Լրահոս

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 5-ին Հայաստանի տարբեր մարզերու 36 համայնքներու մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները: Նախնական տուեալներով, մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցող 1 միլիոն 112 հազար 396 քաղաքացիներէն 472 հազար 528-ը, որ 42,48 առ հարիւր համեմատութիւնն է:

Համայնքապետի ընտրութիւններ տեղի ունեցան Արարատի, Արագածոտնի, Արմաւիրի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Վայոց Ձորի, Շիրակի եւ Կոտայքի խոշորացուած համայնքներուն մէջ:

Նշենք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը 36 համայնքներէն 19-ին մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն: Նախնական արդիւնքներով, ընդդիմութիւնը յաղթած է Վարդենիսի, Աբովեանի եւ Վանաձորի մէջ, պարտուած` Հրազդանի, Նոյեմբերեանի եւ Աշտարակի մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button