
Այս Կիրակի, Յունիս 24-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան նախագահական եւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ, որոնք փորձաքար մը պիտի ըլլան նախագահ Ռեճէփ Էրտողանի եւ անոր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան համար, որպէսզի օրէ օր առաւել ժողովրդականութիւն շահող ընդդիմադիր երկու գլխաւոր թեկնածուներուն՝ Մուհարրէմ Ինճէի եւ Մերալ Աքշեների քաղաքական կշիռը եւ ընտրական ուժին տարողութիւնը երեւան գայ։
Էրտողան նախագահական եւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն որոշումը կայացուց՝ ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային Շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլէթ Պահչելիի հետ խորհրդակցութիւններէ ետք։ Պահչելի, որ անցեալին թունդ քննադատ մըն էր էրտողանի եւ անոր կուսակցութեան, ներկայ հանգրուանին որոշ հարցերու մէջ համաձայն է Էրտողանի հետ, որովհետեւ երկուքը ունին հասարակաց հակառակորդ մը։ Մերալ Աքշեները, որ երկու տարի առաջ հրաժարեցաւ Ազգային Շարժում կուսակցութենէն եւ ստեղծեց Լաւ կուսակցութիւնը,որ նաեւ եղաւ շատ յարմար միջավայր մը Էրտողանի եւ Պահչելիի կուսակցութիւններէն վրդոված անձերու համար։ Հետեւաբար երբ Էրտողան ուզեց նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները շուրջ մէկուկէս տարիով յառաջաձգել, Պահչելի աճապարեց զօրակցելու անոր, այն մտավախութեամբ, թէ երկու տարի ետք Աքշեների ժողովրդականութիւնը առաւել կրնար ուրճանալ, ինչ որ լուրջ մարտահրաւէրներ կրնար ուղղել ծայրայեղականներուն։
Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն վեց թեկնածուներ ուրեմն պիտի մրցին իրարու դէմ՝ Տողու փերինչեք, Մերալ Աքշեներ, Մուհարրէմ Ինճէ, Ռեճէպ Էրտողան, Սելահէտտին Տեմիրթաշ եւ Թեմել Քարամոլլաօղլու։
Կ՛արժէ իւրանքաչիւրին մասին տալ որոշ տեղեկութիւններ, որպէսզի առաւել յստակ դառնայ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան ընդհանուր պատկերը, գործօնները եւ ընտրական զանգուածներուն միջեւ մրցակցութեան բնոյթը։
1/ Տողու Փերինչեք,- 76 տարեկան այս թեկնածուն հռչակաւոր է Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր ժխտումի եւ ուրացման քաղաքական դիրքորոշումներով։ Ան նաեւ Էրկենեքոն գաղտնի ահաբեկչական կազմակերպութեան շուրջ բացուած հետաքննութիւններուն «հերոս»-ներէն է եւ բանտարկուած է մարտ 2008ին Փերինչեք ձերբակալուեցաւ եւ հինգ օգոստոս 2013ին դատապարտուեցաւ ցկեանս բանտարկութեան։Սակայն մէկ տարի ետք՝ Մարտ 10, 2014ին Փերինչեք եւ բազմաթիւ ուրիշներ ազատ արձակուեցան եւ ան իր քաղաքական ուղեգիծը նոյնացուց Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան գաղափարախօսութեան հետ։ Ասիկա ապացոյց մը եղաւ, որ Փերինչեքի ազատ արձակումը արդիւնք էր քաղաքական համաձայնութեան մը։
2/ Մերալ Աքշեներ,- 62 տարեկան Աքշեներ նախապէս վարած է ներքին գործոց նախարարի եւ խորհրդարանի փոխ նախագահի պաշտօնները։Երկու տարի առաջ Աքշեներ սուր տարակարծութիւններ ունեցաւ ծայրայեղ ազգայնական Ազգային Շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլէթ Պահչելիի հետ եւ հրաժարելով կուսակցութեան շարքերէն՝ իր համախոհներուն հետ ստեղծեց Լաւ կուսակցութիւնը։ Օրէ օր ժողովրդականութիւն շահող Աքշեներ լուրջ մտահոգութեան դուռ բացած է Էրտողանի եւ Պահչելիի համար, որոնք համաձայնաբար ալ տուին նախագահական եւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կայացնելու որոշումը, որպէսզի արգելակեն Աքշեների յաղթանակը։
3/ Մուհարրէմ Ինճէ,- 54 տարեկան Ինճէ թունդ քննադատ մըն է իսլամական կարգեր հաստատելու ճիգեր թափող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան՝ դառնալով Թուրքիոյ աշխարհիկ կարգերու ջերմ պաշտպաններու քաղաքական հոսանքին իտէալական թեկնածուին։Ինճէ նախագահի թեկնածու առաջադրուեցաւ ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան կողմէ, որ Աթաթուրքին հիմնադրած կուսակցութիւնն է։Մուհարրէմ Ինճէ խորհրդարանական մեծ փորձառութիւն ունի։
4/ Ռեճէպ Էրտողան,- 64 տարեկան Էրտողան գործող նախագահն է եւ որուն ճիգերով Թուրքիոյ կառավարման համակարգը խորհրդարանականէն անցաւ նախագահականի։Էրտողան Եւրոպական բազմաթիւ պետութիւններու կողմէ կը համարուի բռնատիրական ձգտումներ ունեցող քաղաքական ղեկավար մը, որ իսլամական անցեալ եւ կրթութիւն ունի։
5/ Սելահէտտին Տեմիրթաշ,- 45 տարեկան այս թեկնածուն քիւրտ է եւ այսօր կը գտնուի բանտի ճաղերուն ետին՝ Թուրքիոյ պետութեան դէմ ահաբեկչական գործողութիւններ հրահրելու ծանր ամբաստանութեամբ։Տեմիրթաշ քրտամէտ Ժողովուրդին Ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներէն մին է։
6/ Թեմել Քարամոլլաօղլու,- 77 տարեկան Քարամոլլաօղլու իսլամական է։ Ան թեկնածու առաջադրուեցաւ Երջանկութիւն կուսակցութեան կողմէ եւ կը հաւատայ, որ Թուրքիա պէտք չէ անդամակցի Եւրոպական Միութեան, իր բոլոր տեսակի կապերը պէտք է խզէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ, ինչպէս նաեւ պէտք է որդեգրէ Էրտողանի հոգեւոր առաջնորդը եղած՝ Նեճմէտտին Էրպաքանի քաղաքական հայեացքները։