
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Նոյեմբեր 15, 2015
Հարուածը բոլորին է:
Ինչ որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 14-ին, լոյսերու քաղաքի սրտին մէջ, կը ներկայացնէ իսկական պատկեր մը, որուն մասին շատ բան կարելի է գրել, սակայն առանց հասնելու արմատական լուծումի եւ եզրակացութեան:
Մէկ բան կարելի է նշել թէ, ինչ որ, մօտաւորապէս եօթանասուն տարի առաջ բռնատէր Հիթլէր (գէթ իր փառքի օրերուն) չէր համոզուած ու յանդգնած կատարել, Տահէշի համար «երդուեալ» երիտասարդներ ամենայն պաղարիւնութեամբ եւ հանգստութեամբ կատարեցին:
Իրենց համար այդ քաղաքակրթուած աշխարհի սրտին մէջ թափուած արիւնը, պարզ աղբիւրէն հոսող առատ անգոյն եւ անհամ ջուրն էր, որմով կրնային յագեցնել իրենց ծարաւը:
Զգացական եւ յուզումնային այս տողերը անտեղի են շարունակելը, մանաւանդ որ խնդրոյ առարկայ հոսանքի ետին կանգնող անձերուն համար ո՛չ մէկ նշանակութիւն պիտի ունենան:
Անցնինք հարուածի ետին կանգնող անցուդարձերուն եւ դրդապատճառներուն:
Յստակ է թէ, վերջին շաբաթներուն Տահէշ կոչեցեալ կազմակերպութեան գործելաձեւը փոխուած է: Իր տիրապետած տարածաշրջանէն ներս ան սկսած է ենթարկուիլ հետեւողական յարձակումներու եւ սկսած է կորսնցնել հողեր: Ամենէն աւելի կարեւորը ամիսներ առաջ եզիտիներու բնակավայրը, իրենց պաշարած Սինճար լեռն է, որ Տահէշի երկու կարեւորագոյն քաղաքներուն՝ Ռաքքայի եւ Մուսուլի միջեւ հսկող բանալի ճամբան է եւ այդ շրջաններէն ներս արտադրուած քարիւղի հայթայթման բանալի ուղին: Սինճարի անկումով եւ վերագրաւումով, բաւական մը պիտի դժուարանայ նիւթական եկամուտ ապահովող այս քարիւղի առեւտուրը, որ անշուշտ կը կատարուի Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ:
…Նոյնինքն այն երկրին, որ Փարիզի դէպքէն հազիւ 24 ժամ ետք հիւրընկալեց ու կազմակերպեց «Քսան Մեծ»երու ապարդիւն եւ անիմաստ վեհաժողովը:
Երկու հարիւրէ աւելի զոհ խլած Փարիզի դէպքէն 24 ժամ առաջ, նոյնքան ահաւոր ահաբեկչական արարք մը պատահեցաւ Պէյրութի, կրկին նոյնինքն Տահէշի «երդուեալ» երիտասարդներու կողմէ, թիրախ ունենալով Սուրիոյ մէջ իրենց դէմ ճակատող Հըզպալայի կեդրոնատեղին էր: …Իսկ, միայն Փարիզի դէպքէն ետք, վերջնականապէս հաստատուեցաւ ու փաստուեցաւ թէ, Հոկտեմբեր 31-ին, Շարմ ել Շէյխէն Սենթ Փեթըրզպուրկ մեկնող ջախջախուած օդանաւը, արդիւնք է խափանարարական արարքի:
Այս եղելութիւնները ցոյց կու տան, թէ Տահէշն ու անոր ետին կանգնող ահաբեկչական հոսանքները, հետզհետէ աւելի կը գործեն իրենց հողաշերտէն դուրս:
Արդեօք այս մէկը կարելի է վերագրել, թէ անոնք իրենց վերջին ուժն ու կարողութի՞ւնը գործի կը լծեն: Մէկ բան կարելի է եզրակացնել թէ այս բոլոր պատահածները որոնք կատարուեցան, Սուրիոյ մասին կատարուած Վիեննայի վեհաժողովի նախօրեակին, եղան ի նպաստ ներկայ ղեկավարութեան՝ Ասատի վարչակազմին: Նոյնիսկ ամենէն աւելի ծայրայեղ «արեւմուտքցի»ն, համոզուած կը թուի ըլլալ թէ, Տահէշ կը մնայ առաջնահերթ «չարիք»ը, իսկ ներկայ ղեկավարութիւնը՝ նոյնիսկ յարմար կարելիութիւն մը…18 ամսուայ փոխանցման իշխանութիւն մը ստեղծելու համար:
Ձեր նշած հարվածը պատահեցավ ոչ թե Նոյեմբերի 14-ին, այլ ուրբաթ Նոյեմբերի 13-ին։
————————————
Origins of Friday 13:
By historic origins, the modern basis for the aura that surrounds Friday the 13th stems from Friday October the 13th, 1307. On this date, the Pope of the church in Rome in Conjunction with the King of France, carried out a secret death warrant against The Knights Templar.
The Templars were terminated as heretics, never again to hold the power that they had held for so long. The Grand Master, Jacques DeMolay, was arrested and before he was killed, was tortured and crucified.
Friday the Thirteenth is the day when people would rather stay in their holes, instead of having to face the evil this day would bring them. For they have created this curse for themselves.
————————————
Բավական տեղեկատվական է հետևյալ հղումը.
http://coercioncode.com/2015/11/14/paris-massacre-illuminati-sacrifice-muslim-new-moon-and-satanic-high-day/
————————————
Ամեն ինչի վերջնական լուծումն է.
Կեցցե՛ Հայաստան