ՎԵ­ՀԱ­ՆՈՅՇ ԹԵՔ­ԵԱՆ ԿԸ ՊԱՐ­ԳԵ­ՒԱՏՐ­ՈՒԻ ՄՈՎ­ՍԷՍ ԽՈ­ՐԵ­ՆԱ­ՑԻ ՄԵ­ՏԱ­ԼՈՎ

0 0
Read Time:2 Minute, 19 Second

 Սեպ­տեմ­բեր 20-ին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ան­կա­խու­թեան քսան­մէ­կե­րորդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ, նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ, բա­նաս­տեղծ Վե­հա­նոյշ Թեք­եան պար­գե­ւատր­ուե­ցաւ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի կող­մէ` Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի շքան­շա­նով:

Այս առ­թիւ, ան խօսք առաւ եւ յայտ­նեց թէ.-

Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան 21-րդ տա­րե­դար­ձին` ստա­նալ Մեծն Խո­րե­նացիի շքան­շա­նը` ան­հա­ւա­տա­լի իրո­ղու­թիւն է: Այս գնա­հա­տան­քին հա­մար երախ­տա­պարտ եմ Ձե­զի՛, Պա­րոն Նա­խա­գահ: Շնոր­հա­կա­լու­թեան ծաղ­կե­փո՛ւնջ` Սփիւռ­քի Նա­խա­րար Տի­կին Հրա­նոյշ Յա­կոբ­եա­նին, որ գի­տէ ար­ժե­ւո­րել Սփիւռ­քի նուիր­եալ­նե­րը: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն կ՛ու­զեմ յայտ­նել Աս­տու­ծոյ, որ ընտ­րեց նա­եւ զի՛ս ցե­ղիս ձայ­նը վեր­ծա­նե­լու: Ապա մօ՛րս, որ գործ­նա­կա­նու­թեան բո­լոր պատ­ուար­նե­րը ան­տե­սե­լով` ուղ­ղեց զիս հայ գրա­կա­նու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դիս ծա­ռա­յե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան: Սա­կայն ես այս շքան­շա­նը կ՛ու­զեմ բաժ­նեկ­ցիլ  նա­խա եւ յետեղեռն­եան բո­լոր գրող­նե­րուն հետ, որոնք մարտն­չե­ցան եւ ինչ­պէ՜ս սի­րե­ցին Հա­յաս­տա­նը, սա­կայն բաց աչ­քե­րով չկրցան տես­նել զայն: Մենք արիւ­նի եւ մե­լա­նի կա­խար­դան­քով կապ­ուած ենք իրա­րու: Հա­յաս­տանՍփիւռք կա­մա­րա­կապ պատ­կե­րին տակ` հայ գրող­նե­րը ժո­ղո­վուր­դի հոգի­ին ձայնն են: Այս քա­ո­սա­յին երկ­րա­գուն­դին մէջ` ճշմար­տու­թեան խօս­նակն են, խա­ւա­րի մէջ` լու­սա­մուտ հաս­տա­տող­նե­րը: Որով­հե­տեւ յի­շո­ղու­թիւնը միայն անձ­կու­թեան աղ­բիւր չէ, այլ նա­եւ հա­ւատ­քի՛ աղ­բիւր: Անհ­րա­ժեշտ է հայ լեզ­ուի հան­քե­րէն` մեր ոս­կե­հիւս ու ադա­մանդ­եայ բա­ռե­րը վերս­տին ներ­մու­ծել մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ: Ոչ թէ երա­զել, այլ` երկ­նել նոր Վա­հագ­նած­նո՛ւնդ մեր հո­ղին վրայ, եւ այս­պի­սով լոյ­սին հա­նել հայ հոգի­ին ան­մա­հու­թեան առեղծ­ուա­ծը: Հա­զար օրհ­նու­թի՜ւն մայր հայ­րե­նի­քի մէջ հայ գրա­կա­նու­թեան տրուած այս դափ­նեպ­սա­կին“:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles