Տեսակցութիւն՝ Վարչապետ Փաշինեան – Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կ. Կ.

0 0
Read Time:55 Second

Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպման քննարկուեցան Թաւշեայ յեղափոխութեան արձանագրած դրական անդրադարձները եւ այդ ուղղութեամբ ժողովրդային ակնկալութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Սփիւռքի, յատկապէս Լիբանանի հայութեան մօտ ստեղծուած մթնոլորտն ու այն պաշտպանելու վճռականութիւնը:

Իբրեւ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի անդամ, Լիբանանի Հ․Յ․Դ․ կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը վարչապետ Փաշինեանին փոխանցեց Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջողութեան անհրաժեշտութիւնը եւ այդ առումով Դաշնակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու անոր ամրապնդմանը: Շեշտուեց նաեւ, որ անխուսափելի խոչընդոտների եւ դժուարութիւնների յաղթահարման համար անհրաժեշտ է պահպանել ժողովրդային միասնութիւնը եւ գործակցային ոգին՝ կանխելու յաջողութեանը խանգարող ցանկացած կասկածելի փորձ:

Հ․Յ․Դ․ պատուիրակութիւնը Հայաստանի վարչապետին նաեւ փոխանցեց Լիբանանի հայութեան անցեալէն փաստուած պատրաստակամութիւնն ու վճռականութիւնը՝ գործնական արձագանգելու Արցախի ու Հայաստանի հզօրացման ջանքերուն:

Վարչապետ Փաշինեան իր ուրախութիւնը յայտնեց կայացած հանդիպման կապակցութեամբ՝ նշելով, որ իր համար Լիբանանի հայութիւնն ու երիտասարդութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունին, մանաւանդ՝ յեղափոխութեան ընթացքին անոնց ունեցած զօրակցութեան քայլերու կապակցութեամբ:

Փաշինեանը նշեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է երկխօսութեան ու գործակցութեան շարունակութիւնը եւ քաղաքական առողջ ուժերու միասնութեան ճիգի արդիւնաւորումը՝ ի սպաս յեղափոխութեան յաջողութեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles