
1910-ին Ա.Մ.Ն. գործուղղուած Հ.Յ.Դ. քաղաքական-հասարակական գործիչ Եդուարդ Ակնունի հայապահպանման ու հայակերտման տեսլականով խումբ մը համախոհներու հետ հիմը կը դնէր Հ.Օ.Մ.-ի, որու աւելի քան հարիւրամեայ հայանուէր գործունէութիւնն ու համասփիւռ կառոյցը կ՛արդարացնեն իր ծննդոցի հրամայականն ու հեռահար նպատակը։
1978-ին Տիթրոյթի մէջ կազմուած Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղը իր 45-ամեայ երթով կը մարմնաւորէ ազգանուէր առաքելութիւնն ու անմնացորդ նուիրաբերումը։ Ազգային եւ մշակութային մեր արժէհամակարգին հաւատարիմ՝ յառաջիկայ յիսնամեակներ նուաճելու հաստատակամութեամբ պիտի շարունակէ իր լուման մուծել Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի գոյապայքարին։
Տիթրոյթի «Շաքէ» մասնաճիւղի հրաւէրով, Շաբաթ, 15 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Փլիմըթի արուեստի թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Մոնրէալի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը, «Երկու կին մէկ ամուսին» կատակերգութեամբ, բեմադրութեամբ՝ տիկ. Լենա Խաչերեանի։ «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը, որ 50 տարիներէ ի վեր կը ծառայէ բեմարուեստին, այս կատակերգութիւնը ներկայացուցած է նաեւ Պոսթընի, Նիւ եորքի եւ Թորոնթոյի հայ հանդիսատեսին։
Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Գէորգեան, որ անդրադարձաւ Հ.Օ.Մ.-ի առաքելութեան եւ առ այդ տարուած աշխատանքներուն, «Շաքէ» մասնաճիւղի 45-ամեայ երթին եւ նորանոր մարտահրաւէրներ դիմակայելու պատրաստակամութեան: Բարի գալուստ մաղթեց թատերախումբին եւ հաճելի ժամանց ներկաներուն։
«Երկու կին մէկ ամուսին» կատակերգութիւնը կը շօշափէր ընտանեկան դաւաճանութեան թեման, զուգորդուած ընկերային-հոգեբանական դրսեւորումներով եւ խաչաձեւումներով։ Դերասանական կազմի խաղարկութիւնը արգասիքն էր թատրոնի առաքելութեան նուիրեալ եւ խմբային անխոնջ աշխատանքի բովէն անցած անձնակազմին։
Երկար ատենէ ի վեր թատերական ներկայացման կարօտ ունեցող հանդիսատեսը եւս յագեցուց իր ծարաւը…
Անխափան երթ՝ Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ մասնաճիւղին եւ կանաչ ճանապարհ՝ «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին։