

Տարիներու հետեւողութեամբ, այս տարի եւս Տիթրոյթի Հ.Օ.Մ.ի “Սիպիլ“ մասնաճիւղը Ուրբաթ, Մայիս 9ի երեկոյեան Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ յարակից “Լիլիըն Առաքելեան“ սրահին մէջ կազմակերպած էր Մայրերու նուիրուած ձեռնարկը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը յատուկ կոնդակով մը 2013 հռչակած էր “Հայ Մայրերու“ տարի: Վեհափառ Հայրապետը իր կոնդակին մէջ կը շեշտէ. “Հայու համար ուրիշ է Հայ Մայրը, որպէս հաւատքի, նուիրումի, կամքի ու սիրոյ վաւերական մարմնացում: Հայ մայրը հոմանիշն է յաւիտենական արժէքներու ու երկնաւոր արժանիքներու, գերագոյն իտէալներու ու նուիրումի ձգտումներու, վեհ առաքինութիւններու ու անոր սկզբունքներուն: Հայ մայրը պատուանդանն է մեր գոյութեան, աղբիւրը մեր զօրութեան, միջնաբերդը մեր ինքնութեան, ներշնչարանը մեր պայքարին: Արդ, առանց մօր ճառագայթող ներկայութեան երաշտ է մեր կեանքը: Առանց հայ մօր յանձնարառու մասնակցութեան աղքատ է մեր կեանքը…“:
Սրահի կեդրոնը յատուկ յենարաներու եւ պատերուն վրայ զետեղուած էին, գաղութի մէջ ապրող համալսարանաւարտ սկսնակ արուեստագիտուհիներու ստեղծագործութիւններէն կարգ մը գործեր, աւելի փայլք եւ հետաքրքրութիւն մը յառաջացնելով ներկայ հասարակութեան մօտ: Ներկայ էր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Հրանդ քհնյ. եւ երէցկին Թամար Գէորգեան, Հ.Օ.Մ.ի ընկերուհիներ եւ շուրջ 100 հոգի հաշուող հասարակութիւն մը:

Օրուան հանդիսավարն էր “Սիպիլ“ մասնաճիւղի ատենապետուհի Սօնա Մշիկեան: Ճաշի սպասարկութենէ ետք, Մշիկեան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք յարեց՝ 1910ին, “Ակնունի“ Նիւ Եորքի մէջ հիմնեց Հ.Օ.Մ.ի առաջին Մասնաճիւղը նպատակ ունենալով օգնել տանչուող Արեւմտահայ կարիքաւորներուն, ինչպէս նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել այս օտար ափերուն ծիլ արձակող սերունդին:
Հ.Օ.Մ.ը 104 տարիներ կը շարունակէ իր ստանձնած առաքելութիւնը սփիւռքի 24 երկիրներու մէջ իր մասնաճիւղերով, ինչպէս նաեւ 23 տարիներէ ի վեր վեանկախացած Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախկի մէջ:
1955ին, Տիթրոյթի մէջ հիմնուած է “Սիպիլ“ մասնաճիւղը, որ ցայսօր կը շարունակէ իր ժրաջան առաքելութիւնը, եւ իր համեստ նիւթական կարողութեամբ կ`օգնէ Սուրիահայութեան, Հայաստանի մէջ կը հովանաւորէ աշակետուհիի մը համալսարանական կրթաթոշակը, նիւթապէս կ`օժանդակէ “Նորքի իններորդ մանկատան փոքրիկներուն եւ Տիթրոյթի Հ.Օ.Մ.ի չորս քոյր մասնաճիւղերու հետ իրենց նիւթական նպաստը կը բերէ Հ.Օ.Մ.ի “Զաւարեան“ միօրեայ վարժարանին:
Հանդիսավարը իր խօսքը փակելէ առաջ Հ.Օ.Մ.ի մասնաճիւղերուն անունով շնորհաւորեց ներկայ Մայրերը, եւ ընթերցեց Պարոյր Սեւակի մայրերու նուիրուած “Մօր Ձեռքերը“ բանաստեղծութիւնը:
Յայտագրի գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը բերաւ գաղութի սիրուած դաշնակարուհի Տիկ. Էմմա Պաղտասարեան: Ան ապրումով նուագեց Խաչատուրեանի եւ Մանսուրեանի ստեղծագործութիւններէն մէկական կտորներ եւ իր մշակած կտորներէն մէկը:
Ապա, ընկերուհի Մշիկեան բեմ հրաւիրեց Մէյ Գաֆաֆեանը, որ համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց երեք արուետագիտուհիներու Քէթի Ճէյքըպսի, Անի Կարապետեանի եւ Քրիստին Հաճընեանի կենսագրութիւնները: Երեք արուստագիտուհիները զանազան շրջաններու մէջ մասնակցած են ցուցահանդէսներու:
Ապա, խօսք առաւ Քէթի Ճէյքըպզ: Ան անդրադարձաւ իր մօր կողմէ հայ ծագումին, եւ իր ստացած հայեցի դաստիարակութեան, եւ մանաւանդ Հայաստան իր այցելութիւնը որ մեծ ազդեցութիւն գործած է իր արուեստի բնագաւառին մէջ: Յատկապէս իր գծագրած մարդկային կերպարները ամբողջութեամբ կը բուրեն հայկականութիւն: Միւս երկու արուեստագիտուհիներու եւ իր կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Օ.Մ.ի “Սիպիլ“ Մասնաճիւղի վարչութեան, որ առիթ ու պատեհութիւնը տուին իրենց, հասարակութեան ներկայացնեն իրենց գործերը:
Ապա, Գաֆաֆեան շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագիտուհիներուն իրենց սիրայօժար մասնակցութեան համար եւ զանոնք բեմ հրաւիրեց: Ռիթա Տիլանեան իր ձեռային արուեստի գործերէն “Սիպիլ“ մասնաճիւղին կողմէ իւրաքանչիւր արուեստագիտուհիին խորհրդանշական նուէր մը յանձնեց:
Այնուհետեւ, Մշիկեան ամփոփ կերպով, ներկայացուց 25 տարիներէ ի վեր Հ.Օ.Մ.ի մեծ ընտանիքին իրենց գործնական աշխատանքներով եւ անսակարկ ծառայութեամբ սատար հանդիսացաց երկու վաստակաւոր ընկերուհիները:
Ռիթա Տիլանեան եղած է մասնաճիւղի խորհրդատու եւ անոր գործունէութեան թիկունք: Երկար տարիներ աշխատած է Տիթրոյթի երկու հանրածանօթ օրաթերթերու մէջ: Իր տարիներու աշխատանքի ընթացքին գեղարուեստական մարզին մէջ իր ձեռք բերած փորձառութիւնը ի գործ դրած է Հ.Օ.Մ.ի ընկերային ծառայութեան եւ յատկապէս անոր կազմակերպած ձեռնակներու յաջողութեան: Անշահախնդիր ծառայած է մասնաճիւղին եւ Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան շրջանի Շրջանային Վարչութեանց կազմերուն մէջ: Իսկ, Հերմինէ Մանուկեան, Պէյրութի ազգային կրթօճախներէն ներս դասաւանդած է հայերէն լեզու, եւ ապա Տիթրոյթ հաստատուելէ ետք, Հ.Օ.Մ.ի միօրեայ “Զաւարեան“ վարժարանի մէջ ամերիկածին սերունդներու նուիրումով դասաւանդած է հայերէն լեզուն, եւ ապա ստանձնած է անոր տնօրէնութիւնը մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը: Ան, մաս կազմած է նաեւ մասնաճիւղի վարչութեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպած զանազան ձեռնարկներու յանձնախումբերուն մէջ եւ իր համեստ ծառայութեամբ եւ գործնական աշխատանքով սատար հանդիսացած է անոնց յաջողութեան: Ան, երկար տարիներէ ի վեր անդամ է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, եւ տարիներէ ի վեր ստանձնած է անոր ատենապետութիւնը:
Ապա, Մշիկեան բեմ հրաւիրեց երկու վաստակաւոր ընկերուհիները, մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ առ ի գնահատանք իրենց 25ամեայ նուիրեալ ծառայութեան համար զանոնք պատուեց Հ.Օ.Մ.ի խորհրդանիշ հանդիսացող արծաթեայ գեղեցիկ յուշանուէրներով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Ներկայ հասարակութիւնը ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ