ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ՝ ՀԱԼԷՊԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ ՃԵՄԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

0 0
Read Time:26 Second

ՀԱԼԷՊ (”Գանձասար”)․- Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտութիւնը վերամուտը դիմաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, Ազգային Վարչութեան, Ճեմարանի Խնամակալութեան, Ուսումնական Խորհուրդին, Ճեմարանի Տնօրէնութեան, Ուսուցչական Կազմին եւ վարչական պատասխանատուներուն ներկայութեան:
Ճեմարանի տնօրէնին բարի գալուստի խօսքէն ետք, Սրբազան Հայրը իր պատգամը տուաւ, ապա բոլոր աշակերտներուն աղօթագիրք նուիրեց՝ դիտել տալով որ աղօթագիրքը եթէ բարձի տակ պահուի, մեռեալ կը դառնայ, կուռքի կը վերածուի: Աղօթագիրքերը կարդալու, իրենց բովանդակած պատգամները մեր բարի ընթացքով կեանքի կոչելու համար են:
Աւարտին, տնօրէնը յայտարարեց, որ վերամուտին առիթով Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը Ճեմարանի աշակերտութեան անհրաժեշտ բոլոր տետրակները պիտի ապահովէ խորհրդանշական գումարներով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles