամբ նուէր չտրուեցա՞ն, մինչդեռ 9 Նոյեմբերին ստորագրուածը տարբեր բան կ’ըսէր: Իսկ Սիւնի՞քը…
***
Կար ժամանակ, երբ փաշինեանական (եւ լեւոնական) քարոզչութիւնը կը տարածէր այն «գիւտը», թէ Արցախը Ատրպէյճանին զիջելով, Հայաստան հանգիստ պիտի ապրի ու բարգաւաճի: Հիմա, երբ Արցախի մեծագոյն մասը «տուած ենք», մնացեալն ալ սահմանին վրայ դէտերու հաստատման երկնատո՜ւր մտայղացքով կը պատրաստուինք վերջնականապէս կորսնցնելու, կը տեսնենք, որ «Հայաստանը հանգիստ պիտի ապրի»-ի մարգարէութիւնը «չէ քալած»: Ուրեմն, պէտք է նոր «գիւտեր» կատարել: «Սեւ լիճին 30 առ հարիւրին համար պատերազմ ընել կ’արժէ՞» տիտանեան մտածողութեան զուգահեռ, արձակուած են շշուկներ, որ «եթէ Սիւնիքը տանք, Հայաստանը հանգիստ պիտի ապրի եւ բարգաւաճի, ճամբաները կը բանանաք եւ առեւտուր կ’ընենք»:
…Երբ Փաշինեան իշխանութեան հասաւ, յայտարարեց, որ ինք որեւէ գաղափարաբանութիւն չունի, իզմերու չի հաւատար: Մարդուկը հոն ալ ստած է: Անոր իզմ-ը՝ «տանք, որ մնացեալը հանգիստ ապրի»-իզմն է եղեր: Մի՛ քննադատէք Աստուածորդւոյն նորագոյն նմանակը: Ան մաքրակրօն քրիստոնեայ մը ըլլալով (քանի մը առիթով Աստուածաշունչէն մէջբերումներ ըրաւ, կը յիշէ՞ք), լիովին հաւատարիմ է՝ «եթէ մէկը վերարկուդ խլէ, տուր նաեւ շապիկդ» պատգամին: Իր՝ «մենք հպարտ ենք մեր պարտութեամբ»-ը արդէն փայլատակող պատգամ է ամբողջ հայութեան համար, եւ 100 առ հարիւրով կ’երաշխաւորէ մեր շահերը:
***
21 Յունիսին, Արտաւազդը ի վերջոյ դուրս պիտի գայ (եղեր) Մասիսի անդունդներէն, տեսնելու՝ թէ աւերակներու վրայ թագաւորելը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ (եղեր):