

Օտար ափերուն ծնած Տիգրանակերտցի արմատներով երեք երիտասարդուհիներ Ռոզ Գանտարճեան, Երազ Մէսջեան եւ Անի Ջաթմաճեան, գաղափարը ունեցան ընտանեկան վերամիացման հանդիպում մը ծրագրել եւ գործադրել: Հoրաքոյր, մօրաքոյր, զարմիկներ ոչ Տիգրանակերտցի ամուսիններ…եւայլն ընդհանուր թիւը, 75 հոգի: Հաւաքուած ենք ԲԱՐԵՒ (ya hala) միջին արեւելեան ճաշարանը:
Մուտքի սեղանին վրայ Երազ Մէսջեանի պատրաստած կուրծքի պիտակներն են ուր իւրաքանչիւր անձի անունը, ազգանունը, եւ գերդաստանը նշուած է: Հպարտութեամբ կը տեղաւորենք մեր կուրծքին: Ընդհանուր խանդավառութիւն, գրկախառնութիւններ, արցունք ու խնդուք: Մեր հասակակիցները արդէն յառաջացած են տարիքով, իսկ մեր գիտցած փոքրերն ու պատանիները արդէն չափահասներ են դարձած: Ճաշարանի մէկ կողմը, Անի Ջաթմաճեանի եւ Ռոզ Գանտարճեանի բծախնդրօրէն պատրաստած իւրաքանչիւր գերդաստանի “ծառ“ն ու հին նկարներու ցուցադրութիւնն է: Խռնուած ենք նկարներուն մօտ: Կը տեսնենք մեր ծնողները որ մեզ հետ չեն այլեւս: Կը տեսնենք մեր մանկութիւնը, պատանութիւնը որ անդարձ կորած է արդէն:
Պահ մը կ’անջատուիմ ու կը մտածեմ որ այս երեք երիտասարդուհիները Եղեռնէն ազատուածներու երրորդ սերունդ են արդէն, անոնց տատը եւ պապը Եղեռնէն ազատուած մանուկներ կամ պատանիներ են եղած, եւ հիմա արդէն իրենց զաւակները թոռներով ու ծոռներով ծիլ նետած ահաւասիկ 15 գերդաստաններ հաւաքուած են այստեղ:
Չեմ ուզեր տխուր մտածումներ ունենալ, ապրեցանք չէ՞ կը մտածեմ ումպ մը գինին կուլ տալով:
Երազ Մէսջեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ճաշարանատէրը` Թալին Գարակիւլլէեան յայտարարեց որ անակնկալ նուէր մը ունէր մեզ համար: Երգիչ Կարօ Կոմիտաս իրապէս ջերմացուց մթնոլորտը: Տիգրանակերտի բառբառով ու հարազատ առոգանութեամբ երգելով, իսկ ներկաները Քէֆչի տիգրանակերտցիներ` առանց տարիքի խտրութեան, մեծ հաճոյքով պարեցին:
Դարձեալ կանջատուիմ ու ետ կ’երթամ: Տասը տարի առաջ, երրորդ անգամն է որ Արեւմտահայաստան ենք, բայց առաջին անգամն է որ Տիգրանակերտ կ՛երթանք: Քաղաքի նեղ փողոցներէն դէպի Ս. Կիրակոս եկեղեցին կը քալենք: Մեր առաջնորդը` “աս ալ Քիլտանիներու եկեղեցին է“ կ’ըսէ: Մօրս ձայնը քունքս կը մրճահարէ ու կը յիշեմ: “Մեր տունը ճիշտ Քիլտանիներու եկեղեցիին դիմացն էր“: Եկեղեցիին հանդիպակած պատին կը նայիմ, կապոյտ դուռ մը կայ, միայն մէ’կ հատ: “Մամայիս տունն է“ կ’ըսեմ վազելով: Մեր առաջնորդը` “Ներս չմտնես“ կը զգուշացնէ: Ես արդէն մօրս տան բակն եմ: Քրտուհիներ ոտքի կ’ելլեն ու կ’աճապարեն իրենց դէմքը ծածկել: Չգիտցած թուրքերէնովս “պէնիմ աննամ պուրտա“ Իմ մայրս այստեղ է կ’ըսեմ լալով: Կը հասկնան ու “մենք այս տունը տասը տարի առաջ միայն առած ենք“ կ’ըսեն: Կ’արծես կուզեն հասկցնել թէ ջարդերուն ու կողոպուտին մաս չեն կազմած: Իսկ ես վերի յարկը կը վազեմ, սենեակները կը մտնեմ ու անդադար կը նկարեմ: Դուրս ելած ատենս “մեր տան հոգ տար“ կ’ըսեմ ու կը հեռանամ: Կը քալենք եւ շուտով կը հասնինք Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որը հսկայ ուղղանկիւն կառոյց է, մարմարէ կամարներով, անգոյ առաստաղով, բացօդեայ եւ արեւով ողողուած:
Կը սթափիմ անցեալէն: Կ’անդրադառնամ որ մեր գերդաստանէն միայն ես ու մօրաքրոջս թոռնուհին` Անի Ջաթմաճեանն է որ այցելած ենք Տիգրանակերտի մեր պապենական տունը: Շուրջս երգ ու պար է: Եւ ի՜նչ լաւ է: Կարոյի երգելէն ետք, յաջորդաբար 91 տարեկան Մկրտիչ Մայպալեան եւ իր փեսան Յարութ Չաթմաճեան զուարթ երկխօսութիւն մը կը կատարեն լաւ խնդուք պատճառելով ներկաներուն: Տիգրան Մինասեան, զուարճալի անէքթոտներ պատմեց, մեզ Տիգրանակերտ փոխադրելով եւ Տիկ. Զապէլ Գանտարճեան, շարունակեց ստեղծուած հաճելի մթնոլորտը հէքեաթներ եւ դրուագներ պատմելով: Բոլորն ալ հարազատ ու զուլալ Տիգրանակերտի բարբառով եւ առոգանութեամբ կը խօսէին, մեզ իրապէս Երկիր տանելով: Ապա Հրանդ Մարգարեան իր կարճ խօսքին մէջ շեշտեց տիգրանակերտցիին հպարտութիւն առթող իրողութիւններ` Մեծն Տիգրան` որու թագաւորութեան ընթացքին Հայաստան դարձաւ ամենահզօր պետութիւն: Տիգրանակերտ ծնած Հայկակ Էկինեան` Ամերիկայի հայ լրագրութեան հիմնադիրը, որ հրատարակեց Ա.Մ.Ն.-ի առաջին հայ թերթը` “Արեգակ“ շաբաթաթերթը Նիւ Ճըրզիի մէջ: Թովմաս Չարշաֆճեան, որ1899-ին Նիւ Եորքի մէջ սկսաւ հրատարակել “ՀԱՅՐԵՆԻՔ“ Շաբաթաթերթը, որ տակաւին կը հրատարակուի Պոսթընի մէջ: Յիշեց նաեւ հռչակաւոր նկարիչ տիգրանակերտցի Յովսէփ Փուշման:

Իսկ ե՞ս արդէն հօրս գիւղն եմ սլացած, Սաթու Գեղ: Առաւօտ արեւածագին կը հասնինք մեր առաջնորդին հետ: Գիւղի կեդրոնը, բացատին մէջ, տան մը պատին մօտ, մի քանի տարեցներ թաւլու կը խաղան: Ուրեմն այս բացատին մէջ էր որ գիւղի այրերը հաւաքած եւ պարաններով իրար կապկպած են: խուժանը տապարներով կը յարձակի անզէն հայերուն վրայ եւ արիւնլուայ կը զգետնէ բոլորին: Հայրս այդ խումբին մէջ էր, թեւերը հաստ պարաններով մէկ կողմէն հօրը եւ միւս կողմէ իր մեծ եղբօր թեւերուն կապուած: Յարձակումէն ակնթարթ մը առաջ ոստիկանապետը կը մօտենայ եւ ձեռքի դաշոյնով երկու թեւերուն կապուած չուանները կտրելով “գնա՛ ձիուս սանձը բռնէ եւ այն կողմ քալեցուր“ կ’ըսէ: Հայրս մի քանի քայլ հեռանալով ձիու սանձը հազիւ բռնած երբ ետ կը նայի արդէն հայրն ու եղբայրը արիւնլուայ ինկած են բոլորին հետ: Հրա՞շք: Հայրս միակն էր, որ այդ սպանդէն ազատած էր: Գիւղացիներուն կը հարցնենք գիւղի աղբիւրի վայրը եւ կ՛ուղղուինք այդ կողմ: Անունը Խաչաղբիւր է: Կը քալենք հողոտ ու քարքարուտ արահետներով եւ գիւղին ծայրը կը գտնենք Խաչաղբիւրը: Ջուրը կիսաբոլորակ քարերէն վար կը հոսէր, քարաշէն քառակուսի աւազանի մը մէջ, որու յատակը գոյնզգոյն խճաքարերով ծածկուած էր: Ըստ հօրս այս աղբիւրի ջուրը առողջապահական յատկութիւններ ունէր: Իր անբուժելի հիւանդութեան ժամանակ, միշտ խոր հաւատքով ու կարօտով` “եթէ հիմա մեր գիւղի աղբիւրին մէջ լողամ, անպայման կը լաւանամ“ կ’ըսէ եղեր: Բարի ու միամիտ պապաս, ահա այսօր երկու զաւակներդ վեց թոռնիկներդ եւ իննը ծոռներդ այս ընտանեկան ուրախ հաւաքոյթին մաս կը կազմեն, այդ թուրք զինուորականին անսպասելի եւ անհասկնալի արարքին շնորհիւ:
Կը վերադառնամ այս վերամիացման եւ ուրախութեան: Այստեղ են 15 գերդաստանէ սերած, 75 հոգի: Թերեւս այս թիւին կրկնապատիկը ըլլար եթէ բոլորը կարենային ներկայ ըլլալ: Այո, անցեալը սիրտս կը ճմլէ, սակայն ի տես թոռնիկներուս, կը փորձեմ ուրախանալ. ներկայով ու յանկարծ …նոր ցաւ ու մտահոգութիւն` բալիկներս ՀԱՅ պիտի մնա՞ն արդեօք:
ԷԷԷԷԷհ կարելի չէ առանց ազգային մտահոգութեան ապրիլ կը մտածեմ ու արցունքս զսպելով կը ժպտիմ աջ ու ձախ:
Իսկ կազմակերպող երիտասարդուհիներուն` մեծատառ ԱՊՐԻՔ:
Տիգրանակերտցի մը