
Տիգրանակերտի (Տիարպաքիր) Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններէն վերջ, բարեզարդման համալրումն ու կատարելագործումը կը շարունակուի։ Պոլսոյ «Ժամանակ»-ը կը տեղեկացնէ, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելած է Տիգրանակերտ։ Պաշտամունքի վերաբացումով հանդերձ առկայ պակասներու համալրման առաջադրութեամբ կազմակերպուած այցելութիւն մըն էր այս մէկը։
Ըստ Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրներուն, նորին սրբազնութիւնը այցելութեան ընթացքին տաճարի մուտքին զետեղել տուած է կարգ մը ազդանշաններ եւ ցուցանակներ, որոնք կ՚ազդարարեն, թէ այցելուները ինչ բաներէ ձեռնպահ պէտք է մնան սրբավայրէն ներս։ Միեւնոյն ժամանակ տեղադրուած են Սուրբ Կիրակոսի եւ Մոր Յիւղիտայի վարքերուն կարեւոր գիծերը՝ հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ տաճարի ներքնամասին մէջ Աւագ խորանին ճակատը բաժակի, իսկ քովնտի սեղաններուն ճակատները Գառն Աստուծոյի ոսկեզօծ քանդակներ տեղադրուած են։ Աւագ խորանի քովնտի՝ չորս աւետարանիչներուն ընծայուած սեղաններուն սրբանկարները վերստին կը ցուցադրուին տեղւոյն չափերուն համեմատ։ Եկեղեցւոյ բեմի սուրբ քանդակն ալ ոսկեզօծուած է։