
Տիգրանակերտցի Արտուշ գրասէր է, հայերէն գիրքերու գրադարան ալ ունի տունը: Սարկաւագ է: Հիմա յառաջդիմած է, համակարգիչ ունի, Հայաստանի եւ սփիւռքի թերթերը կը կարդայ: Ինչպէս ինք կ’ըսէ, տուն զգալու եւ հոսանքին մէջ ըլլալու համար: Եթէ թերթ չկարդացող սփիւռքի ղեկավարները Արտուշին չափ հայ կեանքին հետեւէին, լաւատեղեակ կ’ըլլային եւ օգտակար գործ կ’ընէին: Թէեւ թաղի ազգին խելք բաժնող «ծագումով հայերը» Արտուշը փախուկ կը համարեն:
Հայերով բնակուած արուարձան քաղաքի հայ նպարավաճառի խանութը գացեր էի ձաւար գնելու: Եթէ թրքերէն չգիտնայի առանց գնում ընելու տուն պիտի վերադառնայի: Ձաւարը հոն էր, բայց լատինատառ գրուած էր boulgour: Վաճառողէն խնդրեցի, որ մէկ քիլօ ձաւար տայ: Ան ինծի նայեցաւ, չհասկնալով թէ ի՞նչ կ’ուզէի: Ձեռքով ցոյց տուի խոշոր սպիտակ լաթէ տոպրակի մէջ բազմած ձաւարը: Վաճառողը քիչ մը զայրացած, ըսաւ. «Ամէն մարդու պէս պուլկուր ըսէ, որ հասկնանք»: Պահ մը տատամսեցայ, պատասխանե՞մ, թէ՞ ոչ: Բայց պարտուած չըլլալու համար, ըսի. «Հայու վաճառատուն է, դուն ալ հայ ես, ես ալ հայ եմ, ասոր անունը ձաւար է»:
Երբ գնումս ըրած դուրս կու գայի վաճառատունէն, Արտուշ միացաւ ինծի: Քալելով զրուցինք: Աւելի ճիշդ, Արտուշ խօսեցաւ մինչեւ հանրակառքի կայանը:
– Պարո՛ն Մակար, դուք նեղանալու իրաւունք ունիք, բայց Թուրքիայէն եկած հիները եւ նորերը երբ պոլկուր կ’ըսեն, պէտք չէ զարմանալ: Ի՞նչ պէտք է ըսել Հայաստանի մէջ գործածուող հազարաւոր օտար բառերուն համար, որոնց շարքին մեծ թիւով թրքերէններ ալ կան, բայց նաեւ ասդիէն անդիէն որպէս բանգիտութիւն գործածուող օտար բառեր: Հայաստանով մտահոգ, ամէն օր համացանցով այնտեղի թերթերը կը կարդամ, յաճախ կը յուսահատիմ, չեմ հասկնար: Այսօր կարդացի խորագիր մը, բան չհասկցայ: Գրուած էր. Հերթական օպտիմալացման պոտենցիալ զոհերը: Հերթականը եւ զոհերը հասկցայ, բայց ի՞նչ է սա օպտիմալացման պոտենցիալը: Թերթը պէտք է, որ գրուած էջին տակ, բառարան մը դնէ, որ մենք ալ հասկնանք: Հոս եթէ պուլկուր կ’ըսեն, կարելի է արդարացում գտնել, բայց Հայաստանը հայրենիք է, անոր պաշտօնական-պետական լեզուն հայերէնն է: Խնդրեմ, ըսէ՛ք, ո՞ր հայերէն բառարանին մէջ պէտք է գտնել օպտիմալացման պոտենցիալը:
Հանրակառքը եկաւ եւ բաժնուեցանք:
Հանրակառքի թաւալումին հետ միտքերս ալ կը թաւալէին:
Որոշեցի յաջորդ անգամ երբ գնումի երթամ, վաճառողէն ներողութիւն պիտի խնդրեմ: Ան երբ կ’ըսէ պուլկուր թուրքի տիրապետութեան հետեւանք է, յանցանք չէ:
Բայց յանցանք է օպտիմալացման պոտենցիալը, որ հայուն լեզուն կ’այլասերէ իր հայրենիքին մէջ, կը զոհէ:
Որո՞ւ եւ ո՞ւր բողոքել:
Բողոք լսո՞ղ կը գտնուի՞:
Կը խնդրուի հասցէ ղրկել:
Մակար ի Գաղիա, 1 Յունիս 2022