ՏԷ՛Ր, ՈՒՐԿԷ՞ ԱՅՍՔԱՆ ՈՐՈՄ

0 0
Read Time:1 Minute, 35 Second

hayr andon

ՀԱՅՐ ԱՆՏՈՆ ԱԴԱՄԵԱՆ
Պելմոնթ – Մասաչուսէց
Տէ՛ր, դուն բարի սերմ չցանեցի՞ր արտիդ մէջ, ուրկէ՞այսքան թոյնաւոր խոտ ու որոմ: Ամէն ինչ որ ըրիր՝ լաւագոյնս եւ գեղեցկագոյնս ըրիր, ուրկէ՞ այսքան խախտում ստեղծագործական շքեղ կառոյցիդ: Մարդը սիրեցիր եւ գերադասեցիր ամէն բանի: Հրահանգեցիր որ շէնցնէ աշխարհ: Ճակտի արդար քրտինքով զարգացնէ զայն: Ճոխացնէ: Յառաջացնէ եւ վայելէ իր յոգնութեան արդիւնաւէտ արգասիքը: Հրահանգդ կը բխէր գերազանց սէրէդ եւ հոգատարութենէդ մարդկային ցեղին հանդէպ: Ափսոս որ սէրդ , հոգատարութիւնդ չգտան բերրի հող չարամիտ, նախանձ եւ ատելավառ արարածներուդ մօտ: Անոնք նախընտրեցին օտարանալ եւ որբանալ արարչական գութէդ ու խնամքէդ:
Այդպէսով դատարկացան ամէն բարի եւ ազնուական զգացումներէ, սկզբունքներէ եւ յաւերժական գաղափարականներէ: Սնանկացան: Խոր մահաքունի մէջ մտան: Կորսնցուցին ամէն չափանիշ: Ստրկացան ստորայինին: Փոխանակ առաքինութեան մէջ ծլելու, ծաղկելու եւ բարգաւաճելու՝ անոնք դաւաճանելով իրենց խղճին եւ ուշքին, իբր կեանքի նպատակ ընտրեցին ստեղծագործութեանդ գեղեցկութիւններուն դէմ պայքարիլ: Քանդել ամէն ինչ որ մարդկութեան բարօրութեան կը ծառայէ: Իրարու դէմ հանել
աշխարհաբնակ ժողովուրդները: Խանգարել համաշխարհային կարգ ու սարքը, ապահովութիւնը եւ խաղաղութիւնը: Երկիրը վերածել կորստական ահաւոր քաոսի:
Ինչո՞ւ այսքան խստասրտութիւն եւ իքնահալածանք: Ինչո՞ւ այսքան տակնուվրայութիւններ, խռովութիւններ, ահաբեկչութիւններ եւ պատերազմներ զանազան հողամասերու մէջ: Ապրելու եւ կեանքը վայելելու համար ստեղծուած մարդը՝ իրաւունք չունի՞ Աստուծոյ իրեն շնորհած այս երկնային պարգեւով երջանիկ օրեր ապրելու:
Տէ՛ր, դուն որ կը տեսնես կատարուած այս ամբողջ աւերները, մարդկային արժէքներու խախտումը եւ ոտնակոխումը, ինչ կը զգաս ու կը մտածես ստեղծած մարդուդ մասին: Մինչեւ ե՞րբ անոր պիտի արտօնես որ հարուածէ, անարգէ եւ կործանէ իր խնամքին յանձնած երկրագունտդ : Մինչեւ ո՞ւր պիտի հասնի աւերներուն կատարածը: Տակաւին երկար ատեն պիտի լռե՞ս ու համբերես արդարներուդ կրած հալածանքներուն:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերը կ՛ապրինք: Բարբարոս օսմանը ամենայն վայրագութեամբ դե՛ռ կը հետապնդէ մեզ: Անխղճօրէն կը քանդէ քու փառքիդ եւ մեր նահատակներու խնկելի յիշատակին կառուցուած միւռոնադրոշմ տաճարները:
Վարդապետ բարի եւ արդար, ուրկէ՞ այսքան թոյն ու որոմ քու արտիդ մէջ: Տակաւին չհնչե՞ց ժամը ուր մշակներուն պիտի տաս հրահանգ զատելու ցորենը որոմէն: Հաճիս, չափ դիր համբերութեանդ: Գթա՛ զաւակներուդ վրայ: Մի՛ թողուր մեր հոգիին ոսոխները իրենց ամբարշտութեան մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles