ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ …ՀՐԱԺԵՇՏ

0 0
Read Time:3 Minute, 17 Second

Նախ­քան հրա­ժեշտ առ­նե­լը, Հա­յաս­տա­նի մօտ, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան, տի­կին Մա­րի Եո­վա­նո­վիչ կա­տա­րած է կարգ մը այ­ցե­լու­թիւն­ներ ու տե­սակ­ցու­թիւն­ներ, որոնց միտք բա­նին եղած են գոր­ծըն­թա­ցի ան­խախտ շա­րու­նա­կու­թիւնը, յաչս թէ՛ ներ­քին եւ թէ՛ ար­տա­քին թա­փան­ցիկ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան:

Բնա­կա­նա­բար մօ­տա­կայ Մի­ջին Արե­ւել­քի ներ­կայ կա­ցու­թիւնը, իր հան­րահռ­չակ արա­բա­կան գա­րունէն ներշնչ­ուած, տի­կին Եո­վա­նո­վիչ իր ներ­կա­յա­ցու­ցած երկ­րի Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կար­ծիքն ու ու­ղին ներ­կա­յաց­նե­լով, շա­րու­նակ կրկնեց թէ սա­տար կը հան­դի­սա­նայ ընդ­դի­մու­թիւն-իշ­խա­նու­թիւն երկ­խօ­սու­թեան, բան­տարկ­եալ­նե­րու ազատ ար­ձակ­ման եւ ընդ­հան­րա­պէս հաշ­տու­թիւն բու­րող եւ հան­դուր­ժե­լի նկա­տուող ներ­կայ իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն:

Ներ­քին իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն դուրս գա­լով եւ ար­տա­քին ու յատ­կա­պէս ան­մի­ջա­կան շրջա­նա­յին բնա­գա­ւառ մուտք գոր­ծե­լով, Ար­ցախ­եան հիմ­նախնդ­րի հար­ցով ալ, հաշ­տու­թեան ու հա­մա­ձայ­նու­թեան կո­չե­րը մնա­ցին ան­պա­կաս: Կո­չեր`  որոնց խոր­քը նոյն­քան խորթ է ու նա­եւ խորշ:

Մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ, երբ Եո­վա­նո­վիչ իր հրա­ժեշ­տի քա­զելն ու փրո­թո­քո­լա­յին տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րէր, Սպի­տակ Տան մէջ, Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար տի­կին Հի­լը­րի Քլին­թըն ամե­րիկ­եան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան գով­քը կը հիւ­սէր, վստա­հեց­նե­լով իր գոր­ծա­կի­ցին` Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար էլ­մար Մա­մետ­ի­ա­րո­վին, թէ շտա­պօ­րէն աշ­խա­տանք պի­տի տար­ուի Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը լու­ծե­լու: Եւ դեռ, տե­ղին է աւելց­նել թէ, այս իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը կա­տար­ուին Տօ­վիլ­եան հան­դի­պու­մը հա­զիւ աւար­տած, ուր Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի նա­խա­գահ­նե­րը մի­աս­նա­բար յայ­տա­րա­րու­թիւն մը լոյս ընծա­յած էին, Ար­ցա­խի կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բեր­եալ` յայ­տա­րա­րե­լով քա­ղա­քա­կան կամք ցու­ցա­բե­րել եւ ամէն գնով աւար­տին հասց­նել կար­գա­ւոր­ման հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րու շուրջ աշ­խա­տան­քը:

Նա­եւ, նշե­լի է թէ այս իրա­դար­ձու­թիւն­նեռ­րը կա­տար­ուե­ցան Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինս­քի խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու շրջան այ­ցե­լու­թեան նա­խօր­եա­կին:

Հոս տե­ղին է հար­ցադ­րել թէ ի՞նչ կա­րե­լի է սպա­սել, յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն, յատ­կա­պէ՛ս ներ­քին քա­ղա­քա­կան ոլոր­տէն ներս:

Ընդ­դի­մու­թիւն-իշ­խա­նու­թիւն` այս պա­րա­գա­յին Հայ Ազ­գա­յին Քոնկ­րէս – Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թիւն  երկ­խօ­սու­թիւնը որ­քան լուրջ ըն­թացք պի­տի առ­նէ եւ յատ­կա­պէս որ­չափ թա­փան­ցիկ նկատ­ուի:

Տաք եւ շոգ օրե­րու սե­մին ենք…

Խմբագրական – ʼʼՀայրենիքʼʼ
Յունիս 6, 2011

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles