Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուէմ»ը Հնչեց Պոսթընի Մէջ

0 0
Read Time:1 Minute, 34 Second

p16 m

Հոծ բազմութիւն մը ժամանած էր Պոսթընի Նիւ Ինկլընտ երաժշտանոցի պատմական «Ճորտըն Հօլ» սրահ, ուր շրջանէն ներս առաջին անգամ ըլլալով հնչեց իւրայատուկ գործ մը՝ Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուէմ»ը:
Ձեռնարկը կազմակերպած էր Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկը (Friends of Armenian Culture Society), գործակցաբար Պոսթընի Արդի Նուագախմբային Ծրագրին (Boston Modern Orchestra Project), Հարվըրտ-Ռատքլիֆի Երաշտանոցին եւ Պոսթընի Համալսարանի «Մարշ» երգչախումբին հետ: Յայտագիրը կը կրէր.- «Յետաձգտական Ձայներ: 1915-2015» վերնագիրը:

մաէսթրօ՝ Ճիլ Ռոզ
Մաէսթրօ՝ Ճիլ Ռոզ

Օրուան նկատի առնուած կարեւորագոյն գործը՝ Տիգրան Մանսուրեանի կոթողային «Ռեքուէմ»ն էր: Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն նուիրուած այս հոգեհանգիստը՝ «Ռեքուէմ»ը յօրինուած է 2009-ին, եւ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած՝ 2011-ին, Պերլինի մէջ: Լատիներէն լեզուով պատրաստուած այս ազդեցիկ գործը ներկայացուեցաւ, խմբավարութեամբ Պոսթընի Արդի Նուագախմբային Ծրագրի մաէսթրօ՝ Ճիլ Ռոզի:

Քիմ Քաշքաշեան
Քիմ Քաշքաշեան

Դասական երաժշտութեան մէջ մասնագիտացած երիտասարդ երաժիշտներ ու երգիչներ, իրենց տաղանդն ու ձիրքը ներկայացուցին եւ ունկնդիրն ու հանդիսատեսը փոխադրեցին զգացական եւ խորհրդաւոր աշխարհ մը:
Հմայիչ եւ թովիչ ձայնով սոփրանօ Սերենա Ալեքսանտրա Չորպաճեան եւ պաս-պարիթոն Վարդան Գաբրիէլեան մեծ տպաւորութիւն ձգեցին:
Նախքան Մանսուրեանի այս կոթողային գործը, յայտագրի առաջին մասով ներկայացուեցաւ Կոմիտասի «Ամպոտ Երկինք»ը, Ալըն Յովհաննէսի «Խրիմեան Հայրիկ» գործն ու Պեթի Օլիվեյրոյի «Նէհարոթ, Նէհարոթ»ը: Այս վերջին գործը ներկայացուեցաւ մասնակցութեամբ վիոլայի մասնագէտ Քիմ Քաշքաշեանի, որ հմտօրէն ներկայացուց միջին արեւելեան եւ քլեզմըր եռանգներ ընդգրկող այս գործը: Մետասաներորդ պահուն, Քաշքաշեան փոխարինած էր դաշնակահար Նարէ Աղամանեանը, որ անհանգստութեան պատճառաւ, չէր կրցած ժամանել, ներկայացնելու համար Տմիթրի Շոսթաքովիչի դաշնակի թիւ մէկ հատանուագը:
Գերտպաւորիչ էր Յովհաննէսի գործը, մասնակցութեամբ փողահար Թերի Էվընզի:

փողահար Թերի Էվընզ
Փողահար Թերի Էվընզ

Յովհաննէսի համեմատաբար անծանօթ «Խրիմեան Հայրիկ» գործը, սակաւ առիթներով ներկայացուած է բեմահարթակներէ:
Այս ձեռնարկին մասին անդրադառնալով Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկի նախագահ Արա Առաքելեան կը յայտնէ.- «Հայ ժողովուրդին երկու երրորդը ջարդուեցաւ: Այսօր վերապրողներ կը շարունակեն բարձր պահել հայութեան պատիւն ու հայ մշակոյթը: Ալըն Յովհաննէս եւ Տիգրան Մանսուրեան վերապրողներու շառաւիղին մաս կը կազմեն»:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles