Տնտեսական Ճգնաժամ՝ Վոսփորի Ափին

0 0
Read Time:1 Minute, 31 Second

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

«Հիւանդ մարդ»ը կրկին հիւանդացած է ․․․եւ այդ ալ իր ղեկավարին՝ հոգեկան վերիվայրումներէ եւ բարդոյթներէ տառապող հիւանդ սուլթանամէտ նախագահ Էրտողանի պատճառով։

Թուրքիոյ մէջ պատմութիւնը, ըստ էութեան, մտաւոր պառակտման շարժում է, իսկ տնտեսութիւնը՝ դրամական։

Հազիւ քանի մը օր առաջ, թրքական լիրան արժեզրկուեցաւ աւելի քան հինգ առ հարիւր համեմատութեամբ՝ տոլարի դիմաց։ Մէկ օրուան ընթացքին անկումը աւելի քան տասնեակ մը տարիներէ ի վեր չէր պատահած։

Երկրի տնտեսական այս տխուր իրավիճակը ահազանգային է, եւ զայն կարելի է բաղդատել Վենեզուելայի ներկայ կացութեան։

Ըստ կարգ մը դէտերու, կացութիւնը բաղդատել Վենեզուելայի հետ այնքան լուրջ ու մտահոգիչ է, որ կրնայ շատ աւելի քաոսային եզրակացութիւններու յանգիլ։ Նախապէս, լիրայի յաճախակի արժեզրկման դէմ կարելի եղած էր պայքարիլ եւ կացութեան տէր դառնալ, սակայն այս պարագային արմատական է ստեղծուած քաոսային իրավիճակը։

Աւելի կարճ ու կտրուկ նկարագրելու համար փափուկ կացութիւնը, Թուրքիա միջազգային առեւտուրի բաց մը ունի, ուր ներածումը կը գերազանցէ արտածման: Այսինքն՝ ծախսը շատ աւելի է, քան շահը։ Այս բացը գոցելու համար,  օտար երկիրներէ փոխ առնուած գումարն ու ներդրումը կ՚օգտագործուի, ինչ որ պարտք կը գոյացնէ։

Վիճակը կարելի չէ միայն վերագրել Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութեան վատթարացման, յատկապէս ամերիկացի կղերական Անտրու Պրանսընի ձերբակալման, այլ յատկապէս նոյնինքն ղեկավար Էրտողանի որդեգրած գործելաձեւին, որ տարեշրջանի սկիզբէն ի վեր պատճառ դարձած է թրքական լիրայի արժեզրկման 27 առ հարիւր համեմատութեամբ։

Տնտեսութեան նախարար Պերաթ Ալպայրաքը, որ այլ բարձր եւ բանալի դիրքերու վրայ գտնուող անձնաւորութիւններու նման ընտանեկան սերտ կապեր ունի Էրտողանի հետ, տիրող պայթուցիկ կացութեամբ մտահոգուած չի թուիր ըլլալ։ Այսպէս, Էրտողանի փեսան յատկապէս կը կրկնէ իր աներ հօր վերագրումները, թէ պատահածը միջազգային ճնշումներու եւ խափանարարութեան արդիւնք է, վլվլուկի վերածելով լուրջ տագնապը եւ հարցականի տակ առնելով, որտնտեսութեա՞ն թէ անտեսութեան նախարարի պաշտօնն է որ կը վարէ։

Բնականաբար, ներկայ կացութիւնը կրնայ հրահրել Էրտողանը, որ անգամ մը եւս յաւելեալ մօտիկութիւն ցուցաբերէ Ռուսաստանին, որուն հետ արդէն իսկ բաւական տնտեսական եւ ռազմագիտական համաձայնութիւններ կնքուած են ու դեռ ալ կրնան շարունակուիլ, մտահոգելով ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգները, այլ նաեւ ՆԱԹՕ-ն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles