
Թղթակից
Տիթրոյթի Հայ Օգնութեան Միութեան «Զաւարեան» միօրեայ վարժարանի Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15-ին, Ուեսթ Պլումֆիլտի (Օրչարտ Լէյք) միջնակարգ դպրոցի սրահին մէջ: 5-էն 14 տարիքը բոլորող աշակերտութիւնը ներկայ էր տօնական տարազներով եւ Կաղանդ Պապուկի գլխարկներով: Հակառակ ձմեռնային աննպաստ եղանակին եւ ձիւնամրրիկին, մեծ թիւով ծնողներ, մեծ հայրեր, մեծ մայրեր եւ հարազատներ ներկայ էին օրուայ հանդիսութեան, քաջալերելու աշակերտութիւնը: Հանդէսին բացումը կատարեց տնօրէնուհի տիկին Սոնա Վէնտըվէլտ, բարի գալուստ եւ զուարճութիւն մաղթելով ծնողներուն եւ ներկաներուն: Ապա ներկայացուց ուսուցչուհիները՝ Սարա Ոսկեան, Թալին Մարկոսեան եւ Սիլվա Թիւֆենքճեան, յայտնելով շնորհակալութիւն իրենց տարած բծախնդիր աշխատանքին ու զոհաբերութեան համար:
Ապա տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց աշակերտութիւնը, ներկայացնելու իրենց յայտագիրը, որ կազմուած էր Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորեան երգերով եւ արտասանութիւններով: Աշակերտութիւնը յաջող կերպով ներկայացուցին իրենց տաղանդները, ուրախացնելով ծնողներն ու ներկաները: Հանդիսութեան աւարտին Կաղանդ Պապան խոշոր տոպրակներ՝ լեցուն նուէրներով եւ շաքարեղէնով՝ մուտք գործեց, ստեղծելով խանդաւառութիւն: Աշակերտութիւնը Կաղանդ Պապային դիմաւորելով երգեցին ու պարեցին: Իր կարգին Կաղանդ Պապան բոլորին բաժնեց նուէրներ, մաղթելով ուրախ տարի, եւ խոստանալով կրկին հանդիպիլ յաջորդ տարին: Յիշատակելի երեկոյ մը, լաւապէս պատրաստուած յաջող յայտագիր մըն էր: Ծնողներ ու ներկաներ ուրախ սրտով մեկնեցան սրահէն, մաղթելով խաղաղ ու բարգաւաճ Նոր Տարի: