Վրաստանի Գեղեցիկ Դիմակը

0 0
Read Time:1 Minute, 30 Second
Յովաննէս Թումանեանի գերեզմանաքարը

Կարին Պետեան
Հ.Ե.Դ. «Արարատ» Մասնաճիւղ – Շիքակօ

Բախտի բերումով, 2016 թուականին Ջաւախքի Ճամբարէն դադար մը առնելով, ընկերներով այցելեցինք Թիֆլիսի հին թաղամասերը, ուր կը գտնուի հայկական թաղամասը եւ զանազան պատմական հետաքրքրական վայրեր, տարբեր եկեղեցիներ ու հռչակաւոր կառոյցներ։ Վրացիները մեծ հպարտանքով կը խօսէին իրենց երկու կրօնական կառոյցներուն՝ Մետեխ եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Երրորդութեան Մայր Տաճարի մասին։
Ժայռի մը վրայ, քաղաքին հին թաղամասերուն մէջ, կը գտնուի Մետեխի եկեղեցին, որ կառուցուած է 13րդ դարուն: 19-րդ դարուն սկիզբը, այս եկեղցւոյ կցուած միջնաբերդը կը վերածուի բանտի։ Այսպէս, Մետեխի հռչակաւոր բանտ-բերդը պիտի չարչարէր հայերուն մինչեւ իր վերջնական փակումը՝ 1938 թուականին։ Գողերուն, աւազակներուն եւ ոճրագործներուն կողքին, այս խուցերուն մէջ, կը բանտարկուէին, նաեւ քաղաքական դէմքեր, նեռարեալ բազմաթիւ հայորդիներ։ Անոնց շարքին էին ազգային գործիչներ՝ Արշաւիր Շիրակեան եւ Արամ Երկանեան, որոնք կը յաջողին խոյս տալ բանտէն։ Խորհրդային Միութեան օրերուն, այս բանտը ժամանակաւոր կայանն էր շատ մը հայորդիներու, նախքան «կուլակ» կամ Սիպիր աքսորուիլը։

Ռաֆֆիի յուշակոթողը

Վրաստանի կառավարութիւնը Սուրբ Երրորդութեան Մայր Տաճարը 10 տարի առաջ կառուցած է եւ անիկա կը նկատուի շրջանին ամէնամեծ տաճարը: Ան նոյնիսկ աւելի բարձր է քան Պոլսոյ Այասոֆիան (նախապէս Սուրբ Սոֆիա եկեղեցի)։ Տաճարին բարձրութիւնն է 87մ., եւ մօտաւորապէս նոյն չափով ալ խորութիւն ունի։
Շինարարութեան ընթացքին առիթը ունեցայ այցելելու երբ տակաւին գետնայարկի մուտքի դռները չէին կղպուած։
Սարսափազդու կացութեան մը, զգացումի մը մէջ եղայ, երբ աստիճաններէն կամաց-կամաց վար սկսայ իջնել։ Մուտք գործած էի հայկական գերեզմանատուն, ուր թաղուած էր հանրածանօթ հայորդիներ, որոնց կարգին է Ռաֆֆին եւ Յովհաննէս Թումանեանը։ Վրացիք շինած էին այս տաճարը մեր Խոջավանքի գերեզմանոցի հողին վրան, քանդելով գերեզմանաքարերն ու անխնայօրէն տեղափոխելով դիակներն ու աճիւնները։
Տեսած ենք, թէ ինչ պատահեցաւ Արեւմտահայաստանի մեր եկեղեցիներուն, եւ անշուշտ Ջուղայի պատմական խաչքարերուն։ Այսպիսի դաւադրութիւններ ընդհանրապէս կը կատարուին թուրքին ու ազերիին կողմէ։ Ահաւասիկ, վրացին ալ, առիթը օգտագործելով, նոյն արարքը կը կատարէ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles