ՏԵՐԵՒԱԹԱՓ.- Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԼԻՏԻԱ ՊԱՀԼԱՒՈԻՆԻԻ (Փետրուար 24, 1930 – Մարտ 9, 2018)

0 0
Read Time:2 Minute, 40 Second


Անդրանիկ Աւ. Քհնյ. Պալճեան
Պոսթըն

Լիտիան ծնած է 24 Փետրուար 1930 Պարսկաստանի Թաւրիզ քաղաքը, անդրանիկ զաւակը՝ Ծերունի եւ Շուշանիկ Աղամալեաններուն որոնց աւելի ուշ ծնաւ Լիտիայի կրտսեր եղբայրը՝ Յարութիւն (Արտուշ): Իր ուսումը ստացած է ծննդավայրին մէջ, աւարտելով Թաւրիզի Երկրորդական Վարժարանը եւ ապա ստացած է Առեւտրական Վարչագիտութեան Համալսարանական վկայական:
Մեծ ուրախութեամբ կը յիշէր իր մանկութեան օրերը, իր ընտանեկան պատմուածքներն ու իր ունեցած սերտ յարաբերութիւնները եղբօր Արդուշի, բարեկամներուն, եւ ռուս ուպՊարսիկ դրացիներուն հետ։
Լիտիան Թեհրանաբնակ Նորայր Պահլաւունիին առաջին անգամ հանդիպած է երբ Թաւրիզ կ՛այցելէր։ Ծանօթանալէն ետք Լիտիան որոշեց Թեհրան փոխադրուիլ եւ ամուսնանալ Նորայրին հետ։ Իրենց պսակը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 28, 1957-ին, որմէ ետք Լիտիան սկսաւ կազմել իր ընտանիքը եւ միաժամանակ՝ ապահովել իր կեանքի գործընթացքը։ Բախտաւորուեցան երկու զաւակներով՝ Սեդա եւ Արմէն։
Աւելի քան քսան տարիներ, Լիտիան աշխատեցաւ Թեհրանի Ամերիկեան Դեսպանատունը, իբրեւ պաշտօնեայ տնտեսական եւ պիւտճէի բաժանմունքին, մինչեւ 1979-ի յեղափոխութիւնը եւ դեսպանատան գրաւումը։ Նոյն տարին Պարսկաստանը ձգելով, Նորայրն ու Լիտիան Ամերիկա փոխադրուեցան, միանալով նաեւ իրենց զաւակներուն, որոնք ուսանելու համար արդէն Միացեալ Նահանգներ հաստատուած էին։
Թաւրիզ ապրած օրերէն, Լիտիան գործօն եւ նուիրեալ կերպով կը մասնակցէր Պարսկաստանի Հայ համայնքի կեանքին։ Թաւրիզի «Սասունցի Դաւիթ» Մշակութային եւ Մարզական Միութեան գլխաւոր դերակատարներէն մէկն էր. իսկ Թեհրանի «Հայ Կին» Միութեան երկարամեայ անդամ եղած եւ որոշ շրջանի մը համար՝ վարչութեան մաս կազմող ժողովական։ Թէ՛ Պոսթընի եւ թէ՛ Ուաշինկթընի մէջ, Լիտիան անդամակցած է նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան։
Ամերիկայի իրենց կեանքի յաջորդ հանգրուանը զիրենք մղեց դէպի Ուաշինկթըն, ուր Նորայրը «Ամերիկայի Ձայն»ի պաշտօնեայ դարձաւ իսկ Լիտիան սկսաւ աշխատիլ Վեթերաններու Այցելութեան Ծրագրի կառավարական բաժանմունքի համար։
1999 թուին Լիտիան ենթարկուեցաւ ահռելի եւ ծանր ինքնաշարժի արկածի մը, որ զայն բաւական վնասեց ու պատճառ դարձաւ որ երկա՜ր ժամանակ նախ հիւանդանոց, եւ ապա՝ կազդուրման կեդրոն մնայ մինչեւ որ Աստուծոյ հրաշքով եւ իր զօրաւոր կամքի պատճառով վերագտնէ իր առողջութիւնը։ Փորձեց նոյնիսկ շրջան մը ետ գործի երթալ, բայց աւա՜ղ այդ մէկը չկրցաւ կատարել քանի, դժբախտաբար, «հոգին յօժար էր, սակայն մարմինը՝ տկար։»
Լիտիան իր կեանքը շարունակեց ապրիլ եւ իր լաւագոյն ճիգը կատարեց վայելել իր ամուսինը, զաւակներն ու թոռները ինչպէս նաեւ իր բարեկամներու ջերմիկ շրջանակը։ Շատ կը սիրէր ճամբորդել, թէ ամուսինին հետ եւ յաճախ Սեդային հետ։ Շարունակեց իր սիրած զբաղումները՝ ասեղնագործութիւն եւ գեղանկարչութիւն։ Շատ կը սիրէր նաեւ գիրք կարդալ եւ հեռուստատեսիլէն դիտել հին ժապաւէններ եւ հետեւիլ Հայաստանի լուրերուն։
Այս բոլորէն զատ, սակայն, իրեն համար կեանքի ամենէն կարեւոր բաժինն էր իր ընտանիքը։ Սեդան միշտ իր մօտ ըլլալով, յատուկ մտերմութիւն մը ստեղծուեցաւ իրենց միջեւ, մանաւանդ Նորայրին մահուընէ ետք որ տեղի ունեցաւ 2011 թուականին։ Արմէնը եւ իր ընտանիքը հեռու կը բնակէին, բայց միշտ անհուն ուրախութեամբ կը վայելէր այն պահերը երբ կը հաւաքուէին Պոսթըն, Ուաշինկթըն, Հայաստան կամ այլուր։ Իր թոռնիկներուն՝ Ալինային եւ Ալէքսին մասին միշտ կը մտածէր ու իրենցմով շա՜տ կը հպարտանար։ Ամէն օր գիտէր երբ Արմէնը, գործէն տուն վերադառնալու ժամանակ, պիտի հեռաձայներ իրեն եւ անհամբեր կը սպասէր այդ պահուն:
Ուսեալ, բարեկիրթ, խելացի Տիկին Լիտիան իր մանկութեան ընկերուհիի կողմէն նկարագրուեցաւ որպէս հաւատարիմ ընկեր, կեանքը վայելող անձաւորութիւն եւ նուիրեալ ու տիպար մայր։
Անակնկալ կերպով իր մահկանացուն կնքեց Մարտ 9-ին։ Իր զաւակներէն եւ թոռներէն զատ իր մահը կը սգան նաեւ իր եղբօր կինը՝ Հիլտա. հարսը՝ Սիլվա. Տալը՝ Ռուբինա Պաղտասարեան եղբօր երկու աղջիկներ՝ Շաքէ եւ Դենի ու երեք Տալոջ աղջիկներ՝ Ալենուշ, Շաքէ եւ Պիայնա, իրենց ընտանիքներով։
Աստուած թանկագին հոգիդ լուսաւորէ եւ երկնային հանգիստ պարգեւէ քեզի, սիրելի Լիտիա եւ երկար կեանք ու մխիթարութիւն պարգեւէ բոլոր սիրելիներուդ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles