Տեսակցութիւն Հ․Հ․ Վարչապետ Փաշինեանի Հետ

0 0
Read Time:30 Second

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26-ի յետմիջօրէին Ա․Մ․Ն․ արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ  Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ՝ Խաչիկ Մուրատեանի տեսակցութիւն մը ունեցան Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կը ներկայացնէին Ճորճ Աղճայեան, Հայկ Օշական, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Ժանօ Աւետիսեան։ Իսկ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտիէի ներկայացուցիչներն էին՝ Քարմէն Օհանեան եւ Աւետիք Իզմիրլեան:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայ Դատի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակէն Արամ Համբարեան։

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող այս հանդիպումին, արծարծուեցան Սփիւռք-Հայաստան կապերը յուզող հարցեր։ Աւարտին, վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles