
Read Time:21 Second
ՊՈԼԻՍ («Ակօս»).- Տիգրանակերտի Սուր գաւառին մէջ» աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր շարունակուող բախումներու եւ կրակոցներու արդիւնք, վնասուած է հայ կաթողիկէ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին:
Մասնաւորաբար, վնասուած են եկեղեցւոյ պատերն ու պատուհանները: Այդ տարածքներուն մէջ, ուր բախումներ տեղի կ՛ունենան, այլ եկեղեցիներ ալ կան: Արդէն շուրջ երկու ամիսէ ի վեր, այդտեղ ոչ ոք կրնայ մուտք գործել: Այս գծով, Հայ Առաքելական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը նահանգապետին հետ հանդիպում ունեցած է: