ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «ԱՒՐՈՐԱ» 2022-Ի ՄՐՑԱՆԱԿԻ ՇՆՈՐՀՈՒՄԸ

Վենետիկի (Իտալիա) մէջ, Հոկտեմբեր 14–16-ին տեղի ունեցան 2022 թուականի «Աւրորա» մրցանակի շնորհման արարողութիւնն ու ատոր ուղեկցող շարք մը միջոցառումներ։ Ներկայ էին մարդասիրութեան ոլորտի աշխարհի առաջատարները՝ ժամանակակից հերոսներուն արժանին մատուցելու եւ մարդոց օգնութեան ձեռք մեկնողներու յաջորդ սերունդը քաջալերելու:
Հոկտեմբերի 15֊ի երեկոյեան ժամը 19-ին Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ կայացած հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ աղօթքի արարողութիւն, ուր խօսք առաւ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան։
Սրբազան Հայրը վերյիշեց հայ ազգի պատմութեան ամենամութ ժամանակաշրջանը, երբ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ միլիոնաւոր հայեր հալածուեցան, նահատակուեցան եւ ստիպուած լքեցին իրենց հայրենիքը:
Եռօրեայ միջոցառումներու եզրափակիչ արարողութեան ընթացքին, «Աւրորա» մրցանակի դաբնեկիր ճանչցուեցաւ Ճամիլա Աֆղանին՝ Աֆղանիստանի կանանց եւ աղջիկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքներուն ունեցած իր բացառիկ նուաճումներու համար։ Որպէս NECDO՝ կրթութեան եւ կարողութիւններու զարգացման կազմակերպութեան հիմնադիր՝ 25 տարի ան կը պայքարի Աֆղանիստանի կիներու կրթութիւն ստանալու հնարաւորութեան եւ իրենց իրաւունքներու յստակ գիտակցման համար։
Յիշեցնենք, որ ամէն տարի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրին դրամական պարգեւ կը շնորհուի, մէկ միլիոն տոլար, անոր ընձեռելով բացառիկ հնարաւորութիւն շարունակելու նուիրատուութեան շղթան եւ աջակցելու այն կազմակերպութիւններուն, որոնք կ՛օգնեն այլոց: 2016 թուականի մեկնարկէն ի վեր, մարդասիրական նախաձեռնութիւնը օգնած է աւելի քան 2,6 միլիոն մարդու ամբողջ աշխարհի մէջ:



