
Համակարգիչիս չեմ գիտեր ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս փճացած շտեմարանէն կարելի եղաւ փրկել կարգ մը գրութիւններ, ուրիշներ անհետ կորսուեցան: Ճիշդ է, գանձեր չէին, բայց հաստատեցին ինչ որ յաճախ ըսած եւ գրած եմ, որ համակարգիչ եւ թուայնացում օգտակար ըլլալով հանդերձ, անհետացման վտանգի դարպաս են:
Այսինքն գիր-գրականութիւն-գիրք յանձնել թուայնացման իշխանութեան, կրնայ մարդկային միտքի ժառանգութիւնը կորստեան մատնել, նորոյթի կուրօրէն հետեւելով:
Անգլիոյ պատմական եւ հին կալուածագրերու տոմար մը կորսուած է, անվերականգնելի:
Զանազան էջերու շտեմարանս «հարուածուած էր» եւ մասնագէտ երիտասարդ մը յաջողեցաւ «փրկել» անոնց մէկ մասը: Բայց կորսուեցաւ կազմուած լրիւ հատոր, ուր արուեստներու եւ արուեստագէտներու մասին էջերս ամփոփուած էին: Անոնց ալ մէկ մասը, զանազան տեղեր ցրուած, յաջողեցայ գտնել: Հաւանօրէն մամուլի հաւաքածոներուն մէջ կան անոնք, բայց ո՞վ պիտի ընէ այդ արխիւային փնտռտուքի աշխատանքը:
Ի միջի այլոց «փրկուած» էջերէն էր «ՈՒՂՂԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ» խորագրուած յօդուածը, գրուած տասնամեակ առաջ որ այնքա՜ն այժմէական թուեցաւ ինծի, երբ Լոս Անճելըսէն նոր վերադարձած, կը խառնշտկէի «շտեմարանս»: Գաղտնիք չէ, մամուլի էջերուն լոյս տեսած գրութիւններու ճակատագիրն է շուտով մոռցուիլ: Գրութիւնը այժմէական թուեցաւ անոր համար, որ Լոս Անճելըս գտնուած օրերուս ակամայ վկան եղայ հայերէնի հսկայաքայլ տեղատուութեան, վայրագ ձեւազեղծումներով: Հոն հայերէնը կը պահուի շատ սեղմ շրջանակի մը մէջ, շրջանակ մը՝ Նափոլէոնի վերջին պահակագունդին պէս, որ կ’ըսէր թէ կը մեռնի բայց չի յանձնուիր:
Եթէ միայն վերադարձ ընէինք դէպի «մեր մեծերը» եւ լսէին զանոնք…: Բայց գիր-գրականութեան ընթերցումը դարձած ըլլալով գրողներու զբաղում, ո՞վ պիտի բանայ հին էջերը, հարիւր տարուան գիրքերը: Ազգային լեզուի նահանջի հետեւանքով, գիր-գրականութիւն օտար լեզուներով քարոզչութիւն դարձած են, մեր «մշակոյթը» ծանօթացնելու-գովերգելու եւ այդ ալ մշակոյթ համարելու, կամ անձանձրոյթ հոլովումը եւ խոնարհումը «ցեղասպանութիւն-ճենասայտ»ի պարային, խրախճանային եւ ցուցադրական այլ ելոյթներով:
Սպառողական ընկերութեան գինովութեան անձնատուր ենք, այլեւս չենք անդրադառնար որ «յարձակման» ենթակայ ենք, ոչ միայն մեր աշխարհագրական սահմաններուն վրայ եւ կորսնցուցած ենք բազմադարեան մեր հողերը, այլ այսօր յարձակման ենթակայ ենք, եթէ արդէն պարտուած չենք, մեր հոգեկան-ոգեկան սահմաններուն վրայ, ինչ որ չենք կրնար թաքցնել հռետորութեամբ, կարգախօսներով եւ լուսանկարչական զբօսաշրջութեամբ, երթալ-գալով:
Ի՞նչ ըսած է Յովհաննէս Թումանեան, այն տարիներուն, երբ ֆիզիքական բնաջնջման արհաւիրք կ’ապրէինք: Ան կը գրէր «Դիտողութիւններ լեզուի մասին» խորագրին տակ, 1917-ին.
«Դէպքեր են լինում, որ յանկարծական կերպով մի լեզու ենթարկուում է մի ուրիշ լեզուի մասսայական յարձակման, ներխուժումին: Էդ էն ժամանակները յատկապէս երբ ինքը՝ ազգն է ենթարկւում մի այլ ազգի հզօր յարձակման ու տիրապետութեան ու նուաճուում է»:
Եւ նոյն տեղը, Յովհաննէս Թումանեան կը շարունակէ.
«Հայոց լեզուն Սասունցի Դաւթի հօր զէնքն ու զրահն է, որ աչքից գցել ու սնդուկում փակել է անշնորհք, թշուառական հօրեղբայրը: Սասունցի Դաւթի հօր նժոյգն է, որ առանց խնամքի փակել է կեղտոտ ախոռում հաւերի թառի տակ, մինչեւ էդ զէնքով ու զրահով չզինավառուի հայ ժողովուրդը, մինչեւ էդ նժոյգը չհեծնի՝ կը մնայ սրա նրա դրանը խեղճ ծառայ»:
Անշնորհք եւ թշուառական հօրեղբայրներ…
Ազգային-քաղաքական ինչ մեծ իմաստութիւն կայ Յովհաննէս Թումանեանի անպաճոյք խօսքին մէջ, որ իրաւութեամբ յատկանշուող քաղաքական եւ մշակութային ղեկավարութիւնները (անոնք մէկէ աւելի են) կրնար հեռանկարային կերպով ներշնչել, եղածը փրկելու եւ անմիջականի մանրավաճառի վերաբերումները գերանցելով:
Արտաքին ուժերու (նոյնիսկ երբ անոնք բարեացակամ կը համարուին եւ մեզի կը ներշնչեն երախտագիտութեան զգացում) նախայարձակման ենթակայ է հայերէնը, ուր որ ալ գտնուինք, Եւրոպա, Ամերիկաներ, Ռուսիա: Նաեւ Հայաստան, ուր ոչինչ կը կատարուի (գրեթէ) ռուսասովետական նախայայձակումը յաղաթահարելու եւ հայերէնը վերականգնելու: Իսկ հայկական զանգուածներու հայրենալքումը եւ հայրենական տարածքներէ հեռացումը, մեզ կը հասցնէ «օտարի դուռը» եւ մենք կը դառնանք կամաւոր նուաճուողներ:
Յովհաննէս Թումանեանի «սրա նրա դրանը խեղճ ծառայ» ըլլալու դառն զգացումը ունեցած էր նաեւ ուրիշ գրող մը, Վիգէն Խեչումեան, որ նոյնքան դիպուկ կերպով ըսած էր, թէ «ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր որպէսզի չասեն ծառայ» (Գիրք Լինելութեան): Լաւ հիւր ենք ճոխութեան երկիրներուն մէջ, չենք անհանգստանար, բայց կը պատահի՞, որ մենք մեզի հարց տանք, թէ ի՞նչ ենք ի վերջոյ, ծագումով հայու անհեթեթ կացութեան մէջ, անհեթեթութիւն՝ որ մեզ չ’անհանգստացներ, երբ կը դադրինք տէր ըլլալէ հողին եւ ոգեկանութեան: Ոչ զբօսաշրջութիւնը եւ ոչ ալ հայրենասիրական կոչուած երգային աղմկարարութիւնը «տիրութիւն» եւ «ինքնութիւն» են: Աստ եւ անդ…
Լոս Անճելըս, հայկական մեծագոյն քաղաքին մէջ, հայերու խօսած լեզուին մէջ բրինձին քարերը փնտռելու պէս հայերէն բառեր պէտք է փնտռել: Թէեւ երեւոյթը ընդհանուր է, հոն ուր հայեր կան: Եւ այս հեղեղին դէմ ոչ ոք կրնայ յանդգնիլ ամբարտակ բարձրացնելու, քանի որ նման վերաբերում խրտչեցնող է, ինչպէս կ’ըսուի՝ «մարդ կը փախցնէ», այսինքն դէմ կ’երթայ մարդորսութեան:
Եւ դար ու դարուկէս առաջ, Նահապետ Ռուսինեան ունեցած ենք, որ ազգային ժառանգութիւն լեզուն ուզած է պահել հայկական նկարագրով, «ուղղախօսութիւն» ուզած է բերել աշխարհաբարին, հարազատութիւն պահելու համար:
Յովհաննէս Թումանեան ահազանգ հնչեցուցած է օտար ուժերու հայերէնի դէմ կատարած նախայարձակման գիտակցութեամբ: Այսօր կատակ է «ուղղախօսութեան» մասին խօսիլ:
Իրենց ահազանգը մեր կորստեան լեզուներով եթէ հնչէր, հասկնալի կ’ըլլար, բայց, ինչպէս կեղծ իմաստուն մը որ ըսաւ, այդ կ’ըլլար ջուրի երեսին տրուած սուրի հարուած…
Իսկ Լաս Վեկասի պսպղուն լոյսերով սրահներով եւ սեղաններով հմայուած մը իմաստուն խօսք ըսաւ, որ «այսքան կը խօսիք եւ կը գրէք, եթէ լսէին մինչեւ հիմա լսած կ’ըլլային…»:
Ան ալ իրաւունք ունի:
Բայց չէ լսած «Սիզիֆի առասպելը», Le mythe de Sisyphe…
Եթէ Սիզիֆներ չըլլան, կը խրինք Մարքիւզ իմաստասէրի բանաձեւած «միատարածք մարդ»ու ճահիճին մէջ:
Օր մը, ղեկավարի նմանող մը ըսաւ, որ այս հարցերու արծարծումը «յետսապահ գունդի կռիւ է», ֆրանսերէնով աւելի լաւ կը հնչէ. C’eսt un combat d’arrière garde…
Յ. Պալեան, Դեկտեմբեր 6ՙ, 2015, Նուազի-լը-կրան
ՈՒՂՂԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Բարեկամներս սովորական ժպիտով պիտի կարդան այս խորագիրը, մնացեալը կը կարդան թէ ոչ, չեմ գիտեր: Բայց բառը ես չեմ հնարած: Բառը որպէս գրքի անուն գործածուած է աւելի քանի մէկուկէս դար առաջ:
Նահապետ Ռուսինեան (1819-1876), Փարիզ ուսանելէ ետք, 1951-ին վերադարձած է Պոլիս: Զարթօնքի Սերունդի գլխաւոր դէմքերէն մին եղած է: Գիրք մը գրած է, լեզուի քերականութեան համար կանոններ մշակած է, որոնք չեն ընդունուած ժամանակակիցներուն կողմէ: Թէեւ, ինչպէս կը վկայէ Հրանտ Ասատուր, հետագային, հայերէնի քերականութիւնը մշակողներ, օգտուած են իրմէ: Գրքին անունը` «Ուղղախօսութիւն»: Բայց հետաքրքրական է միտումը. Նահապետ Ռուսինեան ուզած է որ նոր ստեղծուող աշխարհաբարը ճիշդ խօսուի, օրէնքներ ունենայ, իւրաքանչիւր անձ իր գիտցած-չգիտցածը եւ խելապատիկէն փչածը օրէնք չհամարէ: Դար անցաւ, եւ այս ազնիւ մտահոգութիւնը խամրեցաւ:
Այդ օրերուն Ֆրանսա ուսանած տղաքը եւ Պոլսոյ «լըվանթէն»ները օտար, մասնաւորաբար ֆրանսերէն բառեր գործածել յառաջդիմութիւն եւ արդիականութիւն կը համարէին: Այսօր «լըվանթէն» չհամարուողներ ալ նոյն ախտէն կը տառապին, ախտը զանգուածային է, Հրազդանի ափին թէ աշխարհի չորս ծագերուն, երբ օտար բառեր եւ անոնց անճոռնի թարգմանութիւնները կ՛ողողեն հրապարակը: Արդեօ՞ք այս մէկն ալ «հայկական ջերմ»ի պէս հիւանդութիւն մըն է: Այս բժիշկ Ռուսինեանը ձեռնարկած է բառակերտումի աշխատանքին, որպէսզի հայը, երբ խօսի, հայերէն բառ գործածէ: Եթէ իր ուղղախօսական կանոնները արուեստակեալ համարուած են եւ չեն որդեգրուած, իր դարբնած բառերէն շատեր որդեգրուած են եւ կը գործածուին մինչեւ այսօր: Օսմանեան տիրապետութեան տակ, ուսումնական անձ մը, Եւրոպայէն վկայուած, հայերէնի բիւրեղացման եւ հարազատութեան ցանկութիւնը ունեցած է եւ այս ուղղութեամբ աշխատած: Այսինքն մերժած է այլասերումը եւ «սնոպիզմ»ը, թեթեւսոլիկներու ցուցամոլիկութիւնը: Լեզուի հարստացումը ընդունած է որպէս նպատակ, փոխանակ դռները լայն բանալով զայն խեղճացնելու:
Նահապետ Ռուսինեան, բժշկութեան ուսանողութեան տարիներուն, բաւարարութիւն տուած է իր մտաւորականի հետաքրքրութիւններուն, հետեւած է գրականութեան դասընթացքներու: Այսինքն չէ ուզած ըլլալ սոսկ «արհեստով բժիշկ» եւ մշակած է իր մէջ մտաւորականը, որ կը յատկանշուի միշտ բազմակողմանիութեամբ: Այս ինքնատիպ մտաւորականը, որ ներկայ եղած է հայ կեանքի բոլոր ճակատներուն վրայ, ունեցած է ներիմացական ընբռնում, ըստ որուն լեզուն նկարագիր եւ ինքնութիւն կը կազմէ: Զարթօնքի Սերունդի իր ընկերներուն հետ, Սուլթանի տիրպետութեան տակ, մշակեց ժողովրդավարական հիմերու վրայ կանգնած Ազգային Սահմանադրութիւն, որ ԺԹ դարուն համար, եւ կրնանք ըսել նաեւ այսօր, յառաջդիմական գաղափարներու արտայայտութիւն է: Հրանտ Ասատուր կը պատմէ «Դիմաստուերներ»ուն մէջ, որ Ռուսինեան թարգմանած եւ հրատարակած է «Ռիւյ Պլաս»ը, հեղինակին` Վիքթոր Հիւկոյի արտօնութեամբ, որ պայման դրած է «որ իր հեղինակի իրաւունքը աղքատներուն տրուի»: Ինք աւելին խոստացած է. աղքատներուն տալ ամբողջ շահը:
Կը խորհիմ որ «ուղղախօսութիւն» է, քերականական կանոններու կողքին, գործածել հայերէն նոր բառեր, նոյնիսկ եթէ անոնք նոր ստեղծուած են օտար լեզուներու մէջ, փոխանակ զանոնք սա կամ նա ձեւով փոխադրելու հայերէնի մէջ: Այսպէս, Նահապետ Ռուսինեան իրենց «փափկակեր»ի խնջոյքներուն «ճաշացուցակ»ները ինք կը պատրաստէր, միշտ Հրանտ Ասատուրի վկայութեամբ: «Ճաշացուցակ»ի փոխարէն ըսած է «ճաշոց», «կողիկ» – ոչ côtelette ոչ «կաստալետտա» -, «թերթուշ», – mille feuilles -, «բաչա»յի փոխարէն «տոտիկ», «տոլմա»յի փոխարէն «պլլոր»: Լսենք Հրանտ Ասատուրը. «Գիտական ու բժշկական բառեր ալ կը դարբնէր: Ինք շինած էր շփուր բառը ելեկտրականութեան իմաստով: Ինք շինած էր ապակեդրոնացում բառը եւ ապակեդրոնացման գաղափարն ալ ինք պաշտպանեց Ազգային Ժողովին մէջ: Ինք շինած էր թերթօն բառը feuilletonի իմաստով, որուն հետեւողութեամբ Իւթիւճեանն ալ յօրիներ էր կտրօն բառը couponի իմաստով… Եւ ուրիշ որքա՜ն սիրուն բառեր որոնցմէ ոմանք այսօր իսկ կը գործածուին յաճախ. տարփիկ (amourette), տածուհի (duègne), սիրագիր (billet doux), քմոյշ (fantaisie), կեղծամ (perruque), տոհմիկ (gentilhomme), սիրասէր (galant), ծնրածալութիւն (révérence), բազկաթոռ (fauteuil), ժախնոց (égout), թագստոց (cachette), սպասիկ (valet de chambre), արմկայեց (accoudé), կլլոր (pillule), զինանիշ (écusson), հովկուլ (gueux), եւայլն»: Հրանտ Ասատուր կըսէ նաեւ որ «Տիար» բառն ալ Ռուսինեան շինած է, հետեւութեամբ «Տիկին»ի…
Ինչպէս կը նկատուի, կարգ մը բառեր կը շարունակուին գործածուիլ: Այս բառերը, եւ նման բառեր, ինչո՞ւ չգործածել, փոխանակ մեր մուրացիկի պնակը բռնելու ռուսերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի, արաբերէնի եւ թրքերէնի առջեւ: Հարիւր յիսուն տարի առաջ, Նահապետ Ռուսինեան թումբ կը կանգնէր, ներիմացմամբ, – ոչ intuitionով եւ ոչ ալ «ինտուիցիա»յով -, լեզուի եւ ընդհանրապէս ինքնուրոյնութեան այլասերման դէմ:
Ֆրանսացին կը հակազդէ եւ չուզեր գործածել e-mail ընդհանրացած բառը, կըսէ` courriel, իսկ մենք յամառ կերպով կը գործածենք օտար բառերը, «ինտեռնետ», «վեպսայտ»…: Աւելի վատ. լատինական տառերով հայերէն կը գրենք, կենսագործելով խորհրդային իշխանութեան ծրագրած չարիքը, որ ուղղագրութիւնը սխալագրութեան վերածած Լուսժողկոմի նախարար Պօղոս Մակինցեանի խոստովանութեամբ, նպատակ էր անցնիլ լատինատառ հայերէնի: Երբեմն այս հարցերուն մասին խօսիլ մեղանչում չէ, նոյնիսկ եթէ «ծագումով հայ»եր եւ «նոմանքլաթուրա»յի ժառանգներ պիտի վշտանան, պիտի խրտչին: Եթէ Նահապետ Ռուսինեան ապրէր պիտի տեսնէր, թէ ինչպէս «ուղղախօսութիւն»ը «սխալախօսութիւն» կը դառնայ, ինչպէս «ուղղագրութիւն»ը դարձաւ «սխալագրութիւն», դեկրետով պարտադրուեցաւ ապազգային եւ բռնատիրական վարչակարգի մը կողմէ, իսկ պիտի զարմանար, որ բռնատիրութեան տապալումէն ետք ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս «սխալագրութիւն»ը կը շարունակուի եւ իր տեղը չի տար հարազատ ուղղագրութեան:
Բայց ո՞վ կը յիշէ Նահապետ Ռուսինեանը: Ո՞վ կը մտահոգուի «ուղղախօսութեամբ»: Եւ կըսենք սեքսուալ, ռեստաւրացիա, թայմ աութ առին, կոլլապս եւ այս ձեւով հայերէնը կ’ապամոնթաժեցնենք… եւ արդարացման բացատրութիւնը վարդապետականօրէն կը կրկնենք, ըսելով որ լեզուն «սոցիալական երեւոյթ է», մոռնալով որ ան ազգի ինքնութիւն պահած եւ փոխանցած է:
Մխիթարական է, որ տակաւին կան մարդիկ որոնք ուղղախօսութենէն չեն անջատեր ուղղագրութիւնը, նոյնիսկ եթէ հայ զանգուածները նման հարցերու նկատմամբ հետաքրքրութիւն չունին, խայտաբղէտ ղեկավարութիւնները մեծ-մեծ գործերով կը զբաղին եւ ժամանակ չունին «սխալագրութեան» վիզը ոլորելու:
Ուղղախօսութիւնը, եւ նոյն գծին վրայ` ուղղագրութիւնը, հայ մարդուն առաքինութիւնը պէտք է դառնան, ազգի անխարդախ երթը ապահովելու համար: Ուղղախօսութիւն եւ ուղղագրութիւն` տունը, դպրոցը, թաղականական ժողովներէն մինչեւ խորհրդարան, թերթերու մէջ, բեմերու վրայ:
Այս խնդիրները մենաշնորհը չեն ընտրանիի մը, փակ շրջանակի մը, անոնք ազգի գոյատեւման կ՛առընչուին, եւ այս իրաւունքով, հայ մայրը, հայ արհեստաւորը, լրագրողը, բժիշկը, նպարավաճառը, երիտասարդը, տէր պիտի կանգնին, արժանապատուութեան հարց պիտի դարձնեն ուղղախօսութիւնն ու ուղղագրութիւնը, մասնակից եւ մեղսակից չըլլալու համար ազգի դիմազեղծման:
Օսմանեան տիրապետութեան տակ այս ազնիւ մտահոգութեամբ ապրած հիանալի մարդոց օրինակին ինչո՞ւ չհետեւիլ, հիմա որ կ’ապրինք ազատ պայմաններու մէջ, ուսում կը ստանանք եւ սաւանի պէս վկայականներ ալ ունինք: Բայց երբ ցեց կը մտնէ մեր հոգիին մէջ, խեղճանալով կ’ըսենք որ լաւ է որ այս կամ այն օտար լեզուով կը գրենք, քանի որ այդ բոլոր բաները հայերէնով պիտի չկարենայինք ըսել: Եւ փող ու թմբուկով կը ծափահարենք «ծագումով հայ» ըլլալու անձնատուութիւնը:
Ժամանակակից Թուրքիոյ պայմաններուն մէջ, քաջ պատրիարք մը հեռատեսիլէն հայերէն կը խօսէր եւ թարգմանել կու տար, նախագահին հետ երբ տեսակցէր, հայերէն կը խօսէր եւ թարգմանել կուտար: Թրքերէն գիտէր, ան իր մայրենի լեզուն էր: Բայց ինքնութեան գիտակցութիւն ունէր: Առաջին անգամը չէ որ կը յիշեմ այս Մեծ Հայուն օրինակելի ընթացքը: Անունը` Շնորհք պատրիարք:
Հոգեհարազատ ղեկավարութիւնը ազգին առջեւ պատասխանատուութիւն ունի պահելու Նահապետ Ռուսինեանի եւ Շնորհք պատրիարքի ոգեկան ժառանգութիւնը, արժանի ըլլալու համար ազգի երախտագիտութեան, որպէսզի ազգի վերականգնումը չըլլայ սոսկ աթոռի, աթոռակի եւ լումայափոխի մտմտուք:
Յ. Պալեան, Դեկտեմբեր 17, 2005