Տիթրոյթի Հ․Օ․Մ․-ի Զաւարեան Միօրեայ Վարժարանի Ամանորեայ Հանդէսը

0 0
Read Time:1 Minute, 1 Second

Տիթրոյթի Հ․Օ․Մ․-ի Զաւարեան միօրեայ վարժարանի աւանդական դարձած ամանորեայ հանդէսը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 17-ի երեկոյեան։
Հանդիսութեանը ներկայ էին Տէր Հրանդ քհնյ. Գէորգեան, Հ․Օ․Մ․-ի միջ-մասնաճիւղի անդամ ընկերուհիներ, ծնողներ, հարազատներ եւ բարեկամներ։
հանդիսութեան բացումը կատարեց տնօրէնուհի՝ տիկ. Լենա Նազարեան, որ բարձր գնահատեց վարժարանի գործունէութեան սատարող Հ․Օ․Մ․-ի վարչութեան անդամներու նուիրումը, անդրադարձաւ ծնողներու գիտակից ու հայանուէր կեցուածքին, ինչպէս նաեւ շեշտեց դպոց-ծնող-աշակերտ կապի կարեւորութիւնը։ խօսք առաւ Տէր Հրանդ քհնյ. Գէորգեան, որ իր կարգին ընդգծեց Սփիւռքի տարածքին հայ դպրոցի էական դերակատարութիւնը, քաջալերեց ծնողները, աշակերտները եւ կրթական գործին նուիրեալները։ Օրհնելով բոլոր ներկաները խօսքը աւարտեց տէրունական աղօթքով։
Զաւարեան դպրոցի Ուրբաթօրեայ եւ Շաբաթօրեայ դասարանները միասին խանդավառութեամբ ներկայացուցին շարք մը ամանորեայ եւ Սուրբ Ծննդեան երգեր ու Զահրատէն, Մետաքսէէն եւ այլ գրողներէ բանաստեղծական ծաղկաքաղ մը։ Երաժշտասէր աշակերտները զանազան գործիքներով՝ ջութակով եւ դաշնամուրով հրամցուցին տօնական տրամադրութիւն պարգեւող կտորներ։
Ներկաները յատկապէս հիացած էին կրտսեր դասարանի աշակերտներուն աշխուժութեամբ, աշխատասիրութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ։
Իսկ աւագ դասարանի աշակերտներուն կազմակերպուածութիւնը եւ փոքրերուն օգնելու ձգտումը հաճելի մթոլորտ մը կ՚ապահովէր։
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Կաղանդ պապային հիւրընկալութեամբ, փոքրիկները ստացան զանազան նուէրներ եւ իրենց նոր տարուան ցանկութիւնները փոխանցեցին Կաղանդ պապային, որպէսզի ան իրագործէ զանոնք։
Այս տարի առատաձեռն կաղանդ պապան նուէրներ բաժնեց նաեւ ծնողներուն։
Աւարտին աշակերտներն ու հիւրերը համտեսեցին ծնողներուն կողմէ մատուցուած հիւրասիրութիւնն ու քաղցրաւենիքը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles