
Շ․ Պասմաճեան
Կիրակի՝ Յունիս 3-ին, Հայ Օգնութեան Միութեան, Մեծագոյն Տիթրոյթի Զաւարեան միօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ ՛՛Լիլեան Արաքելեան՛՛ սրահին մէջ:
Հանդէսին բացումը կատարեց տնօրէնուհի Սօնա Վէնտըվէլտ, որ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա ներկայացուց ուսուցչական կազմը՝ Սարա Ոսկանեան, Թալին Մարկոսեան եւ Սիլվա Թիւֆէնքճեան։ Ան գնահատեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, տարեշրջանի ընթացքին տարած աշխատանքին համար.
Հ.Օ.Մ.-ի պատգամը փոխանցեց Շաքէ Պասմաճեան, իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար շեշտեց հայ դպրոցի կարեւորութիւնը, մանուկներու կեանքէն ներս եւ խնդրեց ծնողներէն որ ամէն Ուրբաթ օրերը իրենց զբաղուած յայտագրէն ժամանակ գտնեն եւ իրենց զաւակները բերեն հայկական դպրոց, ուր իրենց միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ պիտի դրօշմուին հայ լեզուն, մշակոյթը, աղօթքը եւ երգերը:
Յայտագիրը սկսաւ աշակերտներու ՛՛Մեր Հայրենիք՛՛ քայլերգով: 24 աշակերտներ Տիթրոյթի զանազան շրջաններէն ներկայ էին հանդէսին եւ ամենայն խանդավառութեամբ մասնակցեցան յայտագրին: Արտասանեցին, երգեցին, որոնք ընդունուեցաւ ջերմ ծափահարութեամբ մեծ ուրախութիւն պատճառելով ծնողներուն յատկապէս մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն:
Հանդէսին պաշտօնական բաժնի աւարտին տնօրէնուհի Վէնտըվէլտ Հ.Օ.Մ.-ի միջ- վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Շաքէ Պասմաճեանի հետ միասնաբար յանձնեցին իւրաքանչիւրին վկայագիրներ եւ յուշագրով մը պատուեց Նաթալի Մանուկեանը, Կարինէ Մանուկեանը, Անթոնի Միրաշեանը եւ Փաթիլ Ժամկոչեանը, որոնք կանոնաւորաբար եւ յարատեւօրէն յաճախած են դպրոց:
Մեծ հաճոյք է մեր բոլորին համար որ Զաւարեան վարժարանի աշակերտներէն Քաթիա Միրաշեանը եւ Մաթիւ Էօրտէքեանը, Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան շրջանի վարչութեան կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող շարադրութեան առաջնութեան մրցանակը ստացած են: Այս մրցումին կը մասնակցին Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-էն բոլոր հայ վարժարանները: Միջ-Վարչութիւնը յուշագիրով մը պատուեց երկու աշակերտները:
Վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներէն Անտրէ Միրիճանեան վկայա-կանին հետ ստացաւ նաեւ Անգլերէն-Հայերէն բառարան մը:
Հանդէսի աւարտին տնօրէնուհի Սոնա Վէնտըվէլտ, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցչուհիներուն, Հ.Օ.Մ.-ի Միջ-Վարչութեան եւ ծնողներուն:
Հանդէսը վերջ գտաւ Հոգեշնորհ՝ Տէր Հրանդ Քհնյ. Գէորգեանի աշակերտներուն փոխանցած բարի պատգամով եւ օրհնութեանբ: