

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Դեկտեմբեր 30, 2015
Ամանորի տօնին առթիւ, սովորութիւն դարձած է ընտրել տարուան քաղաքագէտը, տնտեսագէտը, արուեստագէտը, մարզիկը եւ դեռ շարքը երկար է: Նմանօրինակ ընտրութիւն կամ մրցանք, տարիներէ ի վեր ստեղծուած սովորութիւն է…իսկ ներկայ համաշխարհայնացած օրերուն, հաւանաբար շահաբեր չափազանցութիւն կամ հասութաբեր աւելորդաբանութիւն: Բնականաբար այս տարեվերջի մրցանակաբաշխութիւնը, մեր հայրենիքէն ներս ալ ընդհանրացած է:
Սակայն, այս ստեղծուած եւ երբեմն շինծու նկատուած տարուան լաւագոյնին կամ տարեշրջանի անձնաւորութեան կարելի է այլ կերպարանք, այլ ընթացք տալ եւ մոռցուած կամ լուսանցքի տակ առնուած անծանօթ տիպարներ, անյայտ հայորդիներ նկատել տարուան մարդը:
Հաւանաբար, եթէ տեղեկացնենք թէ, Երեւանաբնակ Կարէն Յարութիւնեանը կը պատկանի այդ փաղանգին եւ կարելի է զինք նկատել այս տարուան հերոսը, առաջին հերթին, հարց պիտի տանք թէ ո՞վ է այս մարդը, կամ աւելի ճիշտը ինչպէ՞ս կարելի է զանազանել այս մէկ Կարէն Յարութիւնեանը, միեւնոյն անունն ու մականունը կրող , եւ հաւանաբար քանի մը հատին պարագային ալ, միեւնոյն տարիքը բոլորած Կարէններուն հետ:
Այս տարուան հերոսը՝ Կարէն Յարութիւնեանը կը տարբերի միւսներէն: 42 տարեկան այս Երեւանաբնակ ընտանիքի հայրը, այն Կարէնն է որուն երկու զաւակներէն մէկը՝ քսանամեայ Արշակը, զոհուեցաւ, երեք այլ հայորդի բանակայիններու կողքին, անցեալ Մարտին, յետ ազերի բանակի մէկ անակնկալ յարձակումին:
Իր կարգին նախապէս հայրենի բանակին ծառայած, Կարէն Յարութիւնեան 15 տարիէ ի վեր, վերադարձած էր տուն, իր ընտանեկան պարտաւորութիւնները կատարելու եւ կողակիցին ու ընտանեկան պարագաներուն հետ, կեանքը շարունակելու:
Սակայն, Կարէն Յարութիւնեանի կեանքը շատ աւելի դժուարացաւ, եւ իր զաւակին մահուան գոյժէն ետք, ան չկրցաւ համոզուիլ պատահածին: Իր մէջ հետզհետէ զարգացաւ վրէժխնդրութեան բուռն մարմաջը:
Նոյնիսկ, Կարէն այցելեց իր զաւակին եւ անոր զինակիցներ՝ Եդուարդի, Յակոբի եւ Սամուէլի սպանութեան վայրը, Արցախի սահմանամերձ խիտ անտառներուն մէջ:
Կարէն Յարութիւնեանի մէջ յստակացած էր կատարուելիքը՝ ապառնին:
Ան որոշեց վերադառնալ ռազմաճակատ, հոն ուր աւելի մօտիկ պիտի զգայ, ազգին համար զոհուած իր որդւոյն:
Կարէն Յարութիւնեանի պահանջածն ու փափաքածը, պարզ եւ «կաթիլ մը մեղրէ» յառաջացած վիճաբանութենէ մը ծագած ոճիր չէ, ո՛չ ալ անոր յաջորդող՝ վրէժ ու վենտեթա մը: Ընդհակառակը, անոր համար յստակ է թէ ազգային շահերը կրնան վտանգուիլ եւ ան մտադրած է ամէն գնով պաշտպանել իր հայրենիքը:
Կարէն Յարութիւնեան, ամենայն ինքնավստահութեամբ դիմած է վերստին միանալու հայոց բանակին եւ մեկնելու ճակատ:
Կարէն եւ իրմէ առաջ իր առջինեկ զաւակը՝ Արշակը կրնային միանալ երկրէն հեռացողներու այդ հոսանքին: Սակայն, անոնց համար տարբեր իմաստ ունի հայրենի հողն ու հայրենասիրութիւնը:
Ահաւասիկ տարուան մարդը, տարուան հերոսը: