
Արդի ժամանակներուն, լսատեսողական միջոցներու բազմացումով, քաղաքներ կամ երկիրներ աւելի դիւրին կը ճանչցուին իրենց իւրայատուկ խորհրդանիշներով: Այսպէս, օրինակի համար, ճարտարապետ Կիւստաւ Էյֆել իր աշտարակով պաշտօնապէս կնքած է ոչ միայն Փարիզը կամ Ֆրանսան, այլեւ հեղինակին ստեղծագործութիւնը եզակիօրէն անմահացած է իր իսկ ազգանունով:
Անդին, Էտուարտ Էրիքսենի “Ծովանուշ“ համեստ քանդակը հանրութիւնը ընդունած է իբրեւ Քոփենհակընի խորհրդանիշ, որ միեւնոյն ատեն մեզի կը յուշէ Դանիան. Վենետիկն իր Ռիալթոյի կամուրջով, Հռոմը Թրեւիի աղբիւրներով կամ Երեւանը` Քոչարի Սասունցի Դաւիթի արձանով, Թորոնթոն իր Սի. Էն. աշտարակով: Դժուար է պահ մը երեւակայել, որ այդ խորհրդանիշ Էյֆելի աշտարակը չըլլար եւ մեր երեւակայութենէն անհետ կորէր վայրը, կամ պարզապէս` Փարիզը տեսնել առանց իր աշտարակին…
Այստեղ նպատակս է ըստ արժանւոյն գնահատել նման ստեղծագործութիւն մը, որ անտարակոյս ունի բոլոր այդ վերը նշուած տեղ խորհրդանշող յատկութիւնները եւ, աւելի՛ն, ստեղծագործութիւնն է հայ տաղանդաւոր արձանագործի մը: Այս արուեստագէտը, հակառակ իր ժամանակի բոլոր դժնդակ պայմաններուն, խիզախօրէն իրագործած է կոթող մը, որ կարեւոր մասնիկն է եւ զարդը մեր վերջին քառասնամեայ ազգային զսպուած քաղաքական ձգտումներուն: Կառոյց մըն է, որ անտարակոյս գալիք դարերուն եւս պիտի ապրի, քանի հեղինակը ինք միայն ներշնչուած չէ, այլ անով նաեւ ներշնչած ամբողջ ժողովուրդ մը:
Մենք Ենք Մեր Լեռները,
Հեղինակը` Սարգիս Բաղդասարեան
(1923-2001)
Ծնած է Բանազուր գիւղ, Արցախ, Սեպտեմբեր 5, 1923-ին: Եօթը տարեկանին ընտանեօք կը տեղափոխուի Երեւան: 1942-ին կը զօրակոչուի խորհրդային բանակ եւ կը մեկնի եւրոպական ճակատ: 1946-ին կ՛ընդունուի Երեւանի Գեղարուեստի հիմնարկը, որ կ՛աւարտէ գերազանց գնահատականով: Կանուխ տարիքէն արդէն իսկ կը ցուցաբերէ իւրայատուկ լուծումներով քանդակներ, որոնք կ՛արժանանան Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան բարձրագոյն գնահատականներուն: 1954-ին կը դառնայ լիիրաւ անդամ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան: Իր գործերը կը պարփակեն լայն աշխարհագրական կարկին մը:
Յիշեմ մէկ քանին.
1957.- Յունան Աւետիսեան (պղինձ, կրանիթ), Կապան, Հայաստան:
1954.- Ստեփան Շահումեան (պղինձ), Երեւան, Հայաստան:
1954.- Շուշանիկ Կուրղինեանի մահարձանը, Կոմիտասի անուան զբօսայգի, Երեւան, Հայաստան:
1954.- Մրցոյթներ, Աւետիք Իսահակեանի մահարձանը:
1954.- Յակոբ Պարոնեանի յուշարձանը (պազալթ), Երեւան, Հայաստան:
1954.- Զօրավար Ստեփան Գինոսեանի կիսանդրին, Ադխա գիւղ, Վրաստան: 1954 Լենինի յուշարձանը (պազալթ) Սներսքայա, Քրասնոտար, Ուքրանիա:
1973.- Գերագոյն խորհուրդի “Պատուոյ նշան“ տուչութիւն:
Մասնակցած է միջազգային արուեստի փառատօներու` Ռուսիա, Պուլկարիա, Ֆրանսա, իսկ Իտալիոյ` Քարրարայի մէջ կը ներկայացնէ իր ուշագրաւ “Ղարաբաղցիներ“-ը, եւ հուսկ Գանատա ԷՔՍՓՕ՛67-Մոնրէալ:
Խորհրդանիշին Ծնունդը
Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով, 1965-ին աշխարհի տարածքին զանազան յուշահամալիրներ բարձրացան: Օր ըստ օրէ թուլացող խորհրդային կարգերը նոր յոյսեր ներշնչեցին հայ ժողովուրդին: “Մեր հողե՜րը, մեր հողե՜րը“ լոզունգներով ցոյց ընող Հայաստանը կրցաւ իրագործել աննախադէպն ու անկարելին: Երեւանի մէջ Ծիծեռնակաբերդի Եղեռնի յուշահամալիրին իրագործումը եզակի էր իր քաղաքական եւ ճարտարապետական լուծումներու բարդութեամբ: Արցախցին նոյն ներշնչումով, ուշի ուշով դիտեց այս ծաւալումները: Խորհրդային կարգերը այլեւս փոխուած էին:
Իբրեւ անուանի քանդակագործ` Սարգիս Բաղդասարեանը իր շօշափած նիւթերով կը դրսեւորէր Արցախի ժողովուրդին ազգային ներշնչումները: Եւ ճիշդ 1965-ին, նախածրագրուած կամ ինքնաբուխ, հաւանականօրէն Լեռնային Ղարաբաղի վարչութեան անպաշտօն հրաւէրով, արուեստագէտը առաջին անգամ Ստեփանակերտի մէջ կը ցուցադրէ իր ամբողջական գործերը: Նոյն հաւանականութեամբ իրեն կը թելադրուի հանրութեան համար ստեղծել կոթող մը, որ արտայայտէ արցախցիին կամքն ու մխացող ձգտումները: Հուսկ, հիմնական գաղափարը կը ծնի աւելի մեծ ծաւալով Ղարաբաղի մէջ յուշարձան մը կանգնեցնելու: Իր “Ղարաբաղցիներ“ պղնձացոյլ արձանը կը դառնայ նոր յուշարձանին մեկնակէտը, իսկ պատուէրը իրագործելը կը տեւէ երկու տարի:
Վերջապէս, 1967-ին կը ծնի “Մենք ենք մեր լեռները“ (տուֆ) յուշարձանը, որ կը տեղադրուի Ստեփանակերտէն դուրս, ամայի եւ անշուք բլրակի մը վրայ: ՄԵՆՔ ԵՆՔ անուանումը հաւանական է, որ խոտոր կը հնչէ ազերի ղեկավարութեան ականջին եւ կը քննադատուի: Պէտք է յիշենք նաեւ, որ խորհրդային անծայրածիր կայսրութեան մէջ նման ազգամիջեան խնդիրները այն ատեն կը լուծուէին տարբեր եղանակով: Մեղմացնելու համար կիրքերը եւ ամոքելու համար Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը, 1969-ին, ի պատիւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի զոհուածներուն, արուեստագէտը կը պատրաստէ յուշարձան` նուիրուած Չարդախլուի զոհերուն, Չարդախլուի մէջ, Խ. Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն:
Մենք Ենք Մեր Լեռները
Այս կոթողը ունի կրաւորական նիստ մը` զետեղուած ճամբուն եզրին, ամայի բլրակի մը վրայ Ստեփանակերտէն քիչ հեռու, Խոջալուի (այժմ Իվանեան) ճանապարհին: Բաղդասարեանին հայրը Իվանը` արհեստով շինարար էր եւ քարկոփ: Իր հօրմէն ժառանգած շինարարական փորձառութիւնը կ՛ընծայէ իրեն կոթողային խնդիրները լուծելու կարողութիւնը: Քանդակը ունի պեթոնի եւ տուֆ քարի երեսապատուած միաձոյլ շէնքի կառոյց: Այս ծանր կրաւորական զանգուածը իր անուանակոչութեամբ կը կրէ նաեւ խորհրդաւոր գաղտնիքներ: Այր եւ կին են մարմնապէս` մինչեւ իրենց վիզերը թաղուած մակերեսէն վար, անոնց ոտքերը կը դպչին հողի ընդերքին: Անոնց այս դիրքը դիտողին կ՛ընծայէ մեկնաբանութեան ընտրանքը` աւազախրումի կամ վերջնական յարութեան: Անոնցմէ խլուած են ձեռքերու արտայայտութիւնը: Լուռ են, կնոջ բերանը փակ է հինգ աստիճան կապով մը, մինչ տղամարդունը` հազիւ նշմարելի: Անոնց արտայայտութիւնը նաեւ ունի մոնալիզայական խորհրդաւորութիւն: Տանջուած եւ համբերող կը թուին ըլլալ, սակայն ունին հեգնական ժպիտ մը` ժամանակաւոր այս կացութեան: Օտար դիտողին համար, առանց տեղւոյն պատմութիւնը իմացած ըլլալու, հաւանական է, որ պիտի նոյնացնէր Զատիկ կղզիներու ծովափին շարուած կամ ալ Նեմրութ լերան ցիր ու ցան զգետնուած դիւցազնեան գլուխներուն:
Կոթողին տեղադրումն ու արտայայտչական ընտրութիւնը, ըստ ինքեան, կը թուին ըլլալ արդիւնքը բծախնդիր ծրագրաւորման մը իր խորհրդատու պատուիրատուներուն: Գործածուած է չափազանց զգուշութիւն` օրուան ազերի վարչակազմը որեւիցէ կերպ չգրգռելու, միեւնոյն ատեն` ամբողջութեամբ կարենալ արտայայտելու արցախցիին խոր ձգտումները: Այս պատճառով իսկ տեղացին զայն կ՛անուանէ “Մամիկն ու Տատը“:
Բաղդասարեանի Կոթողին Ուժը
Յետստալինեան քսանականներու տխուր որոշումին` Ղարաբաղը Ատրպէյճանին իշխանութեան յանձնելուն հետ, տեղւոյն հայութիւնը երբեք չէր հաշտուած բիրտ կացութեան: Երկար տարիներ սպասողական դիրքի վրայ մնալէ ետք, զանազան պարագաներ պատճառ դարձան, որ ժողովուրդը տուեալ առիթները օգտագործէ դրսեւորելու իր զսպուած ցասումը: Շատ անգամ, լոկ արուեստի միջոցով արտայայտութիւն մը, բազմիցս աւելի ազդեցիկ կ՛ըլլայ, քան‘ քաղաքական արիւնալի պոռթկումները: Ահաւասիկ այս կոթողը իր ժամանակին արցախցիին կամքին խաղաղապաշտ արտայայտութիւնը եղաւ` ուղղուած ազերի համակարգին:
Իւրաքանչիւր նման կոթող, նախքան իր վերջնական ընդունելութիւնը, առանց բացառութեան, միշտ կ՛անցնի երկունքէ մը: Նոյնիսկ Էյֆելի աշտարակը ունեցած է Վիքթոր Հիւկոյի նման իր անուանի հակառակորդները: Այս կոթողի պարագային, գեղագիտականէն շատ հեռու, եղած է եւ տակաւին կը մնայ քաղաքականը:
Նախ արցախցին, ապա արուեստագէտը, իր պատուիրատուներուն հետ միասին, բացումէն միայն 24 տարիներ ետք, անոր ընդմէջէն, տեսան Ղարաբաղի անկախութիւնը: Ասիկա յիրաւի կարելի է սեպել մե՜ծ յաղթանակ մը: Սակայն այս կոթողը տակաւին սպասման մէջ գտնուելու լուրջ պատճառ մը եւս ունի: Այնքան ատեն որ միջազգային քաղաքական հանրութիւնը տակաւին կը մնայ անվճռական եւ չի ճանչնար Ղարաբաղի ամբողջական անկախութիւնը, այս կոթողը պիտի շարունակէ իր սկիզբի առաքելութիւնը:
Նախորդ ամիս Ղարաբաղը տօնեց իր անկախութեան 22-րդ ամեակը: Նորածին հանրապետութիւնը դարձաւ մանուկ, ապա պատանի, իսկ այժմ արդէն թեւակոխած է իր երիտասարդութիւնը: Այս տարեփոխութիւնը դէպի ճանաչում խոստումնալից է, եւ այս կոթողը համբերութեամբ կը սպասէ այդ մեծ պահին` ամբողջացնելու համար իր իսկ առաքելութիւնը, որուն համար ի սկզբանէ կոչուած է:
Վստահաբար, միայն այդ հանգրուանէն ետք, Բաղդասարեանին այս կոթողը պիտի ստանայ նոր շուք եւ թարմ կոչում: Փոխան իր աննշան եւ ամայացած դիրքին` պիտի դառնայ կիզակէտ եւ բարգաւաճ հաւաքատեղի մը բոլորին համար, իսկ յատկապէս` արցախցիին ինքնավստահութեան եւ կամքի ուժի մկրտութեան եւ երդման վայր:
Արուեստագէտին Պատգամը
Նման կոթողներու հեղինակներուն հանդէպ ժողովուրդներու գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը բազմազան են: Մինչ մին անմահացուցած է գործ մը իր հեղինակին անունով, ուրիշ մը կ՛ընտրէ մնալ անտարբեր, կամ ալ կը մոռնայ նոյնինքն հեղին%