ԳլխաւորԼրահոս

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

oshagan1

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մայիս 6-ի յետմիջօրէին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը հանդիպեցաւ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Ներկայացուցիչ Հայկ Օշական եւ Յովսէփ Աւագեան, իրենց կողքին ունենալով Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արամ Համբարեանը գրեթէ մէկ ժամ տեւողութեամբ տեսակցութիւն մը ունեցան:
Հ.Յ.Դ.-ի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Բիւրոյի անդամ Խաչիկ Մուրատեան:oshagan2
Նախագահ Սարգսեանի կողքին, իր իջեւանած պանդոկին մէջ կատարուած այս հանդիպման մաս կը կազմէին Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Ուաշինկթընի մօտ դեսպան Տիգրան Սարգսեան եւ անձնակազմի անդամ Վիգէն Սարգսեան:
Մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող այս հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր, որոնց կարգին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին համաձայնագիրը, Սուրիահայութեան իրավիճակն ու Արցախի հիմնահարցը:
Նշենք թէ, նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ուաշինկթըն կատարած աշխատանքային այցելութեան առաջին օրը սկսաւ Ծերակոյտէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումով, որուն մասնակցեցան Ճէք Ռիտ (Րոտ Այլընտ), Ռապըրթ Մենենտէս (Նիւ Ճըրզի), Ճոն ՄըքՔէյն (Արիզոնա), եւ Ծերակոյտի Հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միչ ՄըքՔանըլ:warlick
Նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի հետ։
Այցելութեան երկրորդ օրը նախագահ Սարգսեան այցելեց Ուաշինկթընի Ողջակիզումի թանգարան, Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսի գրադարան, ուր ծանօթացաւ գրադարանի հայկական ցուցանմոյշներուն:
Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած են նաեւ հանդիպումներ հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button