
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2013, երեկոյեան ժամը 7ին Թրոյ քաղաքի Աթընս (Athens) երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան “Արաքս“ պարախումբի իններոդ տարեկան ելոյթը, ներկայ էին Ս. Սարգիս Առաքելական, Ս. Վարդան Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները: Հ.Յ.Դ.-ի, Հ.Օ.Մ.-ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հրաւիրեալ ներկայացուցիչները եւ մօտ 600-էն աւելի ներկաներ:
Ձեռնարկի հանդիսավարն է Համազգայինի ատենապետուհի ընկհ. Հերմինէ Մանուկեան: Ան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք ըսաւ.- “Այսօրուայ “Արաքս“ պարախումբի 9-րդ պարային ելոյթը, որ դուք պիտի վայելէք քիչ ետք Տիթրոյթի Համազգային մասնաճիւղիս ամենէն կարեւորագոյն գործն է: Արդէն իսկ պարողներու թիւը հասած է հարիւրի: Ինչպէս տեսաք անցեալ տարի` փոքրերու “Հրաշք“ եւ “Յոյս“ խումբերը արդէն առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցան ելոյթին, առաւել ջերմութիւն եւ գոհունակութիւն պարգեւելով, ծնողքներուն եւ ներկաներուն:
Միջանկեալ կ՛ուզենք մէկ բան յստակացնել, որ փոքրերու այս երկու խումբերը նոյն ինքն “Արաքս“ պարախումբի անդամներն են, բաժնուած երկու խումբերու միայն ու միայն տարիքի բերումով: Թող որեւէ ծնողք չի նեղուի, որ իր որդուն խումբի անունը չէ յիշուած յայտարարութիւններու վրայ: Ձեր որդին “Արաքս“ պարախումբին մաս կը կազմէ “Հրաշք“ կամ “Յոյս“ խումբի մէջ ըլլալով հանդերձ:
Անցեալ տարուայ 70-ի հասնող թիւը այս տարի 100ը գերազանցեց: Այս պանդուխտ հողերու վրայ ծիլ առնող փոքրիկը Սարոյական ի՞նչ ոգիով եկաւ ու միացաւ հայ պարողներու խումբին, ձեր աչքերը վկայ: Խնդրութեամբ` շարունակեց ղեկավարել պարախումբը, շարունակեց անոնց պարային իւրաքանչիւր շարժման մէջ դնել բառի եղանակի եւ րիթմի իմաստն ու ձեւը, որ պարողը ամենայն հասկացողութեամբ եւ լիցքով հպարտութեամբ իմաստաւորէ իր ազգային պարերը:
Գալով Լարային` մասնաճիւղս խորապէս գնահատեց իր Օհայօ (Օխօ) չմեկնելու որոշումը, պարախումբը ղեկավարելու գործը գերադասելով: Նայիրեան հունտը նետուած էր մեր ազգի բերրի հողին վրայ ու Լարան դարձաւ ազդու պարուսոյց Նայիրիի կողքին, Նայիրիի հետ:
Այս երկու բացառիկ դէմքերու կողքին կայ մի աննման երիտասարդ` պրն. Տիգրան Գալըն, որ հակառակ ամուսնացած ըլլալուն եւ վերջի կիսամեակին դուստր մը ունենալու կողքին, շարունակեց օգնական պարուսոյցի դերը` մասնաւորապէս տղոց փորձերը ղեկավարելով եւ ընդհանրապէս իր բացառիկ ազնուական վերաբերմունքով եւ գործունէութամբ դարձաւ բոլորին սիրելի ղեկավարը, նման իր ուսուցչուհուն` Նայիրի Կարապետեանին:
Այս երրորդութեան կողքին` “Արաքս“ պարախումբի կազմաւորման օրէն մինչեւ օրս, առաջին տարիներուն, որպէս պարող եւ մենապարող, իսկ վերջին տարիներուն, որպէս պարուսոյցի օգնական օր. Նայիրի Գայսէրեանը, հակառակ համալսարանական իր ծանր աշխատանքներուն, բոլոր փորձերուն ներկայ գտնուած է եւ իր ցուցմունքներով եւ շինիչ թելադրանքներով օգնած պարողներու փորձերուն, մաքրամաքուր երիտասարդուհի բնաւորութեամբ, անձնուիրութեամբ եւ ազգային համոզումներով, օրինակելի պարուսոյց:
Ահաւասիկ սիրելի ներկաներ, շատ հակիրճ փորձեցի բնութագրել մեր “Արաքս“ պարախումբի չորս անփոխարինելի պարուսոյցները:
Իսկ մեր պարախումբի մասին, պիտի թողունք որ իրենք իրենց ներկայացումով ձեզ խօսեցնեն, որ մենք ձեզ լսենք, ոչ մէկ խօսք մեր կողմէ:
Հոս մասնաւոր շնորհակալութեան խօսք ունինք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան “Ազատամարտ“ կոմիտէութեան, որ Համազգայինի “Արաքս“ պարախումբի կազմութենէն մինչեւ օրս մեր փորձերը կատարած են Հայ կեդրոնի սրահէն ներս առանց դոյզն վճարումի, իսկ վերջին 8 ամիսներու պարային սրահներու վարձքը իրենք հոգացած են մեզ համար, թեթեւցնելով միութեանս բեռը: Առանց այս բարիքներուն դժուար թէեւ խումբ կրնայինք ունենալ:
Մասնաւոր շնորհակալական խօսք ունինք Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ քահանայ հօր` Տէր Հրանդ Գէորգեանի եւ Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, որ սենեակ մը յատկացուցած են Համազգայինի “Արաքս“ պարախումբի տարազներու պահարանները զետեղելու եւ մեր երբեմնի ժողովներու եւ փորձերու համար առանց վճարումի:
Մասնայատուկ շնորհակալութիւն Ալեք Մանուկեան վարժարանի անձնակազմին, որոնց թոյլտուութեամբ օգտագործած ենք կարգ մը տարազներ: Իսկ կարգ մը տարազներ ալ բերուած են Համազգայինի Շիքակոյի “Սարդարապատ“ պարախումբէն մեր այս ելոյթին համար, որ մեծապէս շնորհակալ ենք ինչպէս կը տեսնէք սիրելիներ ի՞նչ դժուարութիւններով Համազգայինի “Արաքս“ պարախումբը այս գործը առաջ կը տանի:
Այս բոլոր դժուարութիւնները սիրալիր յանձնարարութիւններու կը փոխուի, երբ կը տեսնենք 100 երիտասարդներ քով–քովի ներկայութիւնը, թեւ–թեւի պարելը հայկական պարեր:
Վերջի շնորհակալութեան խօսքս կ՛ուղղեմ ձեզի սիրելի ծնողներ, ձեր քաջալերանքով է, որ ձեր զաւակները առին առաջին քայլը: Ձեր օգնութեամբ է, որ անոնք կու գան փորձերու: Շարունակեցէք ըլլալ պարտաճանաչ ճիշդ ժամանակին հասցուցէք ձեր փոքրերը փորձերու, որպէսզի գէթ տարին անգամ մը իրենք իրենց շնորհներով գեղեցիկ պարային ելոյթով ըսեն ձեզի: Յարգանք ձեզ“:
Յայտագիրը բաժնուած էր երկու մասերու առաջին բաժինը, կ՛ընդգրկէր ինը իսկ երկրորդը տասը պարեր: Յայտագիրը սկսաւ 1918 Հայաստանի Անկախութեան նուիրուած “Եռագոյն Դրօշակի“ պարով եւ իր աւարտին հասաւ “ֆետայիներու“ նուիրուած խմբային պարով: Բեմին կեդրոնը ու երկու կողմերը “Սլայտ“ով, իրարայաջորդ կը ցուցադրուէր պատմական Հայաստանի ու Արցախի հրաշալի տեսարժան վայրերը, մեր նախահայր ազատատենչ Հայկ Նահապետը, հայոց խորհրդանիշ յաւերժական ձիւնածածկ զոյգ Մասիսները ու Արագած սարը եւայլն:
Երեց պարողները բեմ բարձրանալէ ետք եռագոյն տարազներով իրենց հետեւեցան “Յոյս“ խումբը եւ փոքրիկներու “Հրաշք“ խումբը ձեռքերնին եռագոյն դրօշակներով եւ միացան պարին:
Հարիւր հայորդիներ հասակի կարգով ձեռք-ձեռքի բռնած ուրախ ու կայտառ հպարտութեամբ պարեցին հայոց ազգային, գաւառական եւ տոհմիկ պարեր ի տես բոլորին ինչպէս չհպարտանալ, չհրճուիլ եւ ուրախութեան արցունքներով չդիմաւորել այս օտար ափին հասակ առնող վաղուան հայ պայքարի ջահակիր տղաքն ու աղջիկները: Հայկեան առնականութեամբ ոտքերնուն տակ դղրդացուցին բեմը, արտակարգ խանդավառութիւն ստեղծեցին հասարակութեան մօտ, որոնք (Ապրի՛ք հազար ապրի՛ք, պրաւօ) ծափողջոյններով ու գոչումներով արտայայտեցին իրենց գոհունակութիւնը:
Պարուսոյցները բծախնդրութեամբ ընտրած ու մշակած էին յայտագրի իւրաքանչիւր պար: Զգալի էր հետեւողական եւ լուրջ աշխատանքի արդիւնքը իւրաքանչիւր պարային ելոյթներէն:
Այս փոքրերու սէրը հանդէպ մեր հնամեայ պարերու զարմացուցած էր ծնողներն ու հասարակութիւնը: Ամենայն բծախնդրութեամբ կը ստիպեն իրենց ծնողներուն ճիշդ ժամանակին զիրենք հասցնելու փորձերու եւ փորձերու ժամանակ ալ այնքան եռանդով ու ուշադրութեամբ կը հետեւին իրենց պարուսոյցներու թելադրութեան:
Գերազանց էին “Իրիկնային“ պարի մենակատարները, Նայիրի Գայսէրեան, Գարուն Չօլաքեան եւ պարուսոյց ընկհ. Լարա Զանազանեան: Հայ պարարուեստի արդի չափանիշերով դատած, ետ չէին մնար հայրենի բեմերու կարգ մը արհեստավարժ պարուհիներէն, հայկական ինքնուրոյն տարազի վայելչութեամբ, մարմին եւ գլուխ ուղիղ վեր բռնած, ձեռքերու սլացիկ ու նուրբ հեզասահ շարժումներով եւ ոտքերու համաչափ քայլերով պարեցին ապրումով, ապրեցուցին եւ հմայեցին ներկայ հասարակութիւնը, կարծէք թէ իսկական ժառանգորդներն ըլլային Նայիրեան աղջիկներու հեզաճկուն պարուհիներուն:
Երբ պահ մը յետադարձ ակնարկ մը կը կատարենք Տիթրոյթի Համազգայինի հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան անցեալ 46 տարիներու գործունէութեան, կը տեսնենք անոր արձանագրած աստիճանական վերելքը, որ ոչ միայն կը վկայէ ի գործ դրուած ճիգերու պսակումը, այլ եւ կը հաստատէ լուրջ ու խրախուսիչ գործունէութեան մը գրաւականը:
Տիթրոյթի Համազգային պարախումբ մը ունենալու տարիներու երազը 2004-ին իրականացաւ, շնորհիւ Տիթրոյթի Համազգային մասնաճիւղի անդամներու անխորտակելի կամքին ու ճիգերուն, ինչպէս նաեւ ընկհ. Նայիրի Կարապետեանի սիրայօժար նուիրումին ու զոհողութեան:
Համազգային “Արաքս“ պարախումբի կազմութեամբ նոր շրջան մը բացուեցաւ գաղութիս կեանքին մէջ: Անցնող ինը տարիներու ընթացքին “Արաքս“ պարախումբը, դանդաղ բայց հիմնապէս յեղաշրջեց մեր գաղութի պարարուեստի կեանքը: Պարուսոյց ընկհ. Լարա Զանազանեանի ի գործ դրուած ջանքերուն եւ հետեւողական լուրջ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ ծնողներու եւ հասարակութեան անվիճելի նեցուկին շնորհիւ պարախումբի յաջորդական տարեկան ելոյթները եղան յաջող եւ մէկզմէկէ աւելի գերացանձելի “Արաքս“ պարախումբը իր ելոյթներով մինչեւ այսօր, առաւել չափով գոհացում տուած է պարարուեստի պահանջքներուն եւ բեմը պահած է իր դերին մէջ: Ներկայացուած պարերու բծախնդիր ընտրութիւնն ու լուրջ պատրաստութիւնը նշան է հաւատարմութեան պարարուեստի հանդէպ ինչպէս վերեւ անդրադարձայ, անցնող քանի մը տարիներուն սատար հանդիսացաւ “Արաքս“ պարախումբի յառաջդիմութեան: Այսպիսով “Արաքս“ պարախումբը իր իննամեայ գործունէութեան ընթացքին արձանագրեց հետեւեալ նուաճումները.-
Ա.- Համազգայինը “Արաքս“ պարախումբի ստեղծումով ի մի բերաւ շրջանիս հասարակակից պարման-պարմանուհիներ, անոնց սորվեցուց ազգային հպարտութիւն, մշակոյթ, գաւառային տոհմիկ եւ ազգային պարեր:
Բ.- Ժողովուրդին եւ ծնողներու լայն խաւերու մօտ կրցաւ արթնցնել, տոհմնային եւ գաւառային, հայ պարի հանդէպ հետաքրքրութիւն ու սէր որ աստիճանաբար ներկայիս դարձած է պահանջ: Ատոր ապացոյց են “Հրաշք“ եւ “Յոյս“ խումբերու կազմութիւնը, որոնց թիւը ներկայիս 60 հոգի կը հաշուէ եւ կարեւորագոյն կէտ է պարախումբին տարեկան ելոյթներուն ոչ ոք կը զրկուի, որովհետեւ մուտքի գիները մատչելի` բոլորին համար, ապացոյց ներկայ գտնուող հասարակութեան թիւը, որ եղած է 650-750 հոգի: Ասիկա աննախընթաց երեւոյթ մըն է գաղութիս մէջ վճարովի ձեռնարկի մը համար:
Գ.- Համազգային “Արաքս“ պարախումբը “հայկական տօնավաճառներուն“ օտարներուն ծանօթացուց հայ պարարուեստը: Իւրաքանչիւր տարի ներկայ գտնուող մեծ թիւով օտարները հիացմունքով ու գովեստներով արտայայտուած են:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ “ֆետայիներ“ պարային ելոյթով` ուր պարողներու լման կազմը իւրաքանչիւրի ձեռքին եռագոյն դրօշակ մեծով ու պզտիկով այնքան հպարտութեամբ կարծէք իսկական ֆետայիներ ըլլային, խրոխտ շարժու-ձեւերով եւ վճռակամութեամբ ժողովուրդի ապրումները հասցուցին գագաթնակէտին:
Ժողովրդային խելայեղ խանդավառութեան, ծափողջոյններու եւ գոչումներու մէջ բեմ հրաւիրուեցան չորս պարուսոյցները եւ օրուան հանդիսավարը:
Շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսքերէ ետք ատենապետուհի ընկհ. Հերմինէ Մանուկեան բարձր գնահատելով իրենց ամբողջական նուիրումը, աղջնակ մը ծաղկեփունջեր նուիրեց իւրաքանչիւրին, իսկ ատենապետուհին զիրենք պարգեւատրեց Համազգային մասնաճիւղի անդամներու կողմէ “բացիկ“ներով: