Տիթրոյթի Հ.Օ.Մ.-ի «Զաւարեան» Դպրոցի Ամանորի Հանդիսութիւնը

0 0
Read Time:2 Minute, 1 Second

Հ.Օ.Մ.-ի Զաւարեան դպրոցի աւանդական դարձած Ամանորի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 20 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5:30-ին, վարձակալուած դպրոցի հանդիսասրահէն ներս։
Հանդիսութեան ներկայ էին Տ. Հրանդ քհնյ. Գէորգեանը, Հ.Օ.Մ.-ուհիներ, ծնողներ և բարեկամներ։
Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի՝ «Մեր Հայրենիք»-ի, յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի ուսուցչուհիներէն օրդ. Նարօտ Քէյվանեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագրին՝ նշելով թէ «ոմանք հաւանաբար կարկամին ու կմկման, բայց անկասկած որ իրենց կարելին է որ կը մատուցեն։ Ներողամտաբար մօտենանք վրիպումներուն, մեր քաջալերանքին արժանացնենք ու խրախուսենք զիրենք։ Գնահատենք իրենց տարած աշխատանքն ու կարճ ժամանակաշրջանի մէջ հնարաւորինս մտապահած երգերով ու ասմունքներով բեմ բարձրանալու փորձը»։
Այնուհետև շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ծնողներուն, որոնց հետևողականութեան շատ բան կը պարտին աշակերտները, ինչպէս նաև ՀՕՄ-ին, որ իր վերջին լուման անգամ չի զլանար Հայակերտման այս դարբնոցը վառ պահելու հայանուէր ճիգին։
Վերջապէս՝ կոչ ուղղեց լաւատեսութեան ու լիայուսութեան բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորելու ամանորը, նշելով որ «Այս տարուան Դեկտեմբերը մեծ անակնկալներ մատուցեց մեզի մշակութային և քաղաքական հարթակներուն վրայ, հաւասարապէս։
Մշակութային առումով, UNESCO-ն մեր տառերը, հայերէն այբուբենը, դասեց աշխարհի մշակութային արժէքներու շարքին։ Համաշխարհային մշակոյթ արժէք համարուող մեր այբուբենին տէր պիտի կանգնինք նախ մենք, մեր աշակերտներն ու մեր ծնողները, մեր սփիւռքն ու մանաւանդ՝ մեր հայրենիքը։ Մեր կարելին ու անկարելին ընենք նոր սերունդի շրթներուն վրայ հնչեցնելու մեր լեզուն։
Քաղաքական առումով՝ անկիւնադարձային էր Ա․Մ․Ն․ Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, ապա Ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ճանաչում մը, որուն ձեռքբերման մէջ առիւծի բաժինը մեր երիտասարդ յաջորդական սերունդներուն տարած տքնաջան աշխատանքին ու անսակարկ զոհողութիւններուն արգասիքն է:
Ապա եզրակացուց՝ « Այսօրուան մեր աշակերտները վաղուան Հայ Դատի զինուորագրեալներն են, որոնք պիտի շարունակեն նախորդ աշխարհացրիւ հայորդիներուն հայանպաստ աշխատանքը, նուիրումի նոյն ոգիով ու աննկուն կամքով»։
Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ Գ. կարգի աշակերտներուն մատուցած ասմունքներով։
«Նոր Տարուան Գիշեր» բանաստեղծութեան միասնական ներկայացումէն ետք, տղաքը հանդէս եկան «Խաղաղութիւն, Խաղաղութիւն» ասմունքով, իսկ աղջիկները՝ Զարհատի «Կաղանդի ծառ» բանաստեղծութեամբ։
Բ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին «Ծնունդի Գիշերը», իսկ Ա. կարգի աշակերտները՝ «Շնորհաւոր Նոր Տարի» Տաղերը։
Այնուհետեւ բոլորը միասին ներկայացուցին ամանորեան երգերու ծաղկաքաղ մը, խանդավառելով ներկաները և ջերմ մթնոլորտ ստեղծելով սրահին մէջ։
Այս տարի հանդիսութեան իրենց բաժինը բերին նաև Զաւարեան դպրոցի նորաբաց մասնաճիւղի փոքրիկները, որոնք յաւելեալ հմայք հաղորդեցին յայտագրին։
Վերջապէս ժամանեց «առատաձեռն» կաղանդ պապան, որու «լեփ-լեցուն» տոպրակէն բաժին հասաւ բոլորին, հայկական աւանդական ամանորեայ սեղանի առատութիւնը խորհրդանշող «չիր ու չամիչ»-էն բացի, փոքրիկներուն բաժին հասաւ այբուբենով զարդանախշուած գրչատուփեր։
Իր սրտի խօսքով ու պահպանիչով հանդիսութիւնը փակեց արժանապատիւ տէր Հրանդ քհնյ. Գէորգեանը։
Ներկաները բոլորուեցան ծնողներուն կողմէ պատրաստուած քաղցրաւենիքի սեղանին շուրջ եւ ամանորեայ բարեմաղթանքներ փոխանակելէ ետք գոհունակ սրտով հեռացան սրահէն։
Թղթակից

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles