ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՎԵՀ ՕՐԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 17 Second

Այս օրերուն էր. . .Մայիսեան գարնանային օրերուն. . .93 տարի առաջ, երբ պատահեցաւ այդ անմոռանալի երաշխիքի օրը:
Պատմակերտ թուական է Մայիս 28, 1918ը: Իմաստուն խորհուրդի եւ հայ ազգի գոյութեան երաշխիքի վեհ օրը:
Քանի մը ամիս ետք, Սեպտեմբեր 21, 2011ին պիտի նշուի Հ.Հ. վերանկախացման քսանամեակը: Այսպէս դեռ քսան տարի առաջ, փուլ եկած էր Խորհրդային Միութիւնը, եւ վերստին հնչեցուցած անկախութեան ղօղանջները:
Հոս տեղին է շեշտել թէ, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի ճակատամարտերուն, եթէ թրքական յառաջխաղացքը չկասեցուէր, բնականաբար պիտի չունենայինք վերանկախացման հող, հանրապետութիւն, հայրենիք եւ Հայաստան աշխարհագրական հասկացողութիւնը:
Համաթուրանական շարժումն էր, որ հայ ժողովուրդի արեւմտահայ զանգուածը կոտորելէն ետք, այս անգամ կը սպառնար բնաջնջել հայութեան արեւելեան շրջանի մնացորդացը:
Պատմութի՞ւնն է որ կը կրկնուի…բնականաբար եւ անշուշտ տարբեր պայմաններով, իրադարձութեամբ եւ աշխարհաքաղաքականութեամբ:
Տեղին է անգամ մը եւս մատնանշել թէ, Հայաստանի անկախացման եւ վերանկախացման տօները ամէն բանէ առաջ, հայ ազգի գոյութեան շարունակականութիւնը ապահովող խորհուրդ կը պարփակեն իրենց մէջ:
93 տարի առաջ, թրքական զօրքը Ալեքսանտրապոլը (Գիւմրի) գրաւելէն ետք, կը յառաջանար դէպի Երեւան եւ Սուրբ Էջմիածին: Իսկ ցայսօր, այլ թրքական յառաջխաղացք մը գոյութիւն ունի, այդ ալ քաղաքականդիւանագիտական գործունէութեան դաշտէն ներս… Նոյնքան վտանգաւոր կացութիւն ստեղծելով, որքան պայթուցիկ մթնոլորտ ստեղծած ռազմադաշտէն ներս:
Թրքական այլամերժ յառաջխաղացքը կը շարունակուի, ոչ թէ միայն Կովկասեան եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղութեամբ, այլ նաեւ դէպի ամբողջ հայութիւն ի սփիւռս աշպարհի:
Դեռ ամբողջացնելու համար օղակը, աքցանը աւելի կը սեղմուի միւս կողմէն ալ, Ատրպէյճանի թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ռազմական ճնշումներով:
Այսպէս, Հայաստանի անկախացումով եւ վերանկախացումով կերտուած հայրենիքի գոյութեան եւ անվտանգութեան կը սպառնայ թրքական ու ատրպէյճանական ղեկավարութեանց ձեռնարկած դիւանագիտական արշաւը, որուն դէմ պայքարելու համար, երկա՜ր ու տարբեր ճակատամարտներ պիտի մղուին:

Խմբագրական – ʼʼՀայրենիքʼʼ
Մայիս 27, 2011

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles