Տիթրոյթ.- Համազգայինի «Արաքս» Պարախումբի Ելոյթը

0 0
Read Time:1 Minute, 6 Second

Ծովինար Հացագործեան

Կիրակի, Նոյեմբեր 12, 2017-ին, Համազգայինի «Արաքս» Պարախումբը, անգամ մը եւս անմոռանալի ելոյթ մը ներկայացուց Տիթրոյթի հայ գաղութին։

Բացումը կատարեց Համազգայինի Տիթրոյթի մասնաճիւղի ատենապետուհի Շողեր Ուրլեանը, որ շեշտեց կարեւորութիւնը հայոց հարուստ պատմութեան եւ աւանդութիւններու պահպանման: Այս գծով, ան շեշտեց թէ աւելի քան 150 մանուկներ, երիտասարդ- երիտասարդուհիներ կը շարունակեն պահպանման աշխատանքը, տոհմիկ պարերու միջոցաւ։

՝Ուրլեան, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, Հ.Յ.Դ. «Ազատամարտ»  Կոմիտէին, Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ, կամաւորներուն եւ անշուշտ Համազգայինի անդամներուն։

Յայտագրի առաջին պարէն իսկ յայտնի էր որ Համազգայինի զանազան տարիքի պարախումբերը, կրկին պիտի ներկայացնէին անզուգական եւ եզակի համոյթ մը։ «Արաքս»ի պարման-պարմանուհիները յայտագրին բացումը կատարեցին «Աւարայր» պարով  ։ Անոնց . «կառուցած» բերդը արժանացաւ ներկաներուն զարմանքին եւ հիացմունքին։

«Հրաշք» խումբի մանուկներուն պարերը յատկապէս յուզում յառաջացուցին ներկաներուն մօտ: Նկատելի էր պարող երեխաներուն ժպիտն ու խանդավառութիւնը, անոնց հպարտանքը՝ ներկայացնելու հայկական տոհմիկ պարերը: Բեմին վրայ, սլացիկ շարժումներով, անոնք յաւելեալ տպաւորութիւն ստեղծեցին եւ ներգրաւեցին հանդիսատեսին սիրտը։

«Յոյս» եւ «Արաքս» խումբերու պարման-պարմանուհիները ինքնավստահ եւ քնքշանքով ներկայացուցին բարդ եւ գեղազարդ պարեր։ Յայտագիրը ճոխ էր աւանդական և ժողովրդական պարերով, որոնց կարգին՝ « Զորնի Թռնկի», «Նարէ», «Սասնայ Պար», «Իլիկներ», «Ալ Այլուղը» և « Մշոյ Դաշտեր»։

Իսկապէս գնահատելի է պարուսոյցներ՝ Նայիրի Կարապետեանի եւ Տիգրան Քալանի  տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ օգնականներ՝ Թամար Շանկէլեանի եւ Ալէն Օհանեանի նուիրեալ գործը։

Անզուգական է Տիթրոյթի Համազգայինի դերը, համախմբելու օտար ափերուն ապրող նոր սերունդը, անոնց հայահունչ ոգիով թրծելու եւ ազգային ոգի սերմանելու:

Բոլորին վարձքը կատար։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles