Տիթրոյթի Հ.Օ.Մ.-ի Զաւարեան Միօրեայ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

2 0
Read Time:1 Minute, 21 Second

Նարօտ Քէյվանեան

Շաբաթ, Մայիս 7-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Տիթրոյթի Հ.Օ.Մ.-ի Զաւարեան միօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը։ Բացումը կատարուեցաւ «Մեր Հայրենիք» օրհներգով՝ դաշնամուրի նուագակցութեամբ Լարա Թէլպէլեանի։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Լենա Նազարեան, որ հակիրճ ներկայացուց 2021-2022 տարեշրջանի գրծունէութունն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները, շեշտադրեց Մայրենիի դերակատարութիւնը, որուն նուիրուած էր այս տարուան ամավերջի հանդէսը։

Առաջին բաժնով Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները կատարեցին խմբերգներու շարք մը, որ արժանացաւ ներկաներուն գնահատանքին, յատկապէս՝ «Մեր Լեզուն» (խօսք՝ Համօ Սահեանի երաժշտութիւն՝ Սասուն Պասկեւիչեանի)։ Այնուհետեւ Գ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Մուշեղ Իշխանի «Հայ Լեզուն», իսկ Բ. դասարանի աշակերտները՝ Մայրենիին նուիրուած ծաղկաքաղ մը։ Յայտագրի յաջորդ բաժնով հանդէս եկան Ա. դասարանի փոքրիկները (4-8 տարեկան), որոնք խանդավառեցին ակնդիրները «Ա.Բ.Գ.», «Գլուխ-ուս-ծունկ-մատիկներ» եւ «Ո՞վ եմ ես» երգ ու պարով։ Անոնք նաեւ ասմունքեցին հայոց լեզուին նուիրուած «Ո՜վ մեծագործ» բանաստեղութիւնը։

Աշակերտներէն ոմանք հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ ներկայացնելու երաժշտական կտորներ, որոնց շարքին՝ «Զարթնի՛ր Լաօ»ն ու «Մարտիկի երգ»ը։ Հանդէսի առաջին բաժինը եզրափակուեցաւ «Կարնոյ Քոչարի» ազգագրական պարով, որ մեծ ոգեւորութեամբ կատարեցին Բ. եւ Գ. դասարանի աշակերտները։

Հանդէսի երկրորդ բաժինը յատկացուած էր շրջանաւարտներուն, որոնք յաջորդաբար ներկայացուցին իրենց կտորները.-

Փաթիլ Ժամկոչեան՝ «Արեւմտահայերէնը Սփիւռքի մէջ», Արեգ Ուրլեան՝ Խաչատուր Աբովեան «Ա՜խ, Լեզուն», Սիոն Մուրատեան՝ «Օտարներ Հայերէնի Մասին», Լարա Թէլպէլեան՝ «Ուղերձ»։

Զաւարեան Վարժարանի վեցամեայ ծրագիրը աւարտած շրջանաւարտները ստացան իրնեց վկայականները եւ Հ.Օ.Մ.-ի Միջ-վարչութեան կողմէ աւանդութիւն դարձած նուէրները՝ բառարանները, տիկ. Սիրվարդ Թէլպէրեանի ձեռամբ։

Հ.Օ.Մ.-ի միջ-վարչութեան խօսքը արտասանեց օրդ. Լարա Ներսիսեան, որ վերյիշելով իր աշակերտական տարիները, մատնանշեց դպրոցի երկարամեայ գործունէութիւնն ու դերակատարութիւնը՝ հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ։

Հանդիսութեան աւարտին արժանապատիւ Տէր Հրանդ քհնյ. Գէորգեան բարի երթ մաղթեց շրջանաւարտներուն եւ պահպանիչով փակեց հանդիսութիւնը։

 

Happy
Happy
50 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
50 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles