
ԵՐԵՒԱՆ.- Կիրակի Յուլիս 10-ի երեկոյեան, պաշտօնապէս բացուեցաւ շարժապատկերի «Ոսկէ Ծիրան»ի 13-րդ միջազգային փառատօնը, որ նուիրուած է Հ.Հ. անկախութեան 25-ամեակին:
Ներկաները, վայրկեան մը յոտնկայս, յարգեցին յիշատակը՝ պարսիկ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ապպաս Քիարոսթամիի, որ շաբաթ մը առաջ մահացած էր Փարիզի մէջ:
«Ոսկէ ծիրան»-ի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան յայտնեց թէ.- «Քիարոսթամի՝ մեր փառատօնի եւ հայ ազգի ու շարժապատկերի լաւագոյն բարեկամներից էր, նա չորս անգամ մասնակցել էր փառատօնին: Իր լուսանկարների ամբողջ ցուցահանդէսը նա նուիրեց Փարաճանովի անուան թանգարանին: Այսօր նրա յուղարկաւորութիւնն է, եկէք յարգենք նրա յիշատակը»: Պիտի ցուցադրուին Քիարոսթամիի ժապաւէններէն՝ քանի մը հատը:
«Ազնաւուր» հրապարակին վրայ, Հ.Հ. ոստիկանութեան փողային նուագախումբին մասնակցութեամբ կատարուեցաւ եօթներորդ արուեստի բնագաւառէն ներս փայլած՝ Ալպերթ Եաւուրեանի, Էտմոնտ Քէօսէեանի եւ Տմիթրի Կէսայանցի յիշատակը յաւերժացնող աստղերուն բացման արարողութիւնը: