
խմբագրական
Տարի մը թաւալած է Հ.Հ. նախագահական ընտրութիւններէն, որոնց յետընտրական պատկերը շատ աւելի հետաքրքրական եւ անակնկալներով լեցուն էր, քան նոյնինքն այդ օր` Փետրուար 18, 2013-ին ստեղծուած վերընտրական պատկերը:
Եթէ ընտրութեան օրը յատկանշուած էր, Սերժ Սարգսեանի ստեղծած “Դէպի Ապահով Հայաստան…եւ Վերընտրութիւն“ լօզունքով, անոր յաջորդող քանի մը օրերն ու նոյնիսկ շաբաթները կը յատկանշուէին Րաֆֆի Յովհաննէսեանի “բարե՛ւ“ յեղափոխութեամբ, որուն միացած էին ընդդիմադիր կուսակցութիւններ եւ շարժումներ:
Հայորդիին համար, դեռ թարմ է դէպքերու անցուդարձն ու անոր հետեւանքը:
Քանի մը շաբթուայ տեւողութեան ընթացքին, նոյնիսկ մայրաքաղաք Երեւանէն դուրս “Բարե՛ւ Յեղափոխութիւն“ը տարածուելով, հետզհետէ նօսրացաւ եւ տեղի տուաւ…“բարե՛ւ“ելով վերընտրութեան, վերընտրուողին` Սերժ Սարգսեանին, որ պատշաճօրէն, փռուած կարմիր գորգին վրայէն յառաջանալով, տօնեց իր հինգ տարիներու “թագադրութիւն“ն ու ճանապարհային քարտէսը:
Տարի մը անցած է այս դէպքերէն եւ տեղին է հարցադրել թէ ու՞ր կը գտնուի “Դէպի Ապահով Հայաստան“ լօզունքին ետին կանգնած ներկայ ղեկավարութիւնը: Այս գծով, նախագահ Սարգսեանի համաձայն, վերջին տարիներուն Հայաստանի տնտեսութիւնը արձանագրած է հետեւողական եւ կայուն աճ: Այնքան մը որ, նախագահը կը հաստատէ թէ Հայաստանի տնտեսութիւնը առողջ եւ ամուր է, եւ թէ տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցած էական փոփոխութիւնները, այնքան մը կազմակերպուած կերպով կատարուած են, որ աւիշ կը հանդիսանան, ապագային եւս լաւ տնտեսական աճ ապահովելու համար: Մնալով տնտեսական-ընկերային բնագաւառէն ներս, Սարգսեան կ՛անդրադառնայ պարտադիր կուտակային համակարգին մասին, շարունակ իր համամտութիւնն ու մեղսակցութիւնը արտայայտելով:
Միեւնոյն ժամանակ, Սարգսեան շեշտեց թէ Մաքսային Միութեան անդամակցելով, գիներու բարձրացում պիտի չկատարուի:
Փոխարէն, ամիսներ շարունակ բեմահարթակէ հեռու, Րաֆֆի Յովհաննէսեան, յայտնեց թէ, ներկայ պայմաններու տակ կարելի չէ լքել եւ հեռանալ: Ընդհակառակը, անոր համար առաջնահերութիւն մըն է պետութեան ազատագրումը:
Վերջին ամիսներուն բեղուն եղած է “Ազատութիւն“ հրապարակը, իր զանազան եւ զարմանազան հաւաքներով եւ ցոյցերով, որոնց պատճառը փտածութիւնն ու գոյութիւն ունեցող շահագործող փոքրամասնութեան մը դէմ յանդիման գտնուող շահագործուողը…սկսելով փոխադրամիջոցներու գծով, գիներու բարձրացման մտայղացումէն մինչեւ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգ:
Անշուշտ առանց մոռնալու ահաւորը` արտագաղթը, որուն պարագային, ցուցարարը “Ազատութիւն“ հրապարակ ուղղուելու փոխարէն, պարզապէս Զուարթնոցի օդակայան կ՛ուղղուի…
Արդէն տարիներէ ի վեր, Փետրուար 18-ը (1921-ի ապստամբութիւններ) պատմական օր մըն է Հայաստանի համար եւ խորհրդանիշն է ըմբոստութեան եւ ապստամբութեան, յաչս` տիրող անիրաւութեան, անարդարութեան եւ բռնակալութեան…
Յօ՞ երթանք …դէպի ո՞ր ուղղութիւն: Վստահաբար …փռուած կարմիր գորգի վրայով չենք յառաջանար:
Քարքարոտ եւ փշոտ է ճամբան: