Հ․Յ․Դ․ հանրային կապերու գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 11-ին կայացած է Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի և Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեանի, Սպարտակ Սեյրանեանի և Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանի հանդիպումը։ Քննարկուած են Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, յառաջիկայ զարգացումներուն վերաբերող հարցեր։ Որոշուած է յառաջիկայ օրերուն շարունակել հանդիպումները։
Նշենք, թէ Հ․Հ․ նախագահ Արմէն Սարգսեան Հոկտեմբեր 10-ին ընդունած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութեան անդամ Սպարտակ Սէյրանեանը: Քննարկուած ԷԻն երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս ընդգծած էր վիճայարոյց բոլոր հարցերը երկխօսութեան միջոցով եւ Սահմանադրութեան ու օրէնքներու շրջագիծին մէջ լուծելու անհրաժեշտութիւնը:

