
Աւանդական են Սուրբ Աստուածածնի Տօնի առթիւ, եկեղեցիներէն ներս կատարուած արարողութիւններն ու խաղողօրհնէքը։ Կիրակի, Օգոստոս 16-ին, յիշատակելի էին Մուսա Լերան Վաքըֆլը գիւղին եւ Քեսապի մէջ կատարուած արարողութիւնները:
Վաքըֆլըի մէջ, արարողութեան ժամանած էր Պոլսէն Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշն. Տ. Արամ Սրբազան։ Երկու հայ երեսփոխաններ՝ Սէլինա Տողան եւ Կարօ Փայլան եւս Վաքըֆլը ժամանած էին:
Արամ Սրբազանի հանդիսապետութեան ներքեւ Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ ու հաւատացեալ ժողովուրդը օրհնութիւններ ստացաւ։ Արարողութենէն ետք հրաւիրեալները համտեսեցին օրհնուած խաղողն ու հիւրասիրուեցան աւանդական Հարիսայով։
Ներկայ էր նաեւ Փոքրամասնութիւններու Ներկայացուցիչ Տոքթ. Թորոս Ալճան։
Քեսապի Էսկիւրէնի (Ներքի գիւղ) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանի: Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, տեղի ունեցաւ հաւաքական խոստովանանք եւ մատուցուեցաւ Ս. Հաղորդութիւն: Ապա եկեղեցւոյ կից գտնուող հնադարեան Սօսիին տակ տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքի եւ մատաղօրհնէքի արարողութիւն։