ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ` ՀԱՅԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 24 Second

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՕՍՔԸ

P2 OSHAGAN SHAPTVAN KHOSKE

»Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը առաջի օրէն իսկ սխալ նկատեց Թուրքիոյ հետ նմանօրինակ բանակցութիւն վարելը: Հանդիպում ունեցանք Նախագահ Սարգսեանի հետ եւ փոխանցեցինք մեր մտահոգութիւնները, ցոյց կատարեցինք Թուրքիոյ նախագահին այցելութեան առթիւ, փորձեցինք այս միակողմանի եւ խաբուսիկ բանակցութիւնները դանդաղեցնել: Աւելին առաջարկեցինք որ Նախագահը շատ հեռու չերթայ իր բանակցութեանց մէջ, եւ յանկարծ լսեցինք որ համաձայնութիւն գոյանալու հանգրուանին մէջ ենք: Իսկ օրին, երբ դեռ որպէս կուսակցութիւն, երեք նախարարներով համախոհական կառավարութեան մաս կը կազմէինք, ՀայԹուրք համաձանագրին օրինակը  չէինք ստացած…« Կը յայտնէ Հ.Յ,Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Հայկ Օշական:

 

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ

Յունիս 27ին, նախաձեռնութեամբ Հ.Յ.Դ. Տիթրոյթի »Ազատամարտ« Կոմիտէութեան, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային զրոյց մը, նիւթ ունենալով հայթրքական յարաբերութիւնները:
Օրուայ հանդիսավար Ընկ. Կետիկեան, ներկայ հասարակութեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւնը յայտնելէ ետք, ներկայացուց օրուայ զրուցաբեր, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Հայ Օշականը:
Բանախօսը յայտնեց թէ հիմնախնդիր է ՀայաստանԹուրքիա սահմանի վերաբացումը եւ այդ առնչութեամբ, տեղին է սահմանել Հ. Յ. Դ.ի մտահոգութիւնը եւ դիրքորոշումը, եւ հրաժարիլը համախոհական կառավարութենէն:
»Հայաստանի ապագային համար առնուելիք որեւէ որոշում, պէտք է նկատիլ առնել Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի դիրքորոշումները: Թուրքիոյ հետ բանակցութեանց սկսելու որոշման ընթացքին, Հայաստանը պէտք էր նկատի առներ շրջանի քաղաքական հոսանքները ու դիրքորոշումները…»նշեց բանախօսը, որ աւելցուց թէ Խորհրդային անկումէն ետք, Թուրքիան որպէս Ատլանտեան ուխտի ՆԱԹՕի անդամ, սկսաւ խելացի եւ հեռատես քաղաքականութիւն մշակել, դառնալով շրջանի կարեւոր դերակատարներէն մէկը:
»Անցնող 1015 տարիներուն, թուրքիա սկսաւ իր արտաքին յարաբերութիւնը շրջակայ երկիրներու հետ բարելաւել: Սուրիոյ հետ շարունակ կը գործակցի, յատկապէս ջրաբաշխման մարզէն ներս: Վերջերս Պարսկաստանի ընտրութիւնը չքննաադատեց Թուրքիան, այլ շնորհաւորեց Մահմուտ Ահմատինժատի վերընտրութիւնը: Պալքանեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններն ալ բարելաւուեցան…« ըսաւ Օշական, որ յայտնեց թէ տնտեսապէս այնքան մը զօրացած է որ, եղած է Աշխարհի 18րդ տնտեսական ուժը, գերազանցելով Սուէտական Արաբիան:
Օշական աւելցուց թէ թէեւ Կիպրոսի հարցը տակաւին անլոյծ կը մնայ, եւ Յունաստանի հետ իր յարաբերութիւնները տակաւին ցուրտ են, Թուրքիա լաւ յարաբերութիւններ կը մշակէ Եւրոպական միութեան հետ, անոնց բնական Կազ տրամադրելով, կեդրոնական Ասիոյ երկիրներէն: Այս բոլոր գործունէութեան եւ աշխատանքներուն մէջ, Թուրքիա կը հանդիսանայ շրջանի կեդրոնական դերակատարը: Ան ըսաւ թէ Վրաստանի դէպքերէն ետք Ռուսիա իր յարաբերութիւնները սկսաւ բարելաւել Թուրքիոյ հետ: »…Չմոռնանք նաեւ նշելու թէ Թուրքիան միջնորդ է Ատրպէյճանի եւ Արցախի հարցին մէջ: Այսպէս, Թուրքիա յանկարծ դարձաւ կարեւոր երկիր մը, շնորհիւ Միացեալ նահանգներու, Ռուսիոյ, Պարսկաստանի, Սուրիոյ, Իսրայէլի եւ Պալքանեան երկիրներու հետ իր մշակած լաւ յարաբերութիւններու շնորհիւ:  Եթէ հարց տանք Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան թէ ի՞նչու Թուրքիան կարեւոր է,  պատասխանը պիտի ըլլայ հետեւեալը, իրենց պահանջածը աւելի կարեւոր է քան մեր պահանջածը…« յայտնեց Օշական, որ աւելցուց թէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները ջերմ են: Ռուսիա, ներկայիս $500 միլիոն տոլար կը տրամադրէ Հայաստանի: Անոր ներքին կառոյցը կը գտնուի Ռուսիոյ հովանաւորութեան տակ: »Ռուս թրքական յարաբերութեանց սերտացումը, մեզ դժուար կացութեան մէջ կը դնէ: Ռուսիա պարտադրեց որ Հայաստան բանակցութեան մէջ մտնէ Թուրքիոյ հետ: Վրաստանի պատերազմին պատճառով, Հայաստանի արտաքին աշխարհի հետ արեւտուրի հիւսիսի ճամբան գոցուեցաւ, եւ Հայաստան տնտեսական դժուարութեան մէջ ընկըղմուեցաւ: Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ որ Թուրքիոյ հետ սահմանները պէտք է բացուի, Ռուսիա եւ Միացեալ նահանգներու ճնշում բանեցուցին Հայաստանի վրայ որ թուրքիոյ հետ բանակցութեան սկսի: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ունի իր տեսակէտը…Այս բոլոր պարագաները իրենց դերը խաղցան որ  Թուրքիոյ հետ բանակցութեան սկսի: Թուրքիոյ հետ խօսակցութիւնները սկսան տաս ամիս առաջ, երբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կառավարութեան մաս կը կազմէր: Մեզի համար երկու կարեւոր հարց կար այս բանակցութեանց մէջ, որ յստակ դարձաւ ամիսներու թաքուն խօսքերու ընդմէջէն. Առաջին՝ սահմաններու հարցը: Թուրքիա կ‘ուզէր որ Հայաստան ճանչնայ ներկայ սահմաները: Այսինքն, այդ ընելով մենք կը կորսնցնենք մեր հողային պահանջատիրութիւնը: Երկրորդ՝ Ցեղասպանութեան հարցը: Մեզի համար ցեղասպանութեան իւրողութիւնը բանակցութեան հարց չէր : Մեզի համար ով ի՞նչ հրահանգ տուաւ, երբ տուաւ եւ ի՞նչպէս տուաւ, որովհետեւ արխիւները իրենց պատասխանները ունին: Թուրքիան ասիկա էր որ կÿուզէր մտցնել այս բանակցութեան մէջ: Մենք հակառակեցանք բանակցութեան մէջ այս ձեւի գաղափարներուն ներկայութեան, նախագահ Սարգիսեան մերժեց մեր առաջարկներ«, յայտնեց Օշական որ աւելցուց թէ բանակցութիւններու վերջին շաբաթներուն նախագահ Սարգսեան մեզ վստահեցուց որ Թուրքիոյ կողմէ եկած պայման պիտի չընդունի, եւ եթէ ոեւէ յառաջդիմութիւն չըլլայ, բանակցութիւնները պիտի խզէ: Հ.Յ.Դ.ի դիրքը, այդ բոլոր ամիսներուն ընթացքին հետեւեալն էր.
Ա. Թուրքիան է որ սահմանները փակեց: Հետեւաբար  առանց նախապայմանի պէտք է սահմանները բանայ, եւ դիւանագիտական կապ հաստատէ Հայաստանի հետ Երկու երկիրներու միջեւ սահմանները կը գոցուի երբ այդ երկիրները պատերազմի մէջ են: 
Բ. Թուրքիա պէտք է ճանչնայ ցեղասպանութիւնը:
Այնուհետեւ ներկաներուն կողմէ եղան զանազան հարցումններ, որոնց ընկ. Օշական տուաւ լրացուցիչ պատասխաններ: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն :

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles