ՎԵՐԱՀԱՇՈՒԱՐԿ…ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՔ

0 0
Read Time:1 Minute, 42 Second

p2 broshian2

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Հաւանաբար չափազանցութիւն ըլլայ կամ ծայրայեղութիւն ըլլայ չորս հազարէն պակաս ընտրողներէ բաղկացած տարածաշրջանի մը մասին անդրադառնալը, սակայն այս պարագային այդ ընտրողներու թիւը չէ կարեւորը, այլ այդ ընտրութեան ետին կանգնող պայմաններն ու դրդապատճառները:

Արդարեւ, անցեալ շաբաթավերջին, Կոտայք մարզի Պռոշեան շրջանի գիւղապետի ընտրութիւնն է որ տեղի ունեցաւ: Նախքան արդիւնքներուն մասին անդրադառնալը, տեղին է կրկնել թէ ի՞նչ պայմաններու տակ կատարուեցաւ այս ընտրութիւնը: Անարգ ոճիրի մը արդիւնքն էր այս ընտրութեան պատճառը, որուն ստեղծուած կացութիւնն ալ նոյնքան անարգ ու վատառողջ է, որքան նոյնինքն ոճիրը:

2005-էն ի վեր պաշտօնի վրայ եւ միշտ ալ բուռն պայքարներէ ետք, յաղթական դուրս եկած Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամ` գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի պարտութեան մատնելու միակ միջոցը, դիմելն էր ծայրայեղ միջոցին` մահափորձին: Դիւրին եղաւ այս մէկը իրագործելը, որովհետեւ Արցախեան ճակատամարտներու մասնակցած այս անխոնջ ու համեստ հերոսին համար, անհաւատալի եւ աներեւակայելի էր թէ »Բրուտոս«ներ գոյութիւն կրնային ունենալ հայրենիքի սրտին մէջ, եւ յանդգնէին այս յետին սադրիչ միջոցին դիմելու:

Եւ Ապրիլ 2, 2013-ին կատարուած այդ ոճիրին արդիւնք, բնականաբար պիտի կատարուէր թափուր մնացած աթոռի ընտրութիւն:

Այս անգամ կրկին մրցակցութիւնը բուռն էր:

Քուէարկողներու եօթանասուն առ հարիւր համեմատութիւնը, իր մասնակցութիւնը բերած էր այս ընտրութեան եւ անգամ մը եւս բուռն պայքարէ ետք…միայն քանի մը տասնեակ քուէի տարբերութեամբ, Հանրապետական Կուսակցութեան թեկնածու Արթուր Մուրատեանը, յաղթական դուրս եկած էր, գերազանցելով Հ.Յ.Դաշնակցութեան թեկնածու եւ սպաննուած գիւղապետի ընտանեկան պարագաներու աջակցութիւնը վայելող` Վովա Սիմոնեանին:

Հետաքրքրականը այն է թէ այս ընտրութիւններու նախօրեակին, կեանքի կը կոչուէր “Հրաչ Մուրատեան.- Արդարութեան Պահանջ“ հասարակական շարժումը, որուն նպատակն է ներկայացնել Հրաչ Մուրատեան տիպարը, որ իր երկրին, հողին, պետութեան եւ գիւղի բնակչութեան նուիրուած անձնաւորութիւն մըն էր:

Հասարակական լայն շրջանակներ ընդգրկող այս շարժումը, հետեւողականօրէն պիտի պահանջէ յաւելեալ հետապնդման աշխատանք եւ այդ ոճիրի ետին կանգնող մութ ձեռքերու բացայայտում: Այդ հասարակական շարժումը, իր ստեղծման առաջին օրէն իսկ բազմազբաղ կը թուի ըլլալ, մանաւանդ որ նկատի ունենալով կատարուած ընտրութեան մթնոլորտը, Մուրատեանի կողմնակից` Վովա Սահակեան պահանջած էր քուէներու վերահաշուարկ, ամբաստանելով  իշխանութիւնը, որ անգամ մը եւս, իր լծակներուն դիմած էր, որպէսզի պաշտպանութեան նախարարին հրամանով, համակարգի բոլոր աշխատողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ընտրակաշառք բաժնուի եւ բնականաբար այս վերջինները իրենց քուէարկութիւնները կատարեն ի նպաստ Հանրապետական Կուսակցութեան թեկնածուին:

Ապարդիւն վերահաշուարկ…եւ արդարութեան պահանջք: Կեանքը կը շարունակուի Պռոշեանի մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles