Վերագտնելով Հայոց Զմիւռնիան

0 0
Read Time:4 Minute, 6 Second

p14 b

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

 «Ակօս»
Վիպագիր Սուփհի Վարըմ, թեւս բռնած, զիս դուրս կը քաշէ։
– Կը տեսնե՞ս այս հսկայ տարածութիւնը։
Այո՛, կը տեսնեմ։ Ընդարձակ պարտէզ մըն է, ջրաւազաններով, ծառ-ծառաստան, կան բացօթեայ սրճարաններ, աւելին՝ հոն կառուցուած են էքսփոյի հսկայ շէնքերը, ուր տասնամեակներէ ի վեր միջազգային ցուցահանդէսներ տեղի կ֊՚ունենան։
– Ահա՛ հայկական թաղամասը, Հայնո՛ցը։
Կը ցնցուիմ։p14 smyrna-15
– Սա հսկայ դուռը, օրինակ, ուրկէ մարդիկ ելումուտ կ֊՚ընեն, կը տեսնե՞ս։ Ս. Ստեփանոս մայր եկեղեցին այդտեղ էր։ Կից՝ առաջնորդարանը եղած է։
Զարմանքս փարատել կը ջանամ, երբ ան ծխիկ մը վառած, յուզումով կը պատմէ Զմիւռնիոյ հրդեհին մասին, Սեպտեմբեր 1922ին, որ մոխիրի վերածած է Հայնոցը։
Բարի՛ եկար Իզմիր…, որ զերծ մնացած էր 1915ին երկիրը լափլիզած խորշակէն՝ քանի մը տարի ետք յանձնուելու համար կրակի հսկայ բոցերուն ու անվերադարձ ջնջուելու համար ո՛չ միայն հայոց պատմութեան մատեաններէն, այլեւ հայ մարդու յիշողութենէն ալ։
Ցեղասպանութեան «գաղտնիքը» տասնամեակներ շարունակ պահած՝ հազար փականքով կղպուած սնտուկը բացուած է արդէն հասարակական ճնշումին դիմաց, եւ մարդիկ կը խօսին, կը քննարկեն, կը վիճին։ Յիշատակներու, յիշողութեան լեռ մը գոյացած է, կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, տպագրուած գիրքերուն համրանքն ալ անկարելի է գիտնալ։
Բայց Զմիւռնիոյ հրդե՞հը… Կարծէք դեռ երէկ պատահած ըլլայ, եւ մարդիկ վախն ու երկիւղը տակաւին թօթափած չըլլան իրենց հոգիներէն։ Շշուկներով կը խօսին, պաշտօնականէ դուրս նոր տեսակէտ մը կարդացած ըլլալու հրճուանքը կ֊՚ոգեւորէ զիրենք, արգիլեալ հաւատք մը ընդգրկելու գաղտնապահութեամբ՝ համայնքներ կազմած, ճշմարտութիւնը գտնելու գոհունակութիւնը կ֊՚ապրին պզտիկ սենեակներու մէջ։
Զիս բանախօսելու հրաւիրած կազմակերպութեան ներկայացուցիչը շուտով կը հասնի մեր ժամադրավայրը։ Սանկ պզտիկ շրջապտոյտ մը կ՚ընենք Իզմիրի փողոցներուն մէջ։ Կ֊՚ուզեմ հայկական որեւէ հետք մը տեսնել։ Անշուշտ, դեռ չէի գիտեր, թէ պերճանք մըն էր արտայայտել նման փափաք մը, երբ ոչ իսկ յունական յուշարձան մը, հետք մը նշմարելի է։p14 smyrna-1 mesrobian school
Ազնիւ ուղեցոյցս կը խօսի յունական եկեղեցւոյ մը շրջափակին հաստատուած մամլոյ թանգարանին մասին։ Անմիջապէս կ՚ուզեմ տեսնել։ Մեր քայլերը կ֊՚ուղղենք Պասմանէի փողոցները։ Պատմական քանի մը շէնքեր՝ լքուած, կքած, կը սպասեն իրենց վերջնական փլուզումին։ Գաղթակայանի մը վերածուած թաղին նեղ փողոցները վերջապէս մեզ կը հասցնեն այլեւս հանդիսասրահ դարձած Այ Վուքլա եկեղեցին, որու փակին տեղւոյն լրագրողներու ընկերակցութիւնը հիմնած է թանգարանը։
Հայ մամուլին գանձարանն էր այս քաղաքը, որու մամլոյ թանգարանին մէջ «լիւթֆէ»ն յիշուած կը գտնեմ «Արշալոյս Արարատեան»ին անունը միայն, ուղղագրական սխալներով ու համառօտուած, որ սխալմամբ հոն յայտնուած ըլլալու տպաւորութիւնը կու տայ ինծի։ Ոչ մէկ խօսք անշուշտ զմիւռնահայ մամլոյ երախտաւորներուն մասին… Չեմ գիտեր, մխիթարութի՞ւն պէտք է համարել Հրանդ Տինքին լուսանկարն ու անունը՝ նահատակ լրագրողներու շարքին։ Այս պայմաններու տակ՝ թերեւս…

«Գիտե՞ս,- կը յարէ ազնիւ ուղեկիցս,- էքսփոյին տարածքը երբ փորես՝ տակաւին սեւ մուրը կը նշմարուի»։ Իր խօսքերը, չեմ գիտեր ինչու, զարմանալի չեն այլեւս ինծի համար։ Առնուած եմ զմիւռնական մթնոլորտի մէջ, ուր ամէն ինչ յստակ է, սակայն ծածկուած լռութեան թաղանթով, որ աւելի թանձր է, քան շուրջ հարիւրամեայ մուրի խաւը Հայնոցի յատակին։
1915ին սկսած ցեղասպանութիւնը եօթը տարի ետք՝ 1922ին պիտի հասնէր Զմիւռնիա, ուր արդէն մարդիկ անձկութեամբ կը սպասէին իրենց ճակատագիրի տնօրինումին։ Զմիւռնիան վերջին հանգրուան մըն էր, ուր ապաստանիլ կը փութային նաեւ շրջակայ ու մերձաւոր քաղաքներուն հայերը։ Բախտաւորները ծովն անցած, հասած էին Եգէականի հանդիպակած ափերը, նոյնիսկ աւելի հեռուները՝ դառնալու համար Ալեք-Մանուկեաններ։ Սակայն ծովը պիտի չօգնէր մարելու հրդեհը, բալասան պիտի չդառնար զմիւռնահայ հինաւուրց գաղութին համար։
Սուրբ Ստեփանոս մայր եկեղեցին, ուր Դուրեան առաջնորդ եղած էր ժամանակին, Մեսրոպեան, Հռիփսիմեան վարժարանները, ուրկէ Ոսկանեաններ, Կոստանդեաններ, Մամուրեաններ հասած էին, Սպարթալեաններու ձեռագործը՝ Ս. Լուսաւորչեան ազգային հիւանդանոցը, Մխիթարեան վարժարանը, ուր Հալիթ Զիյա կրթութիւն ստացած էր, գերեզմանատունը, ուր Չուխաճեան կը ննջէր, տպարանները, ուրկէ Հիւկոյին «Թշուառներ»ը լոյս տեսած էր, տաքուկ տուները, որոնց պատուհաններէն դուրս կը հոսէին Ստեփան Էլմասի դաշնամուրի առաջին ձայնանիշերը, յիշատակ իսկ չեն այլեւս ու լեզուիս վրայ բառ մը չունիմ բնորոշելու համար իրենց տեղը հոգիիս աշխարհագրութեան վրայ։p14 port smyrna-15a
«Սիրելինե՛ր,- յուզումս զսպել ջանալով, կը դիմեմ փոքրիկ սրահը հաւաքուած ներկաներուն,- շնորհակալութիւն, որ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի այս օրերուն կ֊՚առերեսիք անցեալին հետ, կը բարձրացնէք այդ սեւ ու ծանր քօղը, որմով ծածկուած է այս քաղաքին անցեալը»։ Ու կը սկսիմ լուսանկարներով պատմել Զմիւռնիոյ հայ գաղութին մասին՝ եկեղեցիները, վարժարանները, հիւանդանոցը, գերեզմաննոցը, մարզակումբները, մամուլն ու տպարանները, յայտնի դէմքերը, անփոխարինելի տեղն ու մեծագոյն դերը հայկական լուսաւորութեան մէջ։
Ունկնդիրներս, որոնք յեղափոխական-ձախակողմեան գաղափարներով տոգորուած անձեր են, զարմանքով կը լսեն 1848ին Փարիզի պատնէշներուն վրայ պայքարած ու թագաւորական պալատը գրաւողներու շարքին գտնուող Ստեփան Ոսկանեանի մասին, մաթերիալիզմի ու աթէիզմի ռահվիրայ Գալուստ Կոստանդեանի մասին, որու գիրքերը բանադրուած ու վառուած էին եկեղեցւոյ կողմէ, Մատթէոս Մամուրեանի մասին, որ Մարքսի գաղափարները կը տարածէր՝ դրուատելով Բ. ու Գ. Միջազգայնականները։ Բանախօսութեանս աւարտին, ա՛լ իրենցն է խօսքը։ Աշխոյժ քննարկում մը կը սկսի սրահին մէջ, որ գիշերուան մինչեւ ուշ ժամերը շարունակուէր գուցէ՝ եթէ չըլլար օդակայան փութալու անհրաժեշտութիւնը։p14 hripsimiants smyrna-3
Բժիշկ մը, յիսունը թեւակոխած, սիրայօժար զիս պիտի հասցնէ օդակայան։ Կը խոստովանի, որ իր ճամբուն վրայ չէ օդակայանը, սակայն կ֊՚ուզէ խօսիլ հետս։ Սղերդէն են արմատները։ Վաղամեռիկ հօրը հետ զրուցելու առիթ չէ ունեցած, սակայն լուրջ կասկածներ ունի իր ազգային պատկանելիութեան մասին։ Կը պրպտէ, կը հետաքրքրուի, կը կարդայ, կը խօսի։ Գլխիվայր շրջած է այն պատմութիւնը, զոր աւանդած են իրեն։ Նոր մէկն է այլեւս։ «Հաւատացեալ մը՝ գնեալ արեամբն… նահատակաց»։
Վերադարձիս, երկու օր ետք, Թիւնելի հրապարակին վրայ կանգնած, կը մտաբերէի Զմիւռնիան, ուր նոյն ժամերուն, Թալէաթ փաշայի ծառուղիին վրայ արդարութիւն ու հատուցում կը պահանջէին իմ ազնիւ բարեկամներս, որոնք իրենց հունը գտած ջուրի կաթիլներ են՝ ատակ լռութեան ու մոռացումի պատերը ճաթեցնելու ու նոյնիսկ կործանելու։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles