Գլխաւոր

ՏԻԹՐՈՅԹ .- ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ «ԱՐԱՔՍ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻ ԵԼՈՅԹ

լուսանկարներ՝ Նայիրի Կարապետեան
լուսանկարներ՝ Նայիրի Կարապետեան



Անդրանիկ Գարատօլեան
Կիրակի, Նոյեմբեր 16 թուականը պիտի մնայ ամոռանալի, Տիթրոյթի հայութեան ազգային եւ հասարակական կեանքէն ներս, տեղւոյն «Արաքս» պարախումբի հիմնադրութեան տասնամեակին առթիւ: Seaholm High Scool-ի թատերասրահին մէջ կատարուած ձեռնարկին հանդիսավարն էր Համազգայի երկարամեայ վարչութեան նուիրեալ ու անխոնջ գործունեայ վաստակաւոր ատենապետուհի Հերմինէ Մանուկեան: Ներկայ էին իրենց կողակիցներով՝ Սուրբ Սարգիս Հայաստանեաց Առաքելական, եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր՝ Արժպ. Տէր. Հրանդ Գէորգեան, Արժպ. Տէր Տարօն Քհնյ. Ստեփանեան, Պատուակալ հոգեւոր հովիւ Վերպ. Տոքթ. Վահան Թութիկեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 650 հաշուող հասարակութիւն մը:10788_10204496949135450_1907892305995805578_n_1
Հանդիսավարը իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ըսաւ.-«Մեզի համար չկայ աւելի մեծ ուրախութիւն երջանկութիւն, քան «Արաքս» պարախումբի հիմնադրութեան տասնամեակի առիթով, մեր խորին շնորհակալութինները եւ երախտագիտութիւնը յայտնել ամէն բանէ առաջ՝ ընկերուհի պարուսոյցներուն՝ Նայիրի Կարապետեանի, Լարա Զանազանեանի, Նայիրի Գայսէրեանի, եւ տղոց պարուսոյց պրն. Տիգրան Քալընի: Այս չորս նուիրեալ պարուսոյցներու քրտինքներու արդիւնքն է որ այս ելոյթը պիտի վայելենք քիչ ետք»: Ապա, ան շնորհակալութիւն յայտնեց տասնամեակի այս ձեռնարկի հովանաւոր Տէր եւ Տիկ. Մասիս եւ Մայտա Գայայեան ամոլին, որոնք ամիսներ շարունակ, փորձերու սրահին վարձքը սիրայօժար ստանձնեցին: Նոյնպէս, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բժիշկ ամոլին՝ Յակոբ եւ Այտա Տաքէսեաներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս ամէն առիթով ,օգնեցին պարախումբի ելոյթներուն յաջողութեան, եւ նոյնպէս բոլոր նուիրատուներուն: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան«Ազատամարտ» կոմիտէութեան, Սուրբ Սարգիս Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան, տասնամեակի գրքոյկի յանձնախումբի անդամներուն, ծնողներուն, Շիքակոյի Համազգայինին, «Սարտարապատ» պարախումբի վարչութեան, Տիթրոյթի Հ.Բ.Ը.Մ-ի «Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան» ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնութեան, որոնք սիրայօժար տրամադրեցին փոքրիկներու կարգ մը տարազներ:
2014 HAMAZKAYINՄանուկեան շնորհակահակալութիւն յայտնեց Տիկ. Անի Գարճեանին, Տէր եւ Տիկին Թումաճեաններուն, եւ բոլոր անոնց որոնք սիրայօժար իրենց մասնակցութիւնը բերին պարախումբի ելոյթի յաջողութեան: Մանուկեան իր խօսքը փակեց ըսելով.-«Սիրելի ներկաներ՝ սիրեցէՙք, քաջալերեցէ՚ք, պաշտեցէՙք հայոց գոյատեւումի միակ կռուանը՝ Հայ Մշակոյթը: Համազգային Արաքս պարախումբի հիմնադրութեան տասնամեակի այս ուրախ հանգրուանին, ուզեցի քիչ մը աւելի հանգամանօրէն վեր առնել Համազգայինի տքնաջան աշխատանքներով ծնունդ առած պարախումբին արձանագրած տասնամեայ շօշափելի վերելքն ու յաջողութիւնները, որ ոչ միայն կը հաստատէ ի գործ դրուած ճիգերու պսակումը, այլեւ իր լուրջ գործունէութիւնը՝ կը հանդիսանայ խրախուսիչ գրաւական մը գաղութին հայապահպանման նուիրեալ գործին»:
«Արաքս» պարախումբի հիմնադրութեան տասնամեակի ելոյթը, իսկապէս բարոյական մեծ յաջողութիւն մըն էր, թէՙ պարախումբի պարման-պարմանուհիներուն եւ պատանիներուն, եւ թէՙ նուիրեալ գլխաւոր պարուսոյց ընկերուհի՝ Նայիրի Կարապետեանի, եւ իր երկու օգնական պարուսոյց ընկերուհիներուն՝ Լարա Զանազանեանի, Նայիրի Գայսէրեանի, ինչպէս նաեւ տղոց պարուսույց պրն Տիգրան Քալընի, Համազգայինի վարչութեան եւ օժանդակներուն համար:10408012_671981616253432_7210866125045614358_n

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button