Լրահոս

ՎԵՐՍՏԻՆ ՕՊԱՄԱ

 Երեքշաբթի Նոյեմբեր 6, 2012-ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու ընտրարշաւը աւարտեցաւ եւ նախագահ Պարաք Օպամա մնաց Սպիտակ Տան վարձակալ:

Համեմատած 2008-ին, պայքարը աւելի բուռն էր, յատկապէս կարգ մը նահանգներու մէջ, ուր Հանրապետական մրցակից Միթ Ռոմնի բուռն պայքար մղեց եւ միայն ջնջին տաբերութեամբ վճռուեցաւ արդիւնքը: Բանալի նահանգներ` Օհայօ, Ուիսքանսին, Քոլորատօ եւ Վըրճինիա քուէարկեցին ի նպաստ Օպամայի: Բաղդատած չորս տարի առաջուայ, երկու նահանգներ` Հիւսիսային Քարոլայնա եւ Ինտիանա որոնք քուէարկած էին ի նպաստ Օպամայի, այս անգամ քուէարկեցին թէր` Ռոմնիի:

Երկար սպասումէ ետք, Մասաչուսէցի մէջ , Ռոմնի կարճ ելոյթ մը ունենալով, ընդունեց իր պարտութիւնը եւ շնորհաւորեց իր մրցակիցը, որ իր նստավայր` Իլինոյի մէջ հոծ բազմութեան մը առջեւ խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովուրդին, որ անգամ մը եւս վստահեցաւ իրեն եւ իր խումբին:

Նկատի ունենալով արդիւնքները, նշելի է թէ ոչ մէկ բան փոխուած է: Նախագահը մնաց նոյնը, իսկ Ծերակոյտն ու Ներկայացուցչական Տունը յաջորդաբար մնացին Դեմոկրատականներու եւ Հանրապետականներու տիրապետութեան տակ:

Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբը յատուկ նամակով մը շնորհաւորեց նախագահ Օպաման:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button