ՏԱՐԲԵՐ ԱՒԻՇ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 23 Second


ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Յունիս 1-ի դէպքերն ու իրադարձութիւնները ուղղակի կապ ունին վերջին շաբաթներու Հայաստանի դէպքերուն հետ: Այն տարբերութեամբ, որ «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» զանգուածային ցոյցերուն եւ խռովութիւններուն փոխարէն, շատ աւելի արագ եւ հմուտ կերպով կարելի եղաւ լուծման յանգիլ: Դեռ պիտի շարունակուին փոփոխութիւններն ու բարեկարգումները թափանցիկ քաղաքականութեան եւ ղեկավարութեան ի խնդիր: Տարբեր թաւիշի կարիք չկար, այլ պարզապէս տարբեր աւիշ ստեղծուեցաւ:
Կացութիւնը ստեղծուած գոյավիճակի մը արդիւնքն էր: Երկար ժամանակ պատասխանատու դիրքի վրայ գտնուող անձնաւորութիւններ սկսած էին հետզհետէ զոհը դառնալ իրենց միօրինակ գործելաձեւին, չգիտակցելով, որ մտածելակերպն ու գործելաձեւը անհանդուրժելի եւ անընդունելի կրնար դառնալ՝ տեղացիներու, սերնդակիցներու եւ դրացիներու քով:
Ի վերջոյ, սահմաններ պաշտպանելու համար կիրարկուած ձեւն ու խստութիւնը կարելի չէր գործադրել մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, ուր երկու քաղաքացիներու միջեւ «կաթիլ մը մեղր»-ային ոճով եւ կենցաղային խորք ունեցող պարզ վիճաբանութիւն մը պատճառ դարձած էր, որ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան յատուկ ջոկատի տասնեակ մը անդամներ, երկու քաղաքացիներ ամենայն դաժանութեամբ ծեծեն:
Ստեղծուած ծանրակշիռ կացութիւնը բաւարար եղաւ փաստելու, թէ պատահածը չափազանց ընդվզեցուցիչ էր եւ այդպիսի վիճակ կարելի չէր պարտադրել մայրաքաղաքին մէջ: Ուստի, նախագահ Բակօ Սահակեան շեշտեց, որ բարեփոխումներու եւ քատրային փոփոխութիւններու շտապ անհրաժեշտութիւնը յառաջացած էր Արցախի մէջ:
Պարզուած էր, թէ անկայուն ու լարուած ներքին մթնոլորտ կարելի չէր ունենալ եւ յուսալի անվտանգութեան համակարգի ձգտիլ:
Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետի եւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէնի նշանակումները մաս կը կազմեն այս բարեփոխումներու շարքին, որոնք պիտի շարունակուին: Յստակ է, թէ այս ընդհանուր բարեփոխումներու ծիրին մէջ, յաւելեալ զարգացման գործընթաց ապահովելու անհրաժեշտութեան տեղ պիտի տրուի զանազան բնագաւառներու մէջ` քաղաքական, անվտանգութեան, տնտեսական, ընկերային երաշխիքներու եւ այլն:
Այսպէս, Արցախի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած է տարբեր աւիշ, բոլորովին տարբեր՝ «Երեւանեան Թաւիշ»-էն, սակայն նոյնքան կարեւոր, անհրաժեշտ եւ բնականաբար արդիւնաբեր:
Սակայն, այս բարեփոխումներէն ետք, գոյութիւն ունի արցախեան հիմնահարցի լուծումը, որ հետզհետէ աւելի կ՚արծարծուի միջազգային քաղաքական բեմահարթակին վրայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles