Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Այցելեց Լիբանան

0 0
Read Time:2 Minute, 0 Second

ՊԷՅՐՈՒԹ («Ազդակ»).- Մարտ 12-ին, Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր ան հանդիպումներ ունեցաւ:

Վարչապետ Կարապետեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեան, արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Պապիքեան, Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու փոխնախարար Հայկ Յարութիւնեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ եւ յատուկ յանձնառութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Լեւոն Սարգսեան, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր մուտքին վարչապետ Սաատ Հարիրի, պաշտօնական արարողութեամբ դիմաւորեց հայաստանցի իր պաշտօնակիցը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ ձեռնուելէ ետք, դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Կարէն Կարապետեանի հետ: Հարիրի հայերէնով «Բարի եկաք» ըսաւ վարչապետին:

Կարէն Կարապետեան հաստատեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները քաղաքականէն բաւական հեռու են` աւելցնելով, որ Հայաստան հսկայ ներուժ ունի այդ յարաբերութիւններուն ամրապնդման առումով:

«Մենք կը փափաքինք, որ լիբանանցի գործարարներ Հայաստան այցելեն, եւ այս առումով ներկայացուցած են Հայաստանի կարողութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անիկա Եւրասիոյ անդամ է եւ աշխատանքի հսկայ կարելիութիւններ կրնայ տրամադրել», ըսաւ ան:

Կարապետեան անդրադարձաւ լիբանանահայութեան դերակատարութեան, իւրաքանչիւր լիբանանահայ նկատելով Հայաստանի դեսպանը Լիբանանի մէջ, հաստատելով, որ լիբանանահայերը Լիբանանը եւ Հայաստանը սիրող եւ անոնց հաւատարիմ քաղաքացիներ են: «Անոնք կրնան երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւնները ամրապնդել: Այս առիթով, վարչապետ Հարիրիի փոխանցեցի Հայաստան այցելութեան հրաւէր մը», ըսաւ ան` շեշտելով Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան յանձնախումբի աշխատանքները վերաշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Կարէն Կարապետեան հաստատեց, որ ինք համոզուած է, թէ Լիբանանի մէջ իր ունենալիք երկօրեայ հանդիպումները բաւական արդիւնաւէտ կ՛ըլլան երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով:

 

 

 

Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն իր կարգին ընդունեց վարչապետ Կարապետեանը, որուն ներկայութեան ան ողջունեց Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ ներդրումներուն զօրակցող Լիբանանեան-հայկական միացեալ ֆոնտ մը հիմնելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ արեւու ճառագայթներով վերանորոգուած ներուժ ստանալու ծրագիրները:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք շատ ուրախ է երկկողմանի յարաբերութիւններ աշխուժացման եւ գործնականացման համար, ինչպէս անցեալ ամիս Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին կնքուած համաձայնութեամբ:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան պատրաստ է քննարկելու այն բոլոր հարցերը, որոնք կ՛օժանդակեն երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն շահերուն: «Տարբեր մարզերու մէջ աշխատող գործարարներն ու սենտիքաներու նախագահները, յատկապէս դրամատնային մարզին մէջ, կ՛ամրապնդեն փոխադարձ գործակցութիւնը եւ զայն կը բարձրացնեն այն մակարդակին, որուն կը ձգտին Լիբանանի եւ Հայաստանի պատասխանատուները», հաստատեց նախագահ Աուն:

 

Իր կարգին, վարչապետ Կարապետեան հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աունի փոխանցեց նախագահ Սարգսեանի ողջոյնները եւ անդրադարձաւ վարչապետ Հարիրիի հետ հանդիպումին ընթացքին գոյացած համաձայնութիւններուն, որոնք կը վերաբերին գրեթէ բոլոր մարզերուն, յատկապէս դրամատնային եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles