
Ստորեւ, լոյս կ’ընծայենք Տիթրոյթի մեր թղթակից Անդրանիկ Գարատօլեանի մէկ թղթակցութիւնը, տեղւոյն Հ.Բ.Ը.Մ.ի »Ալեք եւ Մարի վարժարան«ի 40-ամեայ յոբելինականին առթիւ: »Հայրենիք« յաջողութիւն կը մաղթէ սոյն կրթօճախին, իր կատարած կրթական եւ ազգապահպանման առաքելութեան համար:
Շաբաթ Հոկտեմբեր 10, 2009, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Միշիկըն նահանգի Սաութ Ֆիլտ քաղաքին մէջ գտնուող Հ.Բ.Ը.Մ.ի »Ալեք եւ Մարի Մանուկեան« վարժարանի նորակառոյց շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելեանը, ինչպէս նաեւ երկրորդական բաժինի արդիական նորակառոյց շէնքի բացման հանդիսութիւնը:
Ներկայ էր Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ Պատուակալ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Տիրան Աւգ. Քհնյ. Փափազեան, նորակառոյց շէնքի բարերարներէն մեծայարգ Րիչըրտ Մանուկեան, Նիւ Եորքէն, Հ.Բ.Ը. Մ.ի ուսումնական յանձնախումբի տնօրէն՝ Պրն. Արթուն Համալեան, Սաութ Ֆիլտ քաղաքի քաղաքապետուհի Տիկին Պրէնտա Լ. Լօրէնս, Միշիկընի կեդրոնական համալսարանի մօտ Պայմանագրեալ (Charter ) դպրոցներու գործադիր տնօրէն՝ Պրն. Ճէյմս Կօրնըր,Ամերիկայի զանազան նահանգներէն ժամանած հիւրեր, վարժարանի հոգաբարձութեան անձնակազմը, եւ շուրջ հինգ հարիւր ուսումնասէր հասարակութիւն մը:
Օրուայ հանդիսավարն էր »Ալեք եւ Մարի Մանուկեան« վարժարանի հոգաբարձութեան գանձապահ, Պրն. Տիգրան Քիւրճեան:
Յարգելի հանդիսավարը իր բարի գալուստի խօսքէն ետք ըսաւ.- »Ալեք եւ Մարի Մանուկեան երկրորդական վարժարանի հոգաբարձութիւնը գործակցելով տնօրէնութեան հետ, վարժարանս քառասուն տարիներէ ի վեր առանց ընդմիջումի կը շարունակէ այս ափին կատարել իր ստանձնած ազգապահպանման եւ ազգակերտումի առաքելութիւնը, որուն յարկին տակ ամերիկածին հայ մանուկներ, պարման-պարմանուհիներ կը սորվին հայերէն խօսիլ, կարդալ ու կը գրել Մեսրոպեան սրբատառ Այբուբէնը, ազգային պատմութիւնը, Քրիստոնէական հաւատքը, վիթխարի մշակոյթը աւանդութիւններն ու սովորութիւնները: Կատարուած աշխատանքներուն որպէս երաշխիք տիկինս Մոնան, եւ ես շրջանաւարտ ըլլալով այս վարժարանէն, հաւատալով վարժարանի առաքելութեան մեր երկու զաւակներէն առաջինը անցեալ տարեշրջանին շրջանաւարտ եղաւ, իսկ երկրորդը այս տարեշրջանին: …Այդ գիտակցութեամբ ու հաւատքով, մաս կը կազմեմ հոգաբարձութեան անձնակազմին: Վարժարանիս քառասուն ամեայ Յոբելեանի եւ նորակառոյց շէնքի բացման այս գեղեցիկ հադիսութեան առթիւ, անձիս վիճակուեցաւ ստանձնելու հանդիսավարի այս պատուաբեր պաշտօնը, որուն համար մեծապէս շնորհակալ եմ«:

Ապա յարգելի հանդիսավարը ծանուցեց Ծայրագոյն Պատրիարք, Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.ի Սեպտեմբեր 7, 2009 թուակիր օրհնութեան գիրը, զորը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի նորակառոյց բաժինի պատին վրայ: Նաեւ շնորհաւորական գիր ուղղարկած էր Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Էջմիածնական եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի :
Այնուհետեւ յարգելի հանդիսավար Քիւրճեան, բեմ հրաւիրեց վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ եւ »Lawrence Technological University« համալսարանի պատուակալ նախագահ Տոքթ. Րիչըրտ Մարպըրկըրը, որպէսզի փոխանցէ հոգաբարձութեան խօսքը: Այս վերջինը ըսաւ.- »Որպէս վերածնեալ հայ, կը հաւատամ վարժարանի առաքելութեան, որ պահպանումն է հայ լեզուին ու մշակոյթին: Այս բացառիկ կրթական հաստատութիւնը իր ուսմանկան եւ բարոյական մակարդակով, կը գերադասէ նահանգիս պայմանագրեալ (charter ) վարժարանները: Ինծի համար մեծ պատիւ է ծառայել անձնուիրեալ հոգաբարձութեան կազմին հետ, ինչպէս նաեւ վարժարանի կրթական ծրագիրներու յաջողութեան մէջ գործակցիլ վարժարանի անխոնջ ու նուիրեալ զոյգ տնօրէներուն՝ Դոկտ Յովսէփ Թորոսեանի, եւ Օրիորդ Տայիանա Գզըրեանի հետ:
Ապա յարգելի հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց վարժարանի երկրորդական բաժինի ժրաջան տնօրէն՝ Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանը փոխանցելու տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի խօսքը : Յարգելի տնօրէնը իր շնորհակալութեան խօսքը փոխանցեց, յայտնելով թէ.- »Մեծն Տիթրոյթի հայ համայնքը բախտաւորութիւնը ունեցաւ վայելելու անզուգական բարերար ու հեռատես ղեկավար, ուսման կարեւորութեան հաւատացող հանգուցեալ Ալեք Մանուկեանի ներշնչող ներկայութիւնը: Քառասուն տարի առաջ խումբ մը հայեր, կը խորհէին Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կողքին, հայ դպրոց մը ունենալ գաղութին մէջ : Երազ մըն էր որ իրականութեան վերածուեցաւ շնորհիւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախագահ Ալեք Մանուկեանի բարերարի միջամտութեան:
1969-ի կրթական տարեշրջանին, Հ. Բ.Ը.Մ.ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանը իր դռները բացաւ երկու ուսուցչուհիներով ու տասը աշակերտ-աշակերտուհիներով: Դպրոցին առաջին հունձքը շրջանաւարտ եղաւ 1978-ի կրթաշրջանի աւարտին: Դպրոցի բացումէն քառասուն տարի վերջ, այս ուսումնական հաստատութիւնը, շնորհիւ իր անցեալ թէ ներկայ առաջնորդներու, եւ ստանձնած ազգապահպանման առաքելութեան, կը վայելէ ոչ միայն գաղութին յարգանքը այլեւ կը համարուի նահանգի պայմանագրեալ (charter ) դպրոցներու լաւագոյններէն մէկը: Այդ կը վկայէ տարուէ տարի Մանուկեան վարժարան յաճախել փափաքողներուն թիւին աճը : Դպրոցին համբաւը կը տարածուի իբր բաղձալի ու ապահով, նաեւ կրթական բարձր մակարդակի տիրացած կրթական օճախ: Այս հաստատումին փաստը ստացուած »Ոսկեայ Խնձոր« կառավարական մրցանակներն է : Այս տարեշրջանի ունինք 405 աշակերտներ. առաջին եւ երկրորդ ամիսներուն, աւարտական դասարանի 29- աշակերտները ստացան համալսարանական կրթաթոշակներու գումարը, որ հասաւ չորս հարիւր հազար ամերիկեան տոլար: Այս բոլոր յաջողութիւնները չվրիպեցան բարերարներու Լուիզ եւ Րիչըրտ Մանուկեաններու ուշադրութենէն: Անոնք ընդառաջելով տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան առաջարկին եւ հետեւելով իրենց հանգուցեալ ծնողաց օրինակին, յանձն առին ամբողջութեամբ հոգալու վարժարանի երկրորդական բաժինի նոր շէնքին շինութեան ծախսերը:

Դոկտ. Թորոսեան իր խօսքը փակեց ըսելով.- Մանուկեան վարժարանը գեղեցկօրէն կ’ընդելուզէ Ամերիկեան եւ Հայկական մշակոյթները, շեշտը դնելով պետական լաւագոյն ծրագիներուն վրայ եւ ճոխացնելով զանոնք յաւելուածական Հայ լեզուի, պատմութեան, երգի ու պարի դասընթացքներով : Վարժարանիս հիմնական առաջադրանքն է հայապահպանում, մատղաշ սերունդին ջամբելով 21-րդ դարու համաշունչ կրթութիւն«:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Սաութ Ֆիլտ Քաղաքի քաղաքապետուհի տիկ. Պրէնտա Լ. Լօրէնս, որ յայտնեց թէ.-»Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանի հիմնադրութեան 40 ամեայ տօնակատարութիւնը կը վկայէ այն բացառիկ ծառայութիւնը որ ան մատոյց հայ մանուկներու դաստիարակութեան : Այսօր, այս երկրորդական բաժինի նորակառոյց շէնքի ծաւալումը կ’երաշխաւորէ վարժարանի նախանձելի կրթական դաստիարակութիւնը: Քաղաքապետուհին գնահատեց հայ համայնքի զաւակներուն բերած նպաստը քաղաքի առեւտրական եւ տնտեսական յաջողութեան, ինչպէս նաեւ կարեւորեց քաղաքի զանազան մշակոյթներու գոյութիւնը, որոնք գեղեցիկ խճանկարը կը կազմեն քաղաքիս մշակութային հարստութեան«:
Հ.Բ.Ը.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան ժողովին, եւ իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ուսումնական յանձնախումբի տնօրէն՝ Արթուն Համալեան :

Ան ըսաւ.-»Վարժարանի հիմնադրութեան 40-րդ տարեդարձի այս տօնակատարութիւնը վարժարանի կեանքէն ներս կը նշէ նոր հանգրուան մը, երկրորդական բաժինի գեղեցիկ կառոյցի իրականացումով, որ կը դրսեւորէ Մանուկեան ընտանիքին եւ միութեան հոգածութիւնը նոր սերունդի դաստիարակութեան գործին նկատմամբ սփիւռքահայ մերօրեայ պահանջներուն համապատասխան միջոցներու ապահովումով: … Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանը կը գրաւէ իւրայատուկ եւ առաջնատար դիրք, ոչ միայն Մանուկեան կրթանուէր ընտանիքին անմիջական շրջապատին եւ հոգածութեան ծիրին մէջ գտնուած ըլլալու իր հանգամանքով, այլ մանաւանդ սփիւռքահայ մեր իրականութեան հոլովոյթին հետ ներդաշնակ ընթացքով ինքզինք յաջողապէս վերակազմակերպուած անկախ եւ ինքնաբաւ իրավիճակով :
Շնորհաւորագիր ուղղարկած էր նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախագահ՝ մեթր Պերճ Սեդրակեան : Ան անդրադառնալէ ետք Տիթրոյթի հայութեան դժուարութիւններուն մասին, յայտնեց թէ աշակերտութեան թիւի նուազումով տնտեսապէս ծանրակշիռ կացութեան մատնեց դպրոցը: Սակայն շնորհիւ Մանուկեան ամոլի նախաձեռնութեան, վարժարանը կրցաւ քայլ պահել իր ժամանակին հետ եւ կը շարունակէ ծառայել նոր սերունդի կրթութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան:
»Մենք երախտագիտութեամբ կը նշենք Լուիզ եւ Րիչըրտ Մանուկեաններու այս նուէրը մեր նոր սերունդին: Կը գնահատենք Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանի հոգաբարձական կազմին եւ տնօրէնութեան անցեալ եւ ներկայ անդամներուն, իրենց նուիրեալ, հետեւողական եւ արդիւնաւոր գործունէութեան համար: Կը շնորհաւորենք դպրոցի աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմը, ծնողները եւ շրջանակը դպրոցի 40-ամեակի այս հանգրուանին իրագործուած նոր կառոյցին եւ վարժարանի ընդարձակուող գործունէութեան համար« նշած էր շնորհաւորագիրը:

Ապա խօսք առաւ պայմանագրեալ (charter) դպրոցներու կեդրոնական Միշիկըն համալսարանի մօտ գործադիր տնօրէն Պրն. Ճէյմս Կօյնըր, որ շնորհաւորեց վարժարանի 40-ամեայ յոբելեանը, գնահատանքով արտայայտուեցաւ նահանգի կրթական ծրագիրներուն մէջ վարժարանի արձանագրած բացառիկ յաջողութիւններուն : Իր խօսքի աւարտին բիւրեղ յախճապակիի մը վրայ բորագրուած յաջողութեան մաղթագիր մը յանձնեց տնօրէն՝ Դոկտ. Թորոսեանին:
Այնուհետեւ վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգ բաժինի տնօրէնուհի՝ Օրդ. Տայանա Գզըրեան իր բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսքէն ետք, տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան կողմէ պատրաստուած յատուկ նուէր եւ գնահատագիր յանձնեց վարժարանի անցեալի տնօրէներուն, առաջին ուսուցչուհիններուն, եւ հոգաբարձութեան ատենապետներուն : Ինչպէս նաեւ գնահատական յուշատախտակ մը յանձնեց վարժարանի 40-ամեայ հոգաբարձութեան անդամ, մտաւորական, խմբագիր, գիրքերու հեղինակՊրն. Երուանդ Ազատեանին:
Ապա յոտնկայս ծափողջոյններու տակ բեմ բարձրացաւ նորակառոյց շէնքի բարերարներէն, Րիչրտ Մանուկեանը ըսելու իր սրտին խօսքը:
Պրն. Մանուկեան, շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ըսաւ թէ իր մօր համար առաջնահերթութիւն մըն էր, ունենալ հայկական կրթօճախ:
»Մայրս հոգեկան մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կ’ունենար, երբ վարժարանի յարկին տակ կը տեսնէր հայ մանուկներ, պատանիներ, պարման- պարմանուհիներ: …Ի տես դպրոցին պետական չափանիշներով արձանագրած յաջողութիւններուն, եւ աշակերտութեան թիւի աճին, քրոջս հետ որոշեցինք ընդառաջ երթալ տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան խնդրանքին: Ի յիշատակ մեր ծնողաց ստանձնեցինք երկրորդական բաժինի շէնքի շինութեան ամբողջ ծախսը: Ապա բարերար Մանուկեան իր խօսքի աւարտին, իր, եւ քրոջ կողմէ շնորհաւորեց վարժարանի 40-ամեայ յոբելեանը ու նորակառոյց շէնքի բացումը, յաջողութիւն եւ յարատեւ կենսունակութիւն մաղթեց տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան, իրենց ներկայ եւ յառաջիկայի կրթական գործունէութեան:
Արժպ. Տ. Տիրան Աւգ Քհնյ. Փափազեանի աղօթքէն ու պահպանիչէն ետք, Տիար Րիչըրտ Մանուկեան ընկերակցելով վարժարանի զոյգ տնօրէններուն, եւ հոգաբարձութեան ատենապետին, կատարեց նորակառոյց շէնքին բացումը: Ճոխ գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Արթիւր Աբգարեան եւ իր նուագախումբը, որ հայկական երգերով եւ պարեղանակներով խանդավառեց ներկայ հասարակութիւնը: Խրախճանքը իր աւարտին հասաւ ուշ գիշերին:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ