ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

0 0
Read Time:1 Minute, 54 Second

7394dbeb-1b6f-4e74-bcd4-70066805d126

Տարիներու ընկալեալ սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս Տիթրոյթի «Համազգային» Հայ Մշակութային Միութիւնը Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ յարակից «Լիլիըն Առաքելեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր « Գեղարուեստական Ձեռնարկ» նիւթով գեղեցիկ ձեռնարկ մը, որ կ՚ընդգրկէր նուագ, ասմունք, երգ ու պար:
Կիրակի, Ապրիլ 10, կէսօրէ ետք ժամի 1.30ին կատարուեցաւ այս ձեռնարկը, որուն ներկայ էին «Ազատամարտ» կոմիտէութեան եւ քոյր միութիւններու անդամներ, եւ եօթանասունի շուրջ մշակութասէր հասարակութիւն մը:
Օրուայ հանդիսավարն էր Համազգայինի վարչութեան գործունեայ ատենապետուհի՝ Հերմինէ Մանուկեան: Ան, իր բարի գալուտի խօսքին մէջ ըսաւ.- « Ազգի մը գոյապայքարը չորս կարեւոր լծակները կը կազմեն՝ ազգութիւն, հայրենիք, կրօնք եւ մշակոյթ: Տիթրոյթի «Համազգային» Հայ Մշակութային Միութեան անդամները, նոյնացուցած ենք այս կարեւոր ազդակները Հայ Մշակոյթի իմաստով՝ եւ ջանացած որ աշխարացրիւ հայութիւնը յաւերժացնէ ազգային արժէքները՝ լեզու, գրականութիւն, թատերգութիւն, երգ, պար ու արուեստը աշխարհի մէջ: Այս հաւատքով ու համոզումով է որ «Համազգային»ը կազմակերպեց այս մենաշնորհներու հանդիսութիւնը, որպէսզի գաղութի պարման-պարմանուհիները բեմ բարձրանան ու դրսեւորեն իրենց շնորհքները ու արժանիքները, ի բառաբանութիւն ազգային ինքնագիտակցութեան: Կ՚ուզեմ Համազգայինի վարչութեան, եւ Համազգայինի անդամներուն կողմէ շնորհակալութիւն յատնել, եւ շնորհաւորել յայտագրին մասնակիցները»:
Յարգելի հանդիսավարուհին, նախքան յատագրին անցնիլը, խնդրեց ներկաներէն որ մէկ վարկեան յոտնկայս յարգուի յիշատակը՝ անցնող Ապրիլ 1-5ին, Հայաստանի ու Արցախի ինքնապաշտպանութեան մղուած մարտերու ընթացքին իրենց կեանքը զոհած քաջարի զինուորներուն, ամեղ փոքրիկներուն եւ տարեցներուն:
Ապա անակնկալօրէն բեմ հրաւիրուեցաւ հազիւ վեց գարուններ բոլորած Գայիանէ Կարապետեանը, որ դաշնակի վրայ նուագեց Հայաստանի օրհներք՝ «Մեր Հայրենիք»ը յոտնկայս մասնակցութեամբ ներկայ հասարակութեան: Ապա երեք պարմանուհիներ՝ Լիրնա Լաչինեան, Նայիրի Սաղրեան եւ Րէյչըլ Կարապետեան, որոնք Յակոբ Կարապետեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ երգեցին «Կիլիկեան»:
Այնուհետեւ յարգելի հանդիսավարուհին, բեմ հրաւիրեց տիկ. Անի Ուրլեանը, որ ապրումով ու գեղեցիկ շեշտաւորումով եւ առոգանութեամբ ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Հրաշք» բանաստեղծութիւնը: Աւարտին, Համազգայինի «Արաքս» Պարախումբի անդամները պարեցին երկու ազգագրական պարեր: Ապա, բեմ բարձրացաւ Հելենա Պարտագճեանը որ ապրումով երգեց Արցախի ազատագրական պայքարի ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը յաւերժացնող «Դու Իմ Հայրենի» ազգայնաշունչ երգը: Իսկ Յակոբ Կարապետեան դաշնակի վրայ նուագեց դասական գեղեցիկ կտոր մը: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Նարինէ Միրիճանեան, եւ Հերմինէ Տէր Վարդանեան, որոնք յաջորդաբար ապրումով եւ գեղեցիկ շեշտաւորումով ու առոգանութեամբ ասմունքեցին, առաջինը՝ Գէորգ Էմինին «Մենք»ը, իսկ երկրորդը՝ Արամ Գառօնէի «Հայ ժողովուրդին» նուիրուած բանաստեղծութիւնները:
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Համազգայինի «Արաքս» պարախումբի պարման- պարմանուհիներու ազգագրական երկու պարերու ներկայացումով, խլելով ներկայ հասարակութեան «Ապրիք» բացականչութիւնները»:
Կը Շնորհաւորենք Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան վարչութիւնը եւ ընկեր-ընկերուհիները որոնք հաւատարիմ իրենց ստանձնած ազգակերտման առաքելութեան, ջանք չեն խնայեր գաղութին ազգային հասարակական կեանքի ասպարէզէն ներս կազմակերպելով մշակութային նմանօրինակ եւ գեղեցիկ ձեռնարկներ:
Անդրանիկ Գարատօլեան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles