ՏԻԳ­ՐԱ­ՆԱ­ԿԵՐ­ՏԻ ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ՊԵ­ՏԸ ՓՐՈ­ՎԻ­ՏԸՆ­ՍԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:3 Minute, 38 Second

pvd Diyarbekir  ՓՐՈ­ՎԻ­ՏԸՆՍ (Րոտ Այ­լընտ).- Վեր­ջերս, կարճ այ­ցե­լու­թեամբ մը Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ ժա­մա­նեց Տիգ­րա­նա­կերտ քա­ղա­քի քա­ղա­քա­պետ Ապ­տուլ­լահ Տէ­միր­պա­շը: Ուա­շինկ­թըն եւ Րոտ Այ­լընտ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, ան նա­եւ տե­սակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ հայ գա­ղու­թին հետ:

Հինգ­շաբ­թի, Հոկ­տեմ­բեր 10ին, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 4:00ին, Փրո­վի­տըն­սի մէջ, քաղաքապետը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղեց:  Քիւրտ քա­ղա­քա­պե­տին կ՛ու­ղեկ­ցէ­ին Փրո­վի­տըն­սի հայ եւ քիւրտ հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: “Մենք կը խո­նար­հինք բո­լոր անոնց յի­շա­տա­կին առ­ջեւ որոնք իրենց կեան­քը կորսն­ցու­ցին“,- ըսաւ ան եւ նշեց թէ քիւր­տե­րը, 1915-ի ջար­դե­րուն մէջ դեր մը ու­նե­ցած են: Ան անց­եա­լին հետ հաշ­ուի նստե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը ընդգ­ծեց եւ կոչ ուղ­ղեց Թուրք­իոյ որ նե­րո­ղու­թիւն խնդրէ:p1 pvd-Diyarbekir2

Տէ­միր­պաշ նոյն օրը, երե­կոյ­եան ժա­մը 7:00ին հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Փրո­վի­տըն­սի հայ հա­մայն­քին հետ, տեղ­ւոյն Ս. Վար­դա­նանց եկե­ղեց­ւոյ սրա­հէն ներս: Օր­ուան հան­դի­սա­վար Անի Հա­րոյ­եան բա­րի գալստ­եան մաղ­թան­քէն ետք խօսք տուաւ եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Կո­մի­տաս Ա. Ք­հ­յն. Պաղ­սար­եա­նին: Ան ող­ջու­նեց քա­ղա­քա­պետ Տէ­միր­պա­շի ներ­կա­յու­թիւնը եւ բարձր գնա­հա­տեց պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւնը բարձ­րա­ձայ­նե­լու անոր խի­զախ կեց­ուած­քը, աւելցնե­լով. “Որ­պէս Ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թարկ­ուած ազ­գի մը զա­ւակ­ներ, մենք հա­մոզ­ուած ենք որ կա­րե­լի չէ ճշմար­տու­թեան լոյ­սը խա­ւա­րամ­տու­թեամբ ծած­կել, որով­հե­տեւ ան­պայ­ման օր մը պի­տի բա­ցա­յայտ­ուի պատ­մա­կան փաս­տը“:

Խօսք առ­նե­լով հայ բազ­մու­թեան դի­մաց քա­ղա­քա­պե­տը ան­գամ մը եւս կրկնեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մէջ քիւր­տե­րու որոշ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը ու­նե­ցած ըլ­լա­լու իրո­ղու­թիւնը եւ որուն հա­մար նե­րո­ղու­թիւն խնդրեց: Ապա խօս­քը շա­րու­նա­կե­լով ըսաւ. “Ձե­զի դէմ բռնու­թիւն կի­րա­ռո­ղը նա­եւ մեր դէմ բռնու­թիւն կի­րա­ռեց ու դեռ կը շա­րու­նա­կէ կի­րա­ռել: Այո, ձեր նախ­նի­նե­րը տե­ղա­հան­ուե­ցան իրենց հո­ղե­րէն եւ ես այդ դառ­նու­թիւնը կ՛ըն­կա­լեմ: Այ­սօ­ր ե­րա­նի այդ մէ­կը տե­ղի չու­նե­նա­ր ը­սե­լը հարց չի լու­ծեր: Մեր ըրած­նե­րուն հա­մար նե­րո­ղու­թիւն կը խնդրեմ: Մե­զի այդ չա­րիք­նե­րը գոր­ծե­լու մղած եւ մեր դէմ նոյն չա­րիք­նե­րը գոր­ծած կող­մին ալ նե­րո­ղու­թիւն խնդրե­լու ժա­մա­նա­կը ար­դէն եկած է: Այն ինչ որ մենք կ՛ընենք մեր խղճի պարտքն է, եւ անոր հա­մար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լու պէտք չու­նիք: Մեր մարդ­կա­յին պարտքն է որ կը կա­տա­րենք, եւ այ­սօր այն ինչ որ կը ցան­կամ քիւր­տին հա­մար, նոյ­նը կը ցան­կամ հա­յուն եւ ասորի­ին”:

Հարց ու պա­տաս­խա­նի ըն­թաց­քին քա­ղա­քա­պետ Տէ­միր­պաշ յայտ­նեց, որ իր քա­ղա­քին մէջ հա­յե­րէն եւ սուր­ի­ա­նի­նե­րէն (արա­մե­րէն) լե­զու­նե­րու դա­սըն­թաց­ներ կը մա­տուց­ուին եւ այս օրի­նա­կը սկսած է վա­րա­կել նա­եւ մօ­տա­կայ այլ քա­ղաք­ներ:

Խօս­քի աւար­տին, Տէ­միր­պաշ ար­ծա­թեայ յու­շան­ուէր մը փո­խան­ցեց Անի Հա­րոյ­եա­նին:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles