
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«Հայրենիք»
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 12 Օգոստոսին «Ազ.Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնցմէ կ’առանձնացնեմ երկուքը։
«Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է, սակայն սկիզբը դէմ էին։ Այժմ՝ յառաջիկայ շաբաթներուն, անոնցմէ կը սպասենք Զանգեզուրի միջանցքի ճամբան», յայտարարեց Ալիեւ՝ հակասելով երկու օր առաջ՝ 10 Օգոստոսին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի «Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ կապուելու համար ունի այլընտրանքային ճամբայ Արաքս գետով` շրջանցելով Հայաստանը: Այդ նպատակով, ըստ Իրանի հետ համաձայնութեան, Պաքուն արդէն սկսած է Արաքս գետին վրայ առաջին կամուրջի կառուցումը» յայտարարութեան։
«Ազատութիւն»-ը Ապրիլի սկիզբը հաղորդած էր, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հաստատած է «Ատրպէյճանի եւ Իրանի կառավարութիւններուն միջեւ Ատրպէյճանի Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական շրջանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ նոր փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ստեղծման մասին յուշագիրը»՝ աւելցնելով, որ Պաքուն եւ Թեհրանը փաստաթուղթը ստորագրած են մարտին, եւ նշած, որ յուշագիրին համաձայն, կողմերը մտադիր են նոր երկաթուղային եւ ինքնաշարժներու ճամբաներ կառուցել, ստեղծել ուժանիւթի մատակարարման ուղիներ:
«Այդ նախագիծերը կեանքի կոչելու համար կը նախատեսուի Արաքս գետին վրայ կառուցել չորս կամուրջներ, որոնցմէ երկուքը պիտի ըլլան ինքնաշարժներու եւ հետիոտններու համար, իսկ միւս երկուքը` երկաթուղիի» , հաղորդած էր «Ազատութիւն»-ը: Պայրամով, ահա, այս համաձայնութեան կ’ակնարկէր։
Ատրպէյճանի դիւանագիտութեան պետի յայտարարութիւնը այն տպաւորութիւնը ստեղծած էր, որ 19 Յուլիսին Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպումի ընթացքին Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Այաթոլլա Ալի Խամենէիի «Եթէ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի արգելափակման քաղաքականութիւն ըլլայ, Իսլամական հանրապետութիւնը ատոր դէմ պիտի ըլլայ, որովհետեւ այդ սահմանը կը նկատուի հաղորդակցութեան ուղի, որ հազարաւոր տարիներէ ի վեր եղած է» յստակ ու կտրուկ կեցուածքէն ետք, Ատրպէյճանական կողմը հրաժարած է այդ ծրագիրէն, սակայն ահա բարձրագոյն մակարդակով զայն կը վերյիշեցնէ եւ դարձեալ շրջանառութեան մէջ կը դնէ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամլոյ բաժանմունքի փոխտնօրէն Իւան Նեչայեւ 11 Օգոստոսին՝ պատասխանելով ռուսական «Նիուզ» կայքի հարցումին յայտնած էր, որ Մոսկուան, Երեւանը եւ Պաքու կ’աշխատին մինչեւ օգոստոսի վերջ բարձր մակարդակի եռակողմ հաղորդակցութիւններու ուղղութեամբ։ Ալիեւ ահա այդ հանդիպումին կ’ակնարկէր, երբ յայտնեց, թէ «յառաջիկայ շաբաթներուն» Հայաստանի իշխանութիւններէն «Զանգեզուրի միջանցք»-ի վերաբերեալ պատասխան կը սպասէ։ Հետաքրքրական է, որ Ատրպէյճանի բռնատէրին սպասած պատասխանը «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ճամբուն մասին է եւ ոչ թէ կարգավիճակին, որուն շուրջ կը թուի, թէ համաձայնութիւն մը արդէն գոյացած է։ Կը մնայ սպասել եւ տեսնել, թէ առնչակից կողմերը իրանեան դիրքորոշումը նկատի առա՞ծ են, թէ՞ ոչ, եւ հայկական դիւանագիտութիւնը ո՞րքանով օգտուած է Իսլամական հանրապետութեան հայկական կողմին նպաստաւոր «վեթօ»-էն։
Ալիեւի երկրորդ ուշագրաւ յայտարարութիւնը կը վերաբերէր Արցախի կարգավիճակին ու անոր բնակիչներուն իրաւունքներուն։ «Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերը ո՛չ կարգավիճակ, ո՛չ անկախութիւն, ո՛չ յատուկ արտօնութիւններ պիտի ունենան. անոնք նոյնն են, ինչ Ատրպէյճանի մնացեալ բոլոր քաղաքացիներունը։ Ատրպէյճանի քաղաքացիներու իրաւունքները ինչպէս պաշտպանուած են, այնպէս ալ պաշտպանուած պիտի ըլլան անոնց իրաւունքները։ Ինչպէս պաշտպանուած են Ատրպէյճանի մէջ ապրող ժողովուրդներու իրաւունքները, այնպէս ալ անոնք պիտի պաշտպանուած ըլլան։ Ասիկա միակ ուղին է», յայտարարած էր Ալիեւ։
Բռնատէրի մը կողմէ կատարուած հեգնական յայտարարութիւն մը։ Արար աշխարհը տեղեակ է Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու պարզած կացութենէն, եւ ահա Ալիեւ հայերուն կը խոստանայ այն նոյն «իրաւունքները» եւ նոյն «պաշտպանուածութիւնը» , որոնցմէ իրողապէս զուրկ են Ատրպէյճանի քաղաքացիները։
Աւելին, նկատի ունենալով Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութեան պետական քաղաքականութեան մակարդակ ունենալուն իրողութիւնը՝ Ալիեւ իսկութեան մէջ կը խոստանայ, որ Արցախի հայերուն վիճակը շատ աւելի վատ ու ահաւոր պիտի ըլլայ քան Ատրպէյճանի բռնաճնշուած մնացեալ քաղաքացիներուն եւ փոքրամասնութիւններուն վիճակը։ Հայերը թշուարականներուն մէջ թշուարագոյնը պիտի ըլլան։
Անոր այս յայտարարութիւնը մտավախութիւնները չի փարատեր եւ վստահութիւն չի ներշնչեր, ընդհակառակը կը հաստատէ եւ կ’ամրապնդէ զանոնք։ Ատիկա դրական խոստում մը չէ, այլ՝ բացայայտ սպառնութիւն։ Ալիեւեան այս «վեհանձնութիւն»-ը կու գայ անգամ մը եւս ընդգծելու Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելու անիրաւութեան ահաւորութիւնն ու անմարդկայնութիւնը, եւ անխտիր բոլորին վերյիշեցնելու Արցախի հայ բնակչութեան դիմագրաւած գոյութենական վտանգի լրջութիւնը։